
Նինպոյի (Չինաստան) մէջ աւարտեցաւ ճատրակի աշխարհի ութերորդ խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի տասը զօրաւոր երկիրներու հաւաքականները: Անոնց կարգին էր նաեւ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ կատարեց մեծ իրագործում մը, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսանալով ախոյեան` նախապէս երկու առիթով պրոնզէ մետալակիր դառնալէ ետք: Աշխարհի զօրաւորագոյն երկիրներու ներկայութեան, հայրենի վարպետներուն կատարած այս իրագործումը հպարտանքի մեծ առիթ մըն է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այսպիսով Հայաստան փաստեց, որ թէեւ բնակչութեամբ փոքր երկիր մըն է, սակայն կրնայ անկարելին կարելի դարձնել եւ հանդիսանալ աշխարհի ախոյեան:
Տասը հաւաքականներուն մէջ հայրենի կազմը, հինգ յաղթանակով եւ չորս հաւասարութիւնով, միակն ըլլալով մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեան` արձանագրելով հինգ յաղթանակ եւ չորս հաւասարութիւն: Նշենք թէ վերջին մրցումին, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը միայն հաւասարութեան մը կարիք ունէր: Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ հայրենի կազմը 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ բաժնուելէ ետք իր մրցակից Ուքրայինայէն, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան իրենց հաւասարութիւնները յաջորդաբար արձանագրեցին Վասիլի Իւանչուքի, Փաւել Էլժանովի, Զահար Էֆիմենքոյի եւ Ալեքսանտր Մոյսինքոյի դէմ: Նախապէս երեք առիթով (1997, 2001 եւ 2005) Հայաստան տիրացած էր պրոնզ մետալին: Մրցաշարքը 14 կէտով աւարտելէ եւ տիտղոսին տիրանալէ բացի, Հայաստան հանդիսացաւ միակ կազմը, որ նոյնիսկ պարտութիւն չկրեց:
Այսպիսով, Հայաստան հանդիսացաւ հինգերորդ երկիրը, որ կը հանդիսանայ աշխարհի ախոյեան` նախկին Խորհրդային Միութենէն (2 անգամ), Միացեալ Նահանգներէն (1 անգամ), Ռուսիայէն (3 անգամ) եւ Ուքրայինայէն (1 անգամ) ետք: