Լրահոս

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 6-ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

p1 panarmenian

Օգոստոս 2-13-ին պիտի կատարուին Համահայկական 6-րդ խաղերը:
Երեքշաբթի, Յուլիս 28-ին, Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ ջահի օրհնութեան արարողութիւնը:
Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Վարդան Եպս. Նաւասարդեան իր խօսքին մէջ նշեց.- ,Այս օրը խորհրդանշական է, քանի որ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակին սփիւռքէն, Արցախէն եւ Արեւմտեան Հայաստանէն Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահերը ուխտագնացութեամբ բերուած են` իմաստաւորուելու համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ վառող ջահին միջոցովե: Սրբազանը նաեւ աւելցուց, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ օրհնուելիք ջահերը միութեան եւ յաղթանակի խորհրդանիշներ են:
Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի եւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիներէն բերուած ջահերը միացան իրարու: Միացեալ ջահը վառեց 1988 թուականի Սէուլի 24-րդ ողիմպիական խաղերու ախոյեան, ծանրաբարձ Օգսէն Միրզոյեան:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նախագահութեամբ` միասնական Տէրունական աղօթքով սկսաւ համահայկական ջահի օրհնութեան կարգը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button