
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Մ.Ա.Կ.-էն ներս Հ.Օ.Մ.-ի աշխատանքներու համակարգումին համար պաշտօնի հրաւիրած է Հուրի Կէօտելէքեանը: Աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր Նիւ Եորքի բնակիչ Կէօտելէքեանը իր աշխատանքները պիտի տանի Մանհաթընէն, Հ.Օ.Մ.-ը ներկայացնելով Մ.Ա.Կ.-ի պաշտօնական ծրագիրներուն ընթացքին ինչպէս նաեւ մասնակից դառնալով Մ.Ա.Կ.-ի Հանրային Տեղեկատուութեան Բաժանմունքի եւ Մ.Ա.Կ.-ի Տնտեսական եւ Ընկերային խորհուրդի ծիրէն ներս ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութիւններուն:
’’Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յանձնախումբ մը նշանակած էր Մ.Ա.Կ.-ի ծիրէն ներս միութեան աշխատանքները հետապնդելու համար, սակայն յանձնախումբին կողմէ մշակուած ռազմավարութիւնը կարիքը ունի Մ.Ա.Կ.-էն ներս տեւական ներկայութեան: Այդ մէկը կարելի չէ իրագործել առանց անձնակազմի յատուկ անդամի եւ այս իրականութեան անդրադարձած էր նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի Համահայկական 69-րդ Պատգամաւորական Ժողովը’’,- յայտնեց Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ Ռոզի Պետորսեանը:
Կէօտելէքեան պիտի հետապնդէ Մ.Ա.Կ.-ի ծիրէն ներս Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ առաջնահերթութիւն համարուած նպատակները: 2011 տարուան համար այդ առաջնահերթութիւնները կնոջական եւ յատկապէս մայրական առողջապահութեան կը վերաբերին, ինչպէս նաեւ կնոջ ֆինանսական անկախութեան:
’’Բախտաւոր ենք որ Հուրին միացաւ մեր անձնակազմին: Առեւտրական, հանրային յարաբերական ու քարոզչական մարզերէն ներս անոր փորձառութիւնը օգտակար պիտի ըլլան Մ.Ա.Կ.-էն ներս մեր նպատակներու հետապնդման, որոնց շարքին միջազգային համայնքին հետ գործակցութիւններու հաստատումը, որպէսզի կարողանանք հայրենիքի թէ սփիւռքեան համայնքներու ընկերային եւ տնտեսական կարիքները բաւարարող ազդու ծրագիրներ իրագործել’’, յայտնեց Հ.Օ.Մ.-ի Մ.Ա.Կ.-ի յանձնախումբի ատենապետ Սթեֆանի Քիլեանը:
’’ Ինծի համար հպարտութիւն է մաս կազմել աւելի քան դար մը եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին հա¬յու¬թեան ծառայած կազմակերպութեան մը անձնակազմին ու աշխատիլ Մ.Ա.Կ.-ի ծիրէն ներս անոր մարդասիրական նպատակներուն ծառայելու: Այս առիթով իմ երախտագիտութիւնը կը փափաքիմ յայտնել բոլոր այն կանանց, ներառեալ իմ մեծ մօր ու մօր, որոնք հայ կնոջական միջազգային հնագոյն այս կազմակերպութեան ծառայելով, ճամբայ հարթեցին իմ դիմաց ծառայելու Հ.Օ.Մ.-ին’’- յայտնեց Հուրի Կէօտելէքեանը:
Հ.Օ.Մ.-ի Մ.Ա.Կ.-ի Գրասենեակին հետ կարելի է կապ պահել հեռախօսելով (917) 965-5592 թիւին կամ գրելով unngo@ars1910.org ելեկտրոնային հասցէին:
Հ.Օ.Մ.-ը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տուրքէ զերծ բարեսիրական կազմակերպութիւն է, որ 1989-էն ի վեր մաս կը կազմէ Մ.Ա.Կ.-ի Տնտեսական եւ Ընկերային խորհուրդին որպէս ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն: 1910-ին հիմնուած Հ.Օ.Մ.-ը այսօր կը գործէ 27 երկիրներու մէջ, մարդասիրական ծառայութիւն տրամադրելով հայ թէ ոչ-հայ հասարակութեան: