Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Տարեդարձին Առթիւ
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Ընթացիկ տարուան, 2025 Մայիս 28-ին, Հայաստան կը նշէ իր անկախութեան 107-րդ տարեդարձը: Արդարեւ, Մայր Հայրենիքի Բագրատունեաց Թագաւորութենէն շուրջ 9 դարեր ետք եւ Կիլիկիոյ Ռուբինեանց Հարստութենէն շուրջ 5 1/2 դարեր ետք, անդաստական հայութեան համար Հայաստանի անկախութիւնը բացառիկ հանգրուան մը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Յատկապէս, հայոց ցեղասպանութեան «գողգոթայ»էն երեք տարիներ ետք՝ Հայաստանի անկախութիւնը հրաշքի համազօր իրականութիւն մըն էր:
Համաշխարհային Ա. Պատերազմին երբ Օսմանեան կայսրութիւնը հետզհետէ կը տկարանար, Ձարական կառավարութիւնը իր բանակին մէջ ծառայող շուրջ քառորդ միլիոն հայ մարտիկները յուսադրած էր Հայաստանի ազատագրութեան հեռանկարով:
Աւա՜ղ, սակայն, 1917-ի Ռուսիոյ Հոկտեմբերեան (բոլշեւիկեան) յեղափոխութիւնը կը ջլատէր Ռուս—Թրքական ռազմաճակատը եւ ռուս համայնավարներու՝ թուրքերուն հետ հաշտութիւնը եւ անոր յաջորդող Պրեսթ—Lիթովսքի ամօթալի դաշանգիրը (որով Ռուսիա կը վերադարձնէր Թուրքիոյ ամբողջ թրքահայաստանը) մեծ յուսախաբութիւն պատճառեցին Հայ Ազգի «Մնացորդաց»ին: Այսպէս, ռուս բանակը կը վերադառնար իր երկիրը ու թրքական ընդարձակ ռազմաճակատին պաշտպանութիւնը կը վիճակուէր հայ ժողովուրդին:
Մինչ Ռուսիա քաղաքացիական կռիւներով զբաղած էր, Կովկասեան ազգերը – հայեր, վրացիներ եւ թաթարներ միացան ու կազմեցին Կովկասեան Դաշնակցային Հանրապե-տութիւնը, որ յետոյ Սէյմ կը կոչուէր: Սէյմը որ ծնունդ առած էր 1918-ի Փետրուարին քանի մը ամսուան մէջ պառակտուեցաւ որովհետեւ զայն կազմող երեք ազգերը իրենց շահերով եւ զգացումներով իրարու ներհակ՝ սկսան ծածուկ դաւեր նիւթել իրարու դէմ: Թաթարները կրօնքով մահմետական ըլլալով, ջանացին դիւրացնել թուրք բանակներու ներխուժումը դէպի Ատրպէյճան՝ իրականցնելու համար համաթուրանական իրենց ծրագիրը: Վրացիները, թէեւ կրօնակից հայերու, կը տենչային հողային գրաւումներ կատարել ի վնաս հայերուն: Ի տես այս կացութեան, թրքական բանակը յառաջացաւ եւ գրաւեց Կարսն ու Ալեքսանդրապոլը (Կիւմրի): Մինչ այդ, Վրաստան անկախութիւն հռչակեց Մայիս 26, 1918-ին: Օր մը ետք, Մայիս 27-ին, Ատրպէյճան եւս յայտարարեց իր անկախութիւնը: Հայերը ստիպուեցան առանձին կռուելու թուրքերուն դէմ:
Թուրքերը ուրախ էին յայտարարուող այս ազգային անկախութիւններով, որովհետեւ, այս ձեւով Կովկաս իր կապերը կը խզէր ռուսերու հետ եւ Թուրքիա կրնար իր ուզածը ընել: Թուրք կառավարութիւնը կրնար նոյնիսկ ոչնչացնել կովկասահայութիւնը, ինչպէս աշխատած էր ոչնչացնել թրքահայութիւնը:
Օրհասական այս ճգնաժամին մէջ հայութիւնը բոլորովին ձգուած էր իր ճակատագրին: Հայերը առանձին կռուեցան թուրքերուն դէմ Սարտարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատներուն վրայ: Թշնամին նահանջեց եւ Հայոց Ազգային Խորհուրդը հռչակեց Հայաստանի անկախութիւնը՝ Մայիս 28, 1918-ին:
Հայաստանի անկախութեան հռչակման առաջին օրերուն կառավարութիւնը որոշեց հայկական դրօշակը հորիզոնական տարածքով կարմիր, կապոյտ եւ նարինջի գոյներով: Երկիրը բաժնուեցաւ 10 գաւառներու: Իւրաքանչիւր գաւառի մէջ ստեղծուեցաւ վարչութիւն եւ դատական իշխանութիւն: Բացուեցան դպրոցներ բոլոր շրջաններու մէջ: 1920-ի սկիզբը բացուեցաւ Հայաստանի առաջին համալսարանը: Անկախութեան առաջին օրերուն, սովն ու վարակիչ հիւանդութիւնները մեծ աւերներ գործեցին: Տարաբախտ այդ օրերուն՝ շուրջ 180 հազար մարդիկ մեռան:
Նոյեմբեր 11, 1918-ի զինադադարէն ետք, թուրքերը, որոնք Երեւանէն 7 քիլոմեթր հեռու սահմանին վրայ դիրք բռնած էին, սկսան նահանջել: Նոյեմբեր 18-ին հայ բանակը մտաւ Վանաձոր (նախկին Ղարաքիլիսէ), Դեկտեմբերին Կիւմրի (Ալեքսանտրապոլ), իսկ 1919 գարնան, հայկական բանակը գրաւեց Կարս, Օլթի, Նախիջեւան քաղաքները, եւ ազատագրեց Արեւելեան Հայաստանը: 1919 Մայիս 28-ին, Հայաստանի կառավարութիւնը յայտարարեց Հայաստանի հողերուն վերամիացումը: Այսպէս, դարեր ամբողջ օտարի լուծին տակ ապրող հայեր ունեցան իրենց ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:
Թուրքիոյ պարտութենէն երկու տարի ետք, Դաշնակիցները Սեւրի մէջ (Ֆրանսա) դաշինք կնքեցին: Աւետիս Ահարոնեան, Հայաստանի կողմէ ստորագրեց այդ դաշինքը, Օգոստոս 10, 1920-ին: Թուրքեր եւ Եւրոպական տէրութիւններ ընդունեցին Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը Ամերիկայի նախագահ Վուտրոյ Ուիլսըն գծեց Հայաստանի սահմանները – շուրջ 150 հազար քիլոմեթր տարածութեամբ երկիր մը: Դժբախտաբար, այդ որոշումը մնաց թուղթի վրայ:
Սեւրի դաշնագիրէն ետք, դաշնագիրը ստորագրող պետութիւնները անհամաձայնութիւններ ունեցան իրարու միջեւ: Մինչ այդ թրքական բանակի սպայ մը Մուսթաֆա Քեմալ անունով (1881-1938), կազմակերպեց թուրք ազգային նոր շարժում մը եւ շուտով վերակազմեց թրքական բանակը:
Քեմալ դաշնակցեցաւ համայնավար Ռուսիոյ հետ եւ ասպարէզ կարդաց անմիաբան դաշնակիցներուն: Ան յաջողեցաւ վտարել յոյները Թուրքիայէն, եւ յաղթականօրէն մտաւ Պոլիս, ջնջեց սուլթանութիւնը եւ հաստատեց Թրքական Հանրապետութիւնը, որուն առաջին հիմնադիր նախագահը եղաւ ինք 1923-1938:
Այնուհետեւ թուրքեր եւ ռուսեր ճնշում բանեցուցին Հայաստանի վրայ որ հրաժարի Սեւրի Դաշնագիրէն: Թուրքերը աշխատեցան տէր դառնալ Ղարաբաղ-Զանգեզուր-Նախիջեւան գիծին եւ միանալ Ատրպէյճանի: Հայաստան մնաց թրքական սալի եւ համայնավար Ռուսիոյ մուրճին միջեւ: Թուրքերը յարձակեցան Հայաստանի վրայ առանց որեւէ պատճառի: Ռուսերու կամակցութիւնով, թուրքեր գրաւեցին Կարսը ու հասան մինչեւ Կիւմրի (Ալեքսանդրապոլ): Մինչ այդ, հայ Համայնավար Կոմիտէն 70 հազար ռուս զինուորներու հետ մտան Դիլիջան:
Հայաստանի կառավարութիւնը ուզեց համաձայնիլ ռուսերուն հետ թրքական արշաւանքը կեցնելու համար, սակայն, ռուսերը շատ աւելի կարեւոր նկատեցին թուրքին բարեկամութիւնը քան փոքրիկ Հայաստանի ապահովութիւնը: Անոնք թելադրեցին հայերուն, որ ընդունին թուրքերու դրած պայմանները: Նոյեմբեր 29, 1920-ին, Հայաստանի հան-րապետութիւնը ենթարկուեցաւ համայնավարներու իշխանութեան: Դժբախտաբար, Աղեքսանդր Խատիսեան, Հայաստանի պատուիրակութեան պետը, ստորագրեց Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը հողային մեծ զիջումներ ընելով թուրքերուն եւ Նոյեմբեր 29-ին վերջ գտաւ Հայաստանի հանրապետութիւնը:
Դառն ու դժնդակ պայմաններու մէջ ծնաւ հայոց Առաջին Հանրապետութիւնը, բայց պատմական մեծ դարձակէտ մը հանդիսացաւ հայոց պատմութեան մէջ՝ հիմ դառնալով մեր ներկայ Հայաստանին:

