
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ .- Նախագահ Սարգսեանի «Հայրենիք» այցելութեան առթիւ, տեղի ունեցաւ դռնփակ նիստ, ուր նախագահին կողքին, պատուիրակութեան անդամներ՝ Կրթութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանէ, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, Նիւ Եորքի Մ.Ա.Կ.-ի մօտ ներկայացուցիչ՝ Զոհրապ Մնացականեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հ.Հ. հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով, եւ Վիգէն Սարգսեան տեսակցեցան
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէին հետ, որ կը բաղկանար ներկայացուցիչ Հայկ Օշականէ, Ժան Աւետիսեանէ, Խաժակ Մկրտիչեանէ, Յովսէփ Աւագեանէ, Լեւոն Աթթարեանէ եւ գործավար Մարալ Չօլոյեանէ:
Քննուեցան եւ արծարծուեցան զանազան հարցեր, որոնց կարգին Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակը, Արցախի հիմնահարցը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւներու թուայնացման գծով, գործակցութեան կարելիութիւնները:
Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ, նշեց Սփիւռքահայութեան առաջնահերթ դերը, ի սպաս հայրենիքին: Աւարտին,Հայկ Օշական՝ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անունով, շնորհակալութիւն յայտնեց: