Հայ Օգնութեան Միութեան Մարդասիրական Ծրագիրները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ

0 0
Read Time:4 Minute, 10 Second

Այսօր, ազգովին կը նշենք Ատրպէյճանի վարչակարգին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ մեծ մաշտաբով պատերազմական գործողութիւններու առաջին տարելիցը: Ինչպէս միշտ, այսօր ե՛ւս, յանուն Հայրենիքի պաշտպանութեան մարտնչած մեր բոլո՛ր հայ զինուորներուն ու անոնց ընտանիքներուն կողքին ենք: Ինչպէս նաեւ կողքին ենք բոլոր անոնց, որոնք Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով կորսնցուցին իրենց սիրելի զաւակը, հայրը, ամուսինը, զոհաբերեցին իրենց առողջութիւնը, լքեցին իրենց պապենական տունն ու հողը եւ տակաւին կը դիմագրաւեն պատերազմի հետեւանքով իրենց առաջ դրուած բազմազան խոչընդոտներ: Ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս կը շարունակենք թիկունք կանգնիլ կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն: Աւելի ե՛ւս, կը շարունակենք սատարել մեր սահմանները պաշտպանող Հայ զինուորին:

Անցնող մէկ տարուան ընթացքին ազգովին ապրեցանք մեծ վիշտ, ցաւ ու կորուստներ, որոնք այսօր եւս զգալի են, երբ համայն հայութեան գոյութեան սպառնացող դարաւոր թշնամիին հետ, նոր համաձայնագրեր ստորագրելու փորձերը կը շարունակուին:

Կառչած մնալով Հայ Օգնութեան Միութեան առաքելութեան եւ յատկապէս անոր գործունէութեանց «Յատուկ յատկացումներ կատարել՝ սնունդ, դեղորայք եւ հագուստեղէն հայթայթելու պատերազմներու, համաճարակներու եւ  բնական աղէտներու ժամանակ եւ օգնել հաշմանդամներու, հիւանդներու, կարօտեալներու, ռազմագերիներու եւ տեղահանուածներու» կէտին, Սեպտեմբեր 27, 2020-ին սկիզբ առած Արցախի պատերազմին առաջին իսկ օրէն, Հ.Օ.Մ.-ը  իր ամբողջ ներուժը օգտագործեց, որպէսզի անմիջական օժանդակութեան աշխատանքները ի գործ դնելով ձեռք երկարէ վիրաւոր Արցախին ու մեր հայրենակիցներուն։

Հ.Օ.Մ.-ի ներկայութիւնը Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ անոր իրագործած ծրագիրները զանազան ոլորտներու մէջ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին կու գան փաստելու Հ.Օ.Մ.-ի հաւատքն ու սէրը հայրենիքի բարօրութեան նկատմամբ։ Այսօր, կը գտնուինք տխուր իրականութեան դէմ հանդիպման, սակայն հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, Հայ Օգնութեան Միութեան աշխատանքը յամառօրէն շարունակուեցաւ Արցախի մէջ։ Ընդհակառակը, 44 օրեայ պատերազմին ամբողջ տեւողութեանը, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող ամիսներուն, շարունակեց թիկունք կանգնիլ հայ զինուորին, ազատամարտիկին, երեխային, ընտանիքին եւ բոլոր կարօտեալներուն, որոնք ակնթարթի մը մէջ տեղահան եղան եւ կարօտ մնացին իրենց հայրենեաց տան։

Կեդրոնական Վարչութեան, Հայաստանի եւ Արցախի Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութիւններու եւ մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ Հ.Օ.Մ.-ի միաւորներուն ու համակիրներուն ճիգերով, կարելի եղաւ օժանդակութիւն տրամադրել հազարաւոր կարօտեալներու։ Վերջին ժամանակաշրջանին իրագործուած ծրագիրներուն կողքին, այսօր, Կեդրոնական Վարչութիւնը կը մշակէ նոր ծրագիր՝ օժանդակելու համար հայ գերիներու եւ անյայտ կորած զինուորներու ընտանիքներուն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Սեպտեմբեր 27, 2020-էն սկսեալ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Հ.Օ.Մ.-ի կողմէ իրագործուած մարդասիրական աշխատանքներուն պատկերը։

  • Հ.Օ.Մ.-ի Գանատայի, ԱՄՆ Արեւմտեան եւ Արեւելեան ափերու, Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Յունաստանի հայ համայնքներուն եւ Հ.Օ.Մ.-ի միաւորներուն գործակցութեամբ, ընդհանուր 3,297,500 ամերիկեան տոլարի արժողութեամբ բեռներ ղրկուեցան դէպի Հայաստան եւ Արցախ, որոնք բաժնուեցան Հայաստանի զանազան մարզերու մէջ եւ Արցախի քաղաքներուն մէջ ապաստան գտած մեր հայրենակիցներուն։ Բեռները կը պարունակէին դեղորայք, վերարկուներ, հագուստներ, կօշիկներ, անկողնային պարագաներ, բժշկական իրեր, քնապարկեր, ուսապարկեր, մանկական կեր, կաթ, սայլակներ, քայլակներ, սննդեղէն, եւ այլ։
  • Հ.Օ.Մ.-ի տարեկան «Ամանոր» ծրագիրը ընդլայնելով, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշում առաւ Յատուկ Ամանոր ծրագիրը առաջացնել, ըստ որուն 4,034 երեխաներ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ստացան ամանորի առթիւ նուէրներ, գրենական պիտոյքներ, դաստիարակչական խաղեր, բաճկոններ։
  • Ի մտի ունենալով Արցախահայ ընտանիքներուն զանազան պէտքերը, Հ.Օ.Մ.-ը յաջողութեամբ իրականացուց «Թիկունք Կանգնինք Արցախահայ Ընտանիքին» բարեսիրական ծրագիրը, ըստ որուն, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ընդհանուր հազար ընտանիքի տրամադրուեցաւ 1000 ամերիկեան տոլար՝ չորս ամսուան ընթացքին (250/ամիս)։ Ընդհանուր մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացուեցաւ այս ծրագրին իրագործման նպատակով։
  • Պատերազմի սկզբնական շրջանին, երբ Հ.Օ.Մ.-ի Սօսէ մանկապարտէզներու պաշտօնէութիւնը իրենց քաղաքներէն հեռացած ու ապաստան գտած էին Հայաստանի զանազան շրջաններէ ներս, Հ.Օ.Մ.-ին կողմէ իւրաքանչիւր պաշտօնեայի յատկացուեցաւ նիւթական օժանդակութիւն, որպէսզի նոյնիսկ մասամբ կարելի ըլլայ հոգալ անոնց առօրեայ ծախսերը։ Ընդհանուր 24,596 տոլար տրամադրուեցաւ պաշտօնէութեան օժանդակելու նպատակով։
  • Հ.Օ.Մ.-ը կ՛աշխատի նաեւ Երեւանի «Հերացի» Թիւ 1 Հիւանդանոցի Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոնին օժանդակութիւն տրամադրելու գծով, որպէսզի յատուկ մասնագիտական ժամանակակից սարքեր տրամադրուին վիրաւոր զինուորներուն անհրաժեշտ բուժման համար։ Ցարդ, Հ.Օ.Մ.-ի միաւորներու յատուկ աշխատանքով Հ.Օ.Մ.-ի նիւթական աջակցութեամբ Կեդրոնը օժտուած է «anesthesia machine, orthopedic surgical table, arthrex arthroscopy tower» եւ արհեստական շնչառութեան սարքերով։ Ընդհանուր 184,000 տոլար յատկացուած է Վերականգնողական Կեդրոնին։
  • Պատերազմի սկզբնական օրերուն Հ.Օ.Մ.-ի կողմէ անմիջական նիւթական յատկացումներ կատարուեցան 33 զոհուած եւ 41 վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն։ Ընդհանուր  52,400 տոլար։
  • Ընդհանուր 5,123 տոլար յատկացուեցաւ Զուարթնոց շրջանին մէջ 165 ապաստանեալներու սնունդի ծախսերը մէկ ամիսով հոգալու համար։
  • «Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ» անուան տակ, Հ.Օ.Մ.-ը կը շարունակէ որբերու խնամակալութեան ծրագիրը։ Արցախի վերջին պատերազմին առաջին իսկ օրէն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը անմիջապէս աշխատանքի անցնելով պատրաստեց անչափահաս երեխաներ ունեցող զոհուած զինուորներու նոր ցուցակներ, որպէսզի հովանաւորներու աջակցութեամբ կարելի ըլլայ ծրագրի նոր փուլի գործադրումը։ Այսօրուան տուեալներով, Հայաստանէն եւ Արցախէն, աւելի քան 1600 անչափահաս երեխաներ արձանագրուած են Հ.Օ.Մ.-ի մօտ։ Տարեկան 330 տոլար նուիրատուութեամբ կարելի է մէկ երեխայ հովանաւորել մինչեւ ան լրացնէ 18 տարիքը։
  • Հայ Օգնութեան Միութիւնը չէր կրնար անտարբեր մնալ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ անմիջապէս ետք անյայտ կորածներու հարցով։ Արցախեան պատերազմին հետեւանքով անյայտ կորածներու ընտանիքներուն օժանդակելու նպատակով, Հ.Օ.Մ.-ը Հոգատարութեան Արկղներու (care packages) ծրագիրը կը նախաձեռնէ։ Իւրաքանչիւր անյայտ կորածի ընտանիքին պիտի յատկացուի արկղ՝ հոգալու համար անոնց ամենօրեայ պէտքերը։

Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հ.Օ.Մ.-ի համակիրներուն, նուիրատուներուն եւ միաւորներուն, որոնց նիւթական աջակցութեամբ կ՛իրագործուին անմիջական օժանդակութեան ծրագիրները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ։

«Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար» կարգախօսով Հ.Օ.Մ.-ի աշխատանքները կը շարունակուին նոյն թափով։ Մարդասիրական ծրագիրներուն մասնակից դառնալու համար կրնաք ձեր նուիրատուութիւնը փոխանցել Հ.Օ.Մ.-ի Արցախի Օժանդակութեան Ֆոնտին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles