Ուրբաթ Հոկտեմբեր 16, 2009ին, Ա.Մ. Նահանգներու, Րոտ Այլընտ նահանգի, Փրովիտենս քաղաքի Հայ Աւետարանական Եփրատ եկեղեցւոյ մէջ գումարուեցաւ Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի գործադիր յանձնախումբի տարեկան ժողովը:
Խորհուրդը կազմող 7 կազմակերպութիւններէն ներկայ էին հետեւեալ անդամները. վեր. Յարութիւն Սելիմեան՝ Նախագահ, վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան՝ գործադիր տնօրէն, վեր. Աւետիս Պոյնէրեան՝ փոխ նախագահ, վեր. Յովէլ Միքայէլէան՝ ատենադպիր, տիկ. Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայն, տիար Էնտի Թորիկեան, դոկտ. Հրայր Ահարոնեան« վեր. Յովսէփ Մաթոսեան, վեր. Ռընէ Լեւոնեան, վեր. Ժիլպեր Լեւոնեան: Կամքէ անկախ պատճառներով կը բացակաէյին վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, վեր. Սամուէլ Կիրակոսեան եւ տիար Ալպերթ Մոմճեան:
Ընդունելէ ետք օրակարգի հարցերը եւ վաւերացնելէ ետք նախորդ ժողովի ատենագրութիւնը, գործադիր յանձնախումբը նախ զբաղեցաւ նախորդ օրակարգէն մնացած հետեւեալ երեք նիւթերով.
1. Միջ-միութենական համաձայնութիւն Հայ Աւետ. հովիւներու տեղափոխութեան հարցին մասին: Համաձայնագիրը կը վերաբերէր մասնաւորապէս Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի միութեան հովիւներու տեղափոխութեանց մասին: Իր ենթայանձնախումբին կողմէ պատրաստուած համաձայնագիր մը յղած էր գործադիր յանձնախումբին ատենապետ վեր. Ռան Թովմասեան: Յետ սերտողութեան, որոշուեցաւ շնորհակալութեամբ ընդունիլ սոյն համաձայնագիրը եւ յանձնարարել, որ ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի, այլ խորհուրդի անդամ միւս միութիւններն ալ սերտեն եւ վաւերացնեն զայն:
2. Հայ Աւետարանական եկեղեցին եւ աւետարանչական գործը Պելճիքայի մէջ: Ամերիկայի հայ աւետարանչականի, ֆրանսահայ Աւետ. միութեան եւ Եւրոպայի հայ աւետ. ընկերակցութեան տեղեկագիրները ստանալէ ետք, գործադիր յանձնախումբը որոշեց իր գնահատանքը հաղորդել Պրիւքսէլի մէջ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համար եկեղեցւոյ շէնք մը գնելու Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ազնուական ժեստին համար:
Նկատի ունենալով որ սոյն շէնքը կը կարօտի աւելի քան 300,000 Եուրոյի նորոգութիւններու եւ բարեզարդման ծախսի, որոշուեցաւ կոչ ընել աշխարհասփիւռ Հայ Աւետ. եկեղեցիներուն, որպէսզի օժանդակութեան ձեռք երկարեն իրենց քոյր եկեղեցիին:
3. Պաղտատի Հայ Աւետ. եկեղեցին դիմած էր Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան անդամակցելու: Ժողովը վերահասու եղաւ որ միութիւնը ընդունած է եկեղեցին որպէս օժանդակ անդամ եւ յառաջիկային կը ծրագրէ ընդունիլ անոր լիակատար անդամակցութիւնը: Որոշուեցաւ ողջունել Պաղտատի Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ օժանդակ անդամակցութեան լուրը եւ աղօթել որ անոր լման անդամակցութիւնը կարելի դառնայ ժամանակի ընթացքին :
Որոշուեցաւ նաեւ յանձնարարել Հայ Աւետ. եկեղեցիներուն որպէսզի թէ° բարոյապէս եւ թէ° նիւթապէս նեցուկ ըլլան անոր:
Գործադիր յանձնախումբը մասնաւորապէս խորհրդակցութեան նիւթ դարձուց նոր օրակարգի հետեւեալ նիւթերը եւ արձանագրեց հետեւեալ որոշումները.
1. Շնորհակալութեամբ ընդունիլ ՀԱՀԽի նախագահ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի զեկոյցը իր գործունէութեանց մասին, ինչպէս նաեւ գործադիր տնօրէն վեր. Վահան Թութիկեանի եւ գանձապահ տիար Ալպերթ Մոմճեանի գրաւոր տեղեկագիրները:
2. Շնորհակալութիւն յայտնել գործադիր տնօրէն վեր. Թութիկեանին ՀԱՀԽի արխիւներուն համար պատրաստած կարեւոր վաւերագիրներու եւ թղթակցութեանց իր հաւաքածոյին համար, որոնք ամփոփուած են 8 կազմուած հատորներու մէջ: Ի բաց առեալ 1992-1998 տարիները, սոյն հատորները կը պարփակեն խորհուրդի 30 տարիներու իրադարձութիւններն ու պատմութիւնը: Խնդրել նաեւ աւետարանչականի գրասենեակէն, որ ի սպաս դնէ 1992-1998 տարիներու թղթածրարները որպէսզի ՀԱՀԽի արխիւներու ամբողջական հաւաքածոն կազմուի:
3. Նկատի ունենալով գրասենեակի վերաբերեալ տարուէ տարի աճող ընթացիկ ծախսերը որոշեց երկու հազար տոլարի յաւելեալ յատկացում մը ընել այդ ուղղութեամբ« Յունուար 1, 2010 թուականէն սկսեալ:
4. Հայաստանի մէջ վերջին երկու տասնամեակներուն իր կատարած գործունէութեանց մասին հակիրճ վերագնահատում ընելէ ետք, ժողովը շեշտեց կարեւորութիւնը եկեղեցական միութիւններու եւ աւետարանչականի փոխ-յարաբերութեան եւ համագործակցութեան: Գոհունակութեամբ արձանագրուեցաւ տեղական եկեղեցիներու հետզհետէ ինքնավար աշխատելակերպը: Ժողովը որոշեց յատկապէս իր գոհունակութիւնը յայտնել վեր. Սամուէլ Կիրակոսեանի՝ Հայց. աւետ. եկեղեցւոյ նախագահ ընտրուելուն բարեբաստիկ առիթով: Ժողովը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստանի ՀԱՀԽի ներկայացուցիչ վեր. Րընէ Լեւոնեանին հայրենիքի մէջ վերջին 15 տարիներուն իր մատուցած ծառայութեանց եւ իր ցուցաբերած առաջնորդութեան համար:
5. Գործադիր յանձնախումբը խորհրդակցութեան նիւթ դարձուց Հայաստանի հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ Ազգային ժողովի առաջադրած կրօնական ազատութեան վերաբերեալ փոփոխութիւնները, եւ անոնցմէ բխող աննպաստ հետեւանքները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական միութեան վերապահութիւնները սահմանադրական փոփոխութիւններու նկատմամբ: Յետ խորհրդակցութեան, ժողովը յայտնեց, թէ լիայոյս է որ Հայաստանի Ազգային ժողովը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ սահմանադրութեան մէջ խնդրոյ առարկայ փոփոխութիւնները. Նաեւ որոշեց որ այն պարագային երբ Ազգային ժողովը նախաձեռնէ նոր եւ նպաստաւոր օրինական փոփոխութիւններ որդեգրել կրօնական ազատութեան վերաբերեալ, Հայց. Աւետ. եկեղեցին պատրաստակամ է խորհրդակցութեան մասնակցելու:
6. ՀԱՀԽի եւ Մայր աթոռ Էջմիածինի փոխ-յարաբերութիւնը խոհրդակցութեան նիւթ դարձաւ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի Մայիս 2009ի երկխօսութենէն ետք: Որոշուեցաւ Նոյեմբեր 30, 2009ին Հայ Աւետ. պատուիրակութիւն մը ղրկել Էջմիածին բաղկացած վեր. Յարութիւն Սելիմեանէ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանէ եւ տիար Էնտի Թորիկեանէ« Մայր աթոռ Էջմիածինի եւ Հայց. Աւետ. եկեղեցիի հոգեւոր կապերը աւելի եւս ամրապնդելու եւ հասարակաց գործակցութեան մարզեր որոնելու առաջադրութեամբ:
7. Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով Հոկտեմբեր 10, 2009ին ստորագրած արձանագրութիւններու (Protocol) մասին տեղի ունեցան երկար խորհրդածութիւններ: Նկատի ունենալով իրենց բարեսիրական կազմակերպութիւններ ըլլալու հանգամանքը, Աւետարանչականի եւ Փիլիպոսեան Հաստատութեան ներկայացուցիչները չմասնակցեցան խորհրդակցութեանց: Արդ ՀԱՀԽի անդամ հինգ եկեղեցական միութիւնները յետ խորհրդակցութեանց որոշեցին որ, թէեւ կÿողջունեն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուհաստատումը եւ երկու երկիրներու սահմաններու բացումը, սակայն ունին լուրջ մտահոգութիւններ թրքական նախապայմաններու նկատմամբ, յատկապէս Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումի եւ Ցեղասպանութեան հարցին վերաքննութեան առնչութեամբ, որոնք չեն սատարեր Հայ Դատի հետապնդումի աշխատանքներուն:
8. Նկատի ունենալով ժամանակի սահմանափակումը, որոշուեցաւ որ ՀԱՀԽի հինգ եկեղեցական միութիւնները եւ երկու կազմակերպութինները իրենց տարեկան տեղեկագրութիւնները ներկայացնեն Աւետարանչականի տարեկան համաժողովին՝ Հոկտեմբեր 17, 2010-ին:
9. Որոշուեցաւ Գործադիր յանձնախումբի ժողովները հիւրընկալող Փրովիտենսի Հայ աւետ. Եփրատ եկեղեցւոյ շնորհակալութիւն յայտնել:
10. Որոշուեցաւ ՀԱՀԽի երկամեայ ժողովը գումարել Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան կեդրոնատեղին, ( 31 W. Century Rd. Paramus, NJ) Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2010 թուականին:
Վեր. Դոկտ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Գործադիր Տնօրէն Հայ Աւետարանական
Համաշխարհային Խորհուրդի