Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Յովսէփեան ընտանիքի սրտաբուխ նուիրատուութեամբ Երեւանի մէջ իրականացաւ, Էրեբունի շրջանին մօտ բանակավայրի մը գնումը:
Վերոնշեալ բանակավայրը Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի երկրորդ սեփական բանակավայրը կը հանդիսանայ հայրենիքի մէջ՝ Բիւրականի բանակավայրին կողքին: Նկատի ունենալով, որ բանակավայրը Երեւանի մէջ կը գտնուի, անիկա պիտի օգտագործուի Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի շաբաթական սկաուտական զանազան գործունէութեանց ընթացքին:
Բանակավայրի գնման աշխատանքը իրականացաւ վերջին ամիսներուն ընթացքին՝ խումբ մը նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական եղբայրներու աշխատանքով եւ Յովսէփեան ընտանիքին սրտաբուխ նուիրատուութեամբ: Բանակավայրը պիտի կոչուի »Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-Հայկ Յովսէփեան« բանակավայր, հանգուցեալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական Հայկ Յովսէփեանի յիշատակին:
Հայկ Յովսէփեան մինչեւ իր կանխահաս մահը՝ 2004 թուական, եղած է նուիրեալ ու գործունեայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանին մէջ: Ան եղած է Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանային վարչութեան անդամ եւ Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու: Հ. Յովսէփեան յատուկ սէր եւ նուիրում ունէր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հանդէպ, նաեւ հաւատք՝ միութեան երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան առաքելութեան նկատմամբ:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը բանակավայրի շինարարական աշխատանքներուն եւ բարգաւաճումին համար յառաջացուցած է յատուկ ենթայանձնախումբ մը: Յառաջիկայ ամիսներուն ծրագրուող շինարարական եւ բանակավայրի բարեզարդման ընդհանուր ծախսերուն համար նախատեսուած է 100 հազար ամ. տոլար: Գումարին կարեւոր համեմատութիւնը ապահովուած է Յովսէփեան ընտանիքին կողմէ, իսկ մնացեալը՝ հանգուցեալ Հայկ Յովսէփեանի ընկերներուն կողմէ:
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ