Լրահոս

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐ

 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները ժամանեցին Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, ուր ընթացք առին լիագումար նիստերը, որոնք պիտի երկարին երեք օրերու վրայ: Ժողովը համապարփակ կերպով քննեց Համազգայինի աշխարհատարած կազմակերպութեան կրթական հաստատութիւններու, հրատարակչական մարզի, կազմակերպական շրջաններու, Բագինի, Ուսանողական հաւաքի եւ ընդհանրապէս հայրենիք-սփիւռք երկկողմանի մշակութային եւ կրթական կապերուն իրավիճակը, իրագործումները եւ զանոնք արժեւորելէ ետք պիտի անդրադառնայ յառաջիկայ ծրագիրներուն: Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հանդիպում` հրաւէրով Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Լիբանանի շրջանային եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերու վարչական կազմեր, շրջաններու մասնաճիւղերու ատենապետներ, կառոյցներու տնօրէններ եւ գեղարուեստական պատասխանատուներ:

Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Նանօր Գօչունեան-Թաշճեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ Համազգայինի դերակատարութեան` նշելով, որ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներ կը յաճախեն աւելի քան 670 պատանիներ եւ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 100 վարչական ընկերներ:

Ապա «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի ջութակի ուսուցիչ Արմէն ճէնտէրէճեան նուագի  կտոր մը ներկայացնելով հմայեց ներկաները, որմէ ետք սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան հիասքանչ ձայնով պոռթկացուց ներկաներու հայրենասիրական յոյզերը:

Գեղարուեստական բաժինը շարունակուեցաւ եւ դաշնակի վրայ իւրայատուկ ելոյթ ունեցաւ մայեսթրօ Կարօ Աւեսեան:

Advertisement Subscribe Today

Այնուհետեւ հերթաբար  սրտի խօսքեր ուղղեցին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան եւ Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան:

Երեկոն շարունակուեցաւ խմբային «Կիլիկիա» երգով` ընկերակցութեամբ ներկաներուն: Զանազան երկիրներէ եկող Կեդրոնական վարչութեան անդամներ  հերթաբար ուղղեցին իրենց սրտի խօսքերը: Աւարտին եզրափակիչ խօսքը ուղղեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սէմ Սիմոնեան` շեշտը դնելով Համազգայինի Լիբանանի կառոյցի առաքելութեան եւ տարուած աշխատանքներուն վրայ: Համազգայնականները բաժնուեցան ոգեւորուած,  յոյսով ու հաւատքով, որ յառաջիկայ տարիներուն, հակառակ յամեցող դժուարութիւններուն, մշակութային ոլորտի բեղմնաւոր գործունէութիւնը աւելիով կը  ծաւալի ու կ՛ընդարձակուի:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button