
ՊՈԼԻՍ (“Մարմարա“, “Զաման“).- Թուրք ոստիկանութիւնը անգամ մը եւս ձերբակալեց Հայ Դատի բարեկամ Ռակըպ Զարաքոլուն, Շաբաթ Հոկտեմբեր 29ին: Պոլսոյ դատախազին հրահանգով, բազմաթիւ այլ մտաւորականներ ալ ձերբակալուեցան: Դեռ վերջերս անոր զաւակը` “Պիլկի“ համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժնի դասախօս Տենիզ Զարաքոլուն, իր կարգին ձերբակալուած էր Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան (PKK) քաղաքային թեւը հանդիսացող “Քիւրտիստանի Համայնքներու Միութեան“ (KCK) դէմ իրականացուած գործողութեան ամբաստանութեամբ:
Տենիզ Զարաքոլու ձերբակալուած էր “Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն“ կուսակցութեան քաղաքական ակադեմիոյ մէջ քաղաքագիտութեան թեման դասաւանդած ըլլալուն համար:
Ռակըպ Զարաքոլու շարունակ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ քրտական հարցերով Թուրքիոյ պետական դիրքորոշումներուն ընդդիմացող եւ անոնց մասին զանազան հրատարակութիւններ կատարած է:

Անոր համար, Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքները զգալիօրէն կապուած են Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին հետ: Ան միշտ ալ հաւաստիացուցած է, թէ ապագային յանցագործութիւններ կանխելու համար, անհրաժեշտ է խոստովանիլ անցեալին գործած սխալները, ըսաւ Զարաքոլու: Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան համար հատուցման հարցին` Զարաքոլու շարունակ շեշտած է, որ եթէ մարդու մը իրաւունքները խախտուած են, ապա ան իրաւունք ունի հատուցում պահանջելու: Ըստ իրեն, նոյնիսկ եթէ Հայաստանն ու Թուրքիան որեւէ եզրակացութեան մը յանգին, չեն կրնար Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն արգիլել իրենց իրաւունքները պահանջելը: Այսպէս, ան Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի մերժողականութեան դէմ պայքարող մտաւորականներէն է Թուրքիոյ մէջ: Ան իր գործունէութեան եւ հրատարակած գիրքերուն համար հետապնդուած է թրքական իշխանութիւններու կողմէ` 301-րդ յօդուածի հիմամբ: Զարաքոլու իր “Պիլկէ“ հրատարակչատան գիրքերուն համար դատապարտուած է երկար ժամանակաշրջանի համար: Նշենք թէ ամիսներ առաջ, ան համացանցի վրայ դրուած յօդուածի մը մէջ հարց տուած էր, թէ Մեսրոպ Սրբազան երկրորդ Կոմիտասի պարագա՞յ մըն է արդեօք: Յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելով, ան կը յայտնէր թէ Հայ ժողովուրդը Մեսրոպ Պատրիարքի օրինակով ապրեցաւ Կոմիտասի երկրորդ պատահար մը: Երկուքն ալ զոհ գացին վախի ու սարսափի զգացումներու:
Անոնք իրենց ժողովուրդին դիմաց ցցուած սպառնալիքներուն գինը վճարեցին իրենց հոգիով: Երկուքին ալ պատճառը իթթիհատական հին ու նոր մտածելակերպն է: Հակառակ պետութեան կողմէ ստեղծուած խոչընդոտներուն` Մեսրոպ Սրբազանին պատրիարք ընտրուիլը կերպով մը կը նշանակէր համայնքին աւելի արժանապատիւ կեցուածք մը ցուցաբերել սկսիլն ու համայնքէն ներս միութեան իրականացումը: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ, մուտք գործելով, ան կը պնդէր, որ քրիստոնէութիւնը այլեւս Թուրքիոյ ապահովութեան սպառնացող ազդակներէն մէկը կը նկատուէր: Մասնաւորաբար 2003 թուականէն ետք Էրկենեքոնի թիրախներուն կարգին էին քրիստոնեայ կղերականները: Իսկ Մեսրոպ Սրբազանին ներկայացուցած պատրիարքական աթոռն ալ մնաց սպառնալիքներու ու նախատինքներու անհաւատալի ճնշումի մը տակ:
Պետութիւնը Մեսրոպ Սրբազանին ստիպեց, որպէսզի դիրք գրաւէ սփիւռքահայութեան դէմ, իրեն ըսուեցաւ, որ եթէ այդպէս ընէ, ատիկա լաւ կ՛ըլլայ իր համայնքին համար: Տարբեր տեսակի ճնշումներ ալ կային, անոր կը ստիպէին, որ մասնակցէր ուրացումի քաղաքականութեան վրայ հիմնուած համագումարներու:
Թուրքիոյ մէջ Յուլիս 24ը կը յիշատակուի իբրեւ գրաքննութեան ջնջումի օր:
Մարդկային իրաւունքներու միութեան փոխնախագահ`Զարաքոլու այս առթիւ, օրին հրատարակած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հարց տուած էր, թէ երկրի մամլոյ թանգարանին մէջ ե՞րբ տեղ պիտի տրուի նաեւ այն հայ լրագրողներուն, տպարանատէրերուն, նահատակուած հայ գրագէտներուն, որոնք Օսմանեան շրջանի մամլոյ կեանքին սիւները կը կազմէին:
Ան նամակ մը յղած էր Թուրքիոյ լրագրողներու միութեան վարչութեան, դիտել տալով, որ Յուլիս 24ը ներկայիս Թուրքիոյ մէջ կը տօնուի միայն իբրեւ մամլոյ գրաքննութեան ջնջումի օր, մինչդեռ այս թուականը նախապէս կը տօնուէր իբրեւ Ազատութեան տօն, ինչպէս` ֆրանսացիներու Յուլիս 14ը:
Զարաքոլու իր հաղորդագրութեան մէջ, յստակօրէն յիշած էր Թէոդիկի 1915ի յիշատակարանը, որուն մէջ տեղեկութիւններ կան 1915ին նահատակուած հայ գրագէտներու եւ մտաւորականներու կենսագրութիւններուն մասին, նաեւ յիշած էր Թէոդիկի տարեցոյցները, որոնց մէջ այդ շրջանի բոլոր հայկական թերթերուն պատկերներն ու խորհրդանշանները հրատարակուած են:
Զարաքոլու յայտնած էր, որ Թուրքիոյ մամլոյ նահատակներու ցանկին մէջ իրենց տեղը պէտք է ունենան նաեւ հայեր, ինչպէս` Գրիգոր Զօհրապ, Տիրան Քէլէկեան, Գէորգ Ֆերիտ, Մարտիրոս Գունտաքճեան, Գարեգին Կոզիկեան, Գրիգոր Թորոսեան, Ռուբէն Զարդարեան, Դանիէլ Վարուժան, Երուխան եւ տակաւին ուրիշներ. պէտք է յիշուին նաեւ հայկական այն թերթերը, որոնք լոյս կը տեսնէին նախքան 1915 թուականը:
Անցեալ Փետրուարին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Զարաքոլու յայտնած էր, թէ 1915ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ պատահածը ամբողջութեամբ կը համընկնի “ցեղասպանութիւն“ եզրի սահմանումին:
Նշենք, որ նոյն օրը, Ռակըպ Զարաքոլու Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աջակցելուն համար պարգեւատրուած էր առաջին հայ տպագրիչ Յակոբ Մեղապարտի անուան շքանշանով: Այդ պարգեւատրումը իրեն համար մեծ պատիւ է եւ խթան` Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ պայքարին ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակելու համար: