ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԼԻԶՊՈՆ ՀԻՆԳ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ

ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ, ամէն տարի կը յիշուի Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակը, գաղութներու եւ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած տարբեր բնոյթի նախաձեռնութիւններով:
Նախատեսուած են հոգեհանգստեան արարողութիւններ եւ յիշատակի ոգեկոչման ելոյթներ:
Վաղը՝ Յուլիս 26-ին Հայաստանի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւնը, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին յարող այգիին մէջ պիտի կազմակերպէ յուշ-երեկոյ եւ հանրային զրոյց՝ նուիրուած Լիզպոնի հինգ մարտիկներու յիշատակին:
Այս հերոսական արարքը հանրութեան յիշեցնելու առումով, Յուլիս 27ին նախատեսուած են յուշ-երեկոյ, ժապաւէնի ցուցադրութիւն, լուսանկարներու ցուցահանդէս եւ որոշ այլ միջոցառումներ:
“Հայ Յեղափոխական Բանակ“-ի հինգ երիտասարդները ՝ Սեդրակը, Վաչէն, Սարգիսը, Սիմոնն ու Արան գիտակցելով, որ միմիայն դիւանագիտական ուղիներով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը առաջ մղելու ջանքերը ապարդիւն կ՚անցնէին, Հայ Դատի մասին համաշխարհային հանրութեան յիշեցուցին հարցը, իրենց անձնազոհական արարքով 1983ի Յուլիս 27-ին, Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ գտնուող թրքական դեսպանատունը պաշարելով եւ պայթեցնելով:
Մարտունակ հերոսները, յանուն Հայ դատի պահանջատիրութեան, ուժանակով պայթեցուցին թրքական պետութիւնը խորհրդանշող շէնքը` հերոսական գաղափարապաշտութեամբ Հայ Դատի պայքարին նուիրաբերելով իրենց գերագոյնը, դեռատի կեա՛նքը:
Այս քայլը փլեց լռութեան պատնէշը եւ աշխարհը սկսաւ խօսիլ հայկական հարցի մասին:
Յուլիս 25-ի Խանասորեան արշաւանքին վրայ աւելցած էր այս պատմական թուականը:

