ՀԱ­ՅԵ­ՐԸ ՊՈ­ԼԻՎ­ԻՈՅ ՄԷՋ… 5500 ԹԷ 15000 ՏԱ­ՐԻ ԱՌԱ՞Ջ

0 0
Read Time:22 Minute, 14 Second

 

 

Պոլիվիոյ մայրաքաղաք` Լա Փաս
Պոլիվիոյ մայրաքաղաք` Լա Փաս

ՎԱՐ­ԴԱՆ ՄԱՏ­ԹԷ­ՈՍ­ԵԱՆ

 

Se non e vero, e ben trovato

(“Եթէ ճշմա­րիտ չէ, ճիշդ գտնուած է“)

Իտա­լա­կան ասաց­ուածք

 

Նոր չէ, ոչ ալ հայ­կա­կան “հիւան­դու­թիւն“ պէտք է սե­պել, ան­ձի մը ինք­նու­թեան, լե­զու­նե­րու փոխ­յա­րա­բե­րու­թեան կամ նիւ­թի մը վե­րա­բեր­եալ չնաշ­խար­հիկ տե­սու­թիւն­նե­րու հրա­պա­րակ նետ­ուի­լը: Ժա­մա­նա­կին, անոնք միայն թեր­թե­րու կամ գիր­քե­րու մէջ կը գտնուէ­ին, իսկ հի­մա հա­մա­ցան­ցը` ամէ­նու­րէք իր մուտ­քով, նման տե­սու­թիւն­նե­րու զարգաց­ման ան­սահ­մա­նա­փակ դաշտ մըն է: Եթէ խորհր­դա­ւոր կամ կաս­կա­ծե­լի թուա­ցող երե­ւոյթ մը կայ, կամ կի­սա­փաստ մը գոյու­թիւն ու­նի որ իբ­րեւ մեկ­նա­կէտ կրնայ ծա­ռա­յել, ատի­կա բա­ւա­րար կը դառ­նայ, որ­պէս­զի գիտա­կան խստա­պա­հան­ջու­թիւնը մէկ կողմ դրուի եւ “ին­չո՞ւ չէ“ ըս­ուի, ապա վար­կա­ծը իբ­րեւ ճշմար­տու­թիւն ներ­կա­յաց­ուի եւ, վեր­ջա­ւո­րու­թեան, “պաշ­տօ­նա­կան“ գիտ­նա­կան­նե­րու “լռու­թիւնը“ կամ “հա­յա­մեր­ժու­թիւնը“ ձաղկ­ուի:

Հոս կ՛ար­ժէ մէջ­բե­րել հայ­րե­նի հանգուց­եալ լեզ­ուա­բան Ռա­ֆա­յէլ Իշ­խան­եա­նի տե­ղին մէկ խորհր­դա­ծու­թիւնը, որ պէտք է ու­ղե­ցոյց ծա­ռա­յէ մեր պատ­մու­թեան ամե­նա­տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րու լուրջ (եւ ան­լուրջ) ու­սում­նա­սի­րող­նե­րուն.

Ընդ­հան­րա­պէս, պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւնը եր­կու յե­նա­րան ու­նի` փաստ եւ տրա­մա­բա­նու­թիւն: Այ­սինքն` եղած փաս­տե­րի ան­կողմ­նա­կալ գնա­հա­տում մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեամբ: Եթէ այս յե­նա­կէ­տե­րից մէ­կը կայ կամ խա­խուտ է եւ կամ նրանց խանգարում են վե­րը յիշ­ուած գոր­ծօն­նե­րը, անհ­նար է բաղ­ձա­լի ճշմար­տու­թեան հաս­նել (1):

Փաս­տի եւ տրա­մա­բա­նու­թեան փոխ­յա­րա­բե­րու­թեան ակն­յայտ պա­կա­սը մեզ մղած է անդ­րա­դառ­նա­լու վեր­ջերս ար­ծար­ծուող երե­ւոյ­թի մը, որուն լրջու­թիւնը խնդրոյ առար­կայ դարձ­նե­լու բո­լոր հիմ­քե­րը կան:

Մեր բո­լոր աշ­խար­հագրու­թեան դա­սագիր­քե­րը կը վկա­յեն, որ Սե­ւա­նը աշ­խար­հի ամե­նա­բարձր լի­ճե­րուն մէջ երկ­րորդն է, առա­ջի­նը ըլ­լա­լով Թի­թի­քա­քան, որ կը գտնուի Պո­լիվ­իոյ եւ Փեր­ուի սահ­մա­նին վրայ: Արդ, վեր­ջերս դրուած հար­ցու­մը այն է, թէ ին­չո՞ւ հա­յե­րը չէ­ին կրնար նա­եւ հաս­տատ­ուիլ այդ լի­ճին մեր­ձա­կայ­քը եւ հա­յե­րէ­նի հետ­քե­րը ձգել Պո­լիվ­իոյ եւ Փեր­ուի բնիկ ցե­ղե­րէն այ­մա­րա­նե­րու լեզ­ուին մէջ: Քա­նի մը շա­բաթ առաջ (Յու­լիս 31), Սեն­սացի­ոն բա­ցա­յայ­տում. նա­խա­մաշ­տոց­եան հա­յոց գրեր` յայտ­նա­բեր­ուած Բո­լիվ­իա­յում խո­րագրուած հար­ցազ­րոյց մը հրա­պա­րակ­ուած էր հա­մա­ցան­ցի մէջ (nyut.am), կա­տար­ուած` Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յում, աւե­լի որո­շա­կի` Բո­լիվ­իա­յում շուրջ 5500 տար­ուայ վա­ղե­մու­թեան մի կա­ւէ անօ­թի եւ դրա վրայ հա­յե­րէն տա­ռե­րի առ­կա­յու­թեան մա­սին (…) փաս­տագրա­կան մի տե­սա­նիւ­թում դրանք առա­ջի­նը նկա­տած Մայր Աթո­ռի հա­յոր­դաց տնե­րի տե­սուչտնօ­րէն Հայր Կո­մի­տաս վար­դա­պետ Յով­նան­եա­նի հետ:

Արդ, նկա­տի պէտք է ու­նե­նալ, որ 5500 տա­րի առաջ` Ք. Ա. 3500 թուա­կա­նի­ շուրջ, ըստ գիտու­թեան մէջ ցարդ տի­րա­կան տե­սա­կէ­տին, հնդեւ­րո­պա­կան­մայր լեզ­ուին տրո­հու­մը հա­զիւ թէ սկսած էր, ո՞ւր մնաց, թէ հա­յա­խօս մար­դոց գոյու­թիւնը կա­րե­լի ըլ­լայ փաս­տար­կել: Արդ­եօք տրա­մա­բա­նա­կա՞ն է հայ­ցել, որ հայ գիտ­նա­կան­նե­րից գոնէ մէկ հոգի գոր­ծուղղ­ուի Բո­լիվ­իա եւ տե­ղումհ­նա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նայ այդ անօ­թը հե­տա­զօ­տե­լու, երբ Ք.Ա. 3500-ին ընդ­հան­րա­պէս այ­բու­բե­նի գոյու­թիւնը յայտ­նի չէր աշ­խար­հի մէջ, որ­պէս­զի հա­յե­րէն տա­ռե­րու գոյու­թեան մա­սին խօ­սինք:

Հ. Կո­մի­տաս դի­տել տուած է.

Եթէ մի պահ ըն­դու­նենք, թէ յե­տագայում ինչոր մի հայ այդ անօ­թի վրայ­ հէնց այն­պէս հայ­կա­կան տա­ռեր է գրել, ապա նա, կար­ծում եմ, ոչ թէ ­պար­զա­պէս տա­ռեր կը գրէր, այլ իր անու­նը կամ ինչոր բառ, բա­ռեր: Սրա­նի­ց ել­նե­լով` կա­րե­լի է են­թադ­րել, որ անօ­թի վրայ հա­յոց տա­ռե­րը գրե­լը, դրանց­ հետ նա­եւ խա­չեր պատ­կե­րելն ու­նե­ցել է ինչոր նպա­տակ:

Մէկ­դի ձգենք, թէ Է, Հ, Չ, Ձ, Ղ, Դ, Յ, Ո, Ռ, Ց գիրե­րուն նմա­նող նշան­ներ­ու ե­րե­ւու­մը` ըստ հոգեշ­նորհ վար­դա­պե­տին, ինչոր նպա­տակ կրնայ ու­նե­նալ (ծագու­մով ոչ-քրիս­տո­նէ­ա­կան խա­չի ներ­կա­յու­թիւնը` նա­խաք­րիս­տո­նէ­ա­կան ժա­մա­նակ­նե­րուն, որե­ւէ առն­չու­թիւն չի կրնար ու­նե­նալ հա­յե­րու հետ):Հա­ւա­նա­բար անհ­րա­ժեշտ չէ մէ­կը ղրկել Պո­լիվ­իա, որ­պէս­զի պար­զէ, թէ ի՞նչ հա­յե­րէն կամ նա­խա­հա­յե­րէն բառ կրնանք կազ­մել այդ տա­ռան­ման նշան­նե­րով:

Մարդ կրնայ վկա­յա­կո­չել, օրի­նակ, հնագոյն պատ­մու­թեանսեն­սացի­ոնգիւ­տեր ընող ու Ph.D.-ով զին­ուած Գլայտ Ուին­թըրզ անու­նով ամե­րի­կա­ցի մը, որ ապա­ցու­ցած է, որ Պո­կոթ­իա­յի շրջա­նը — ուր­կէ կու գայ խնդ­րոյ առար­կայ անօ­թը — գտնուած մե­նա­քա­րը նա­խա­սու­մեր­կան լե­զուով կը ­կար­դաց­ուի եւ որ սու­մեր­նե­րը… մին­չեւ Պո­լիվ­իա նա­ւար­կա՜ծ են անագ գտնե­լու հա­մար, կար­ծես թէ հին աշ­խար­հի մէջ աւե­լի մօ­տիկ տեղ չկար: Ըստ անոր, inca բա­ռը սու­մե­րա­կան Enki աստ­ուա­ծու­թե­նէն կրնայ բխիլ, իսկ­ պո­լիվ­ի­ա­կան Potosi քա­ղա­քին անու­նը` ակ­կա­դա­կան patesi “տէր“ բա­ռէն: Իդէպ, Ուին­թըրզ, որուն ափ­րի­կա­կեդ­րոն (afrocentric) տե­սու­թիւն­նե­րը ամէն ինչ Ափ­րի­կէ­էն կը բխեց­նեն, բազ­մա­թիւ գիր­քե­րու շար­քին հատ մըն ալ ու­նի “African Empires in Ancient America“ վեր­նագրով…:

“Կար­ծում եմ“, որ եթէ “հէնց այն­պէս“ մէ­կը գրած ըլ­լար այդ տա­ռե­րը, կրնար­ նա­եւ գրել ան­կապ բա­ներ: Փո­ղո­ցա­յին graffiti գրող­նե­րը ան­պայ­ման կա­պա­կից­ բա­նե՞ր կը գրեն միշտ: Կը մնայ վեր­ծա­նել, թէ ի՞նչ հա­յե­րէն բառ կ՛ել­լէ վե­րո­յիշ­եալ տա­սը տա­ռան­ման նշան­նե­րէն:

Հ. Կո­մի­տաս կ՛աւելց­նէ հե­տեւ­եա­լը.-

Վրա­ցի­ներն ու ատրպէյճան­ցի­նե­րը, վեր­ջին շրջա­նում` նա­եւ ռուս­նե­րը, իրենց­ տե­սա­կէտ­նե­րի մէջ նոյ­նիսկ ան­հե­թեթ ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րի են հաս­նում` առանց գիտա­կան մա­կար­դա­կին ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նե­լու, իսկ հայ գիտ­նա­կան­նե­րը, չնչին բա­ցա­ռու­թեամբ, միշտ չա­փից աւե­լի հա­մես­տու­թիւ­ն են դրսե­ւո­րում: Նրանց կար­ծի­քով` մեր ար­ժէք­նե­րը եր­բեք չեն կա­րող հին լի­նել, պէտք է լի­նեն առա­ւե­լագոյ­նը մին­չեւ ու­րար­տա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, ո՛­չ ա­ւե­լի, իսկ երբ խօսքն Ու­րարտ­ուի մա­սին է, ապա, ըստ ոմանց, նոյ­նիսկ­ Մե­ծա­մօրն է ու­րար­տա­կան

Արդ­եօք ո՞վ աւե­լի ծի­ծա­ղե­լի դրու­թեան մէջ է. վրա­ցի, ատր­պէյ­ճան­ցի կամ­ ռուս գիտ­նա­կան­նե՞րը, որոնք ան­հե­թեթ ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րի են հաս­նում` առանց գիտա­կան մա­կար­դա­կին ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նե­լու, թէ՞ հայ գիտ­նա­կան­նե­րը, որոնք զգու­շա­ւոր կեր­պով կը վար­ուին, մին­չեւ որ գիտա­կա­նօ­րէն բա­ւա­րար փաս­տեր ըլ­լան: Եթէ առա­ջին­նե­րը “աղա­ղա­կում են ամ­բողջ աշ­խար­հով մէկ“, իսկ մենք ճշմար­տու­թիւն­նե­րը քօ­ղար­կում, ծած­կում կամ ան­տե­սում ենք, այդ մա­սին լռում, ատի­կա չի նշա­նա­կեր, որ­ նախ` աղա­ղա­կող­նե­րը ան­պայ­ման ճիշդ են յաչս աշ­խար­հի, եւ որ մենք ­փաս­տած ենք, որ այդ “ճշմար­տու­թիւն­նե­րը“ իրօք ճշմար­տու­թիւն­ներ են եւ, այ­սու­հան­դերձ, կը լռենք: Աւե­լի վնա­սա­կար են մե­րազն մար­դիկ, որոնք ան­հե­թեթ ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րու կը հաս­նին` առանց գիտա­կան մա­կար­դա­կին ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նե­լու, եւ ապա “հա­յատ­եաց“, “հա­յա­մերժ“, “հա­կա­հայ“ եւ բազ­մա­թիւ այլ ածա­կան­ներ կը շռայ­լեն զա­նոնք հիմ­նա­ւոր կեր­պով քննա­դա­տող­նե­րուն: Նման մար­դիկ, դժբախ­տա­բար, եւ իրենց բեմ տուող­նե­րը, կա­մայ թէ ակա­մայ, պար­զա­պէս հա­յե­լին կը դառ­նան վե­րո­յիշ­եալ այ­լազգի “գիտ­նա­կան­ներ“ուն:

Այս նիւ­թին առն­չա­կից է ու­րիշ հար­ցազ­րոյց մը, որ երեք տա­րի առաջ (Հոկ­տեմ­բեր 26, 2010) լոյս տե­սած էր “Հրա­պա­րակ“ օրա­թեր­թին մէջ:  Ան կը հա­ղոր­դէր, որ բա­նա­սի­րա­կան գիտու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու Մէ­րի Սարգսեա­նը­ հա­յե­րէն եւ այ­մա­րա լե­զու­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւնը ու­սում­նա­սի­րած է: Ի դէպ, տի­կին Սարգսեա­նը հա­յե­րէ­նի թարգմա­նած է իր հանգուց­եալ հօր` ռատի­ո­ֆի­զի­կոս եւ Գի­տու­թիւն­նե­րու Ակա­դեմ­իա­յի ան­դամ Պա­րիս Հե­րունիի (1933-2008) գիր­քը` Հա­յե­րը եւ հնագոյն Հա­յաս­տա­նը (2011. սկզբնա­պէս անգլե­րէն լոյս տե­սած է 2004ին), որուն նպա­տա­կը ձե­ւա­կերպ­ուած է նե­րա­ծու­թեան մէջ. Ստաց­ւում է, որ այս գիր­քը առա­ջին գիտա­կան փորձն է բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար այն, որ Հայ­կա­կան Լեռ­նաշ­խար­հում ծագած հայ­կա­կան քա­ղա­քակր­թու­թիւնը աշ­խար­հում առա­ջինն է եղել եւ հան­դի­սա­ցել է բո­լոր մնա­ցած քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րի բնօր­րա­նը:

Մ. Սարգսեան բա­ցատ­րած է, որ իր մտա­ծում­նե­րուն մեկ­նա­կէ­տը եղեր է “Սա­սուն“ բա­ռին ստուգաբա­նու­թիւնը, որ բա­ռա­րան­նե­րուն մէջ չկայ: Իմա­ցեր է այ­մա­րա­նե­րու մա­սին, որոնց մէկ առաս­պե­լի մէջ պատ­մում են, որ ծո­վո­վ ի­րենց մօտ եկան սպի­տա­կա­մորթ, գանգրա­հեր, շի­կա­հեր, կապ­տաչ­եայ­ մար­դիկ, որոնք հա­մար­ուել են իրենց աստ­ուած­նե­րը, որով­հե­տեւ գալո­վ այս­տեղ` իրենց սո­վո­րեց­րել են ձու­լագոր­ծու­թեան գաղտ­նիք­նե­րը, նա­եւ­ ճար­տա­րա­պե­տա­կան գաղտ­նիք­ներ, սո­վո­րեց­րել են մի­ակ­նու­թիւնը: Այդ ­ժա­մա­նակ­նե­րում ձու­լագոր­ծու­թիւնն առա­ջին հեր­թին Հա­յաս­տա­նում է եղել:

“Այդ ժա­մա­նակ­նե­րում“, այ­սինքն` 15.000 տա­րի առաջ: Բա­նա­սի­րա­կան գիտու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծուն թե­րեւս լուր չու­նի, որ մե­տա­ղագոր­ծու­թեան ցարդ յայտ­նի հնագոյն օճախ­նե­րը աշ­խար­հի մէջ 7.000-9.000 տա­րե­կան են: Միւս կող­մէ, եթէ “ձու­լագործ­նե­րը“ գանգրա­հեր, սպի­տա­կա­մորթ, շի­կա­հեր եւ­ կա­պու­տաչ­եայ մար­դիկ էին, ատի­կա բա­ւա­րա՞ր է զա­նոնք հա­յե­րու հետ նոյ­նաց­նե­լու: Միայն ձու­լագոր­ծու­թեան գիւ­տը ընող­նե՞­րը կրնա­յին Ատ­լանտ­եան ով­կիա­նո­սը կտրել եւ Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յի կէ­սէն աւե­լին անց­նիլ` արե­ւել­քէն արեւ­մուտք, մին­չեւ Թի­թի­քա­քա լի­ճը հաս­նե­լու հա­մար): Յի­շեց­նենք, որ “տե­սու­թիւն­ներ“ եղած են, թէ վի­քինկ­նե­րը – որոնք շատ աւե­լի յայտ­նի են, որ­պէս հե­ռա­ւոր ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րու նա­ւաս­տի­ներ, քան հա­յե­րը –հաս­տատ­ուած են… Փա­րակ­ուայ, որ Պո­լիվ­իա­յէն շատ հե­ռու չէ:

Ի դէպ, ԺԶ. դա­րուն աց­տեկ­նե­րուն մէջ քա­րոզ­չու­թեամբ զբա­ղած փրան­կիսկ­եան միսի­ո­նար մը պնդած է, որ աց­տեկ­նե­րու աստ­ուած, փետ­րա­ւոր­ուած  օձի կեր­պա­րանք ու­նե­ցող Քե­ցալ­քո­աթ­լը (որուն հետ աց­տեկ­նե­րը իբ­րեւ թէ շփո­թած են Մեք­սի­քօ նուա­ճող սպա­նա­ցի Հեռ­նան Գոր­թէ­սը) սպի­տա­կա­մորթ, շի­կա­հեր եւ կա­պու­տաչ­եայ էր: Լի­ա­զօր­ուած ենք, ու­րեմն, Մեք­սի­քօ եր­թա­լու եւ հայ­կա­կան հետ­քեր հոն փնտռե­լու…: 

Աշխարհի ամենաբարձր լիճը` Թիթիքաքա... Պոլիվիոյ եւ Փերուի միջեւ
Աշխարհի ամենաբարձր լիճը` Թիթիքաքա… Պոլիվիոյ եւ Փերուի միջեւ

Աւելց­նենք, որ թէ՛ Փեր­ուի եւ թէ՛ Մեք­սի­քո­յի պա­րագային, փաստ­ուած է, որ աստ­ուա­ծու­թիւն­նե­րու սպի­տա­կու­թիւնը մաս չէ կազ­մած տե­ղաբ­նիկ­նե­րու առաս­պել­նե­րուն, այլ` սպա­նա­ցի նուա­ճող­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն: Ու­րեմն, որ­քա­նո՞վ վա­ւե­րա­կան փաս­տե­րու վրայ կը յե­նին մար­դիկ` իրենց տ­րա­մա­բա­նու­թիւնը բա­նեց­նե­լու հա­մար:

Շա­րու­նա­կե­լով, Մ. Սարգսեան յայտ­նած է. Կա­րե­լի է են­թադ­րել, եթէ չպնդել, որ եկուոր­նե­րը հա­յեր են եղել: Նոյն լեգեն­դում կայ իրենցՎի­րա­կո­չաանու­նը, եւ եթէ շատ հա­մար­ձակ լի­նենք, ապա կա­րող ենք ստուգաբա­նե­լ որ­պէսի վե­րուստ կոչ­ուած““: Արդ­եօք շատ հա­մար­ձակ չէ՞: Wiracocha աստ­ուա­ծու­թիւնը ստուգաբան­ուած է քեչ­ուա լե­զուով որ­պէս “ծո­վու իւղ կամ փրփուր“(2), քա­նի որ ծնած էր Թի­թի­քա­քա լի­ճէն, իսկ քեչ­ուա լե­զուն ալ կը­ խօս­ուի այդ լի­ճին շուրջ: Ընդ­հան­րա­պէս գերագոյն աստ­ուա­ծու­թեան մը անու­նը զայն պաշ­տող ժո­ղո­վուր­դին կամ ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն մէ­կուն լեզ­ուէն չի՞ բխիր:

Հե­տա­զօ­տո­ղը յե­տոյ գտած է “Կա­լա­սա­սա­յա“ անու­նը` հրա­պա­րակ մը, ուր Վի­րա­կո­չա­յի բարձր ար­ձա­նը կանգնած էր, շրջա­պատ­ուած քա­րե­րով: Այդ բա­ռը այ­մա­րա լե­զուով կը նշա­նա­կէ “կանգուն քա­րեր“, իսկ “կա­լը“ հա­յե­րէն ­քար բա­ռը ըլ­լա­լով (՞), յանգած է այն “եզ­րա­կա­ցու­թեան“, թէ Կա­լա­սա­սա­յա ­եւ Սա­սուն “նոյն նշա­նա­կու­թիւնն ու­նեն` ան­սա­սան, պինդ“: Հա­պա՞ պարս­կե­րէն քա­լէ (“դղեակ“) բա­ռը. չէ՞ որ բեր­դերն ալ քա­րե­րով շին­ուած են (թէ­եւ հա­ւա­նա­բար հե­ղի­նա­կը պի­տի առար­կէ, թէ պարս­կե­րէն բառն ալ հա­յե­րէն քա­րէն բխած է): Եթէ 15.000 տա­րի առաջ հա­յե­րէ­նը կար, պարս­կե­րէնն ալ կրնար գոյու­թիւն ու­նե­նալ (կամ որե­ւէ ու­րիշ հնդեւ­րո­պա­կան լե­զու, երբ մեր երե­ւա­կա­յու­թեան ուժ կու տանք):

Մ. Սարգսեան այ­մա­րա անգլե­րէն 600 բառ պա­րու­նա­կող բա­ռա­րա­նէ մը քա­ղած է 57 “հա­յար­մատ“ բա­ռեր, մօտ 10 առ հա­րիւ­րը.Գի­տու­թեան ­դոկ­տոր­ներն ասա­ցին, որ նոյ­նիսկ երեք բա­ռի նոյ­նար­մատ լի­նե­լը առիթ է մ­տա­ծե­լու, որ կայ լեզ­ուա­կան փո­խա­ռութ­իւն: Սա­կայն, մտա­ծե­լու առի­թը չի նշա­նա­կեր, որ լեզ­ուա­կան փո­խա­ռու­թիւնը ան­պայ­ման գոյու­թիւն ու­նի: Օրի­նակ` այդ բա­ռե­րէն մէ­կը “փի­սի“ է, որ կը նշա­նա­կէ “կա­տու“ եւ հա­յե­րէն ­փի­սի­կի հետ կը հա­մե­մատ­ուի: Ինչ­պէ՞ս հա­յե­րը կրնան “փի­սիկ“ը (ըն­տա­նի կա­տուն` 15.000 տա­րի առաջ…) տա­րած ըլ­լալ Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա, երբ այդ բա­ռը, օրի­նակ, ո՛չ “Հայ­կազ­եան“ բա­ռա­րա­նին եւ ո՛չ ալ Աճառ­եա­նի “Ար­մա­տա­կան“ին մէջ կայ, այ­սինքն` հա­յե­րէ­նի ար­մատ չի հա­մար­ուիր (կ՛են­թադր­ուի, որ նման բա­ռեր ծագում առած են կա­տու­նե­րը կան­չե­լու ձայ­նէն. անգլե­րէն puss, օրի­նակ, եւ այլն): Հա­պա եթէ ռու­մա­նա­ցի­նե­րը կամ սար­տի­նա­ցի­նե­րը տա­րա՞ծ ըլ­լա­յին. չէ՞ որ ռու­մա­նե­րէն “կա­տու“ կ՛ըս­ուի pisica, իսկ սար­տի­նե­րէն` pisittu…:

Առ­նենք ու­րիշ բառ` այ­մա­րե­րէն sira-ն, որ կրնայ թարգման­ուիլ, որ­պէս հա­յե­րէն ­սէր: Եթէ նկա­տի ու­նե­նանք, որ վի­քինկ­նե­րը հա­սեր են Ամե­րի­կա (1000 տա­րի՞, թէ՞ 15000 տա­րի առաջ, Հիւ­սի­սա­յի՞ն, թէ՞ Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա, ի՞նչ է տար­բե­րու­թիւնը տե­սու­թիւն­ներ յե­րիւ­րող­նե­րու հա­մար), իրա­ւունք չու­նի՞նք առա­ջար­կե­լու նոր­վե­կե­րէն siri բա­ռը, որ կը նշա­նա­կէ “յաղ­թա­նա­կի առաջ­նոր­դող գեղե­ցիկ կին“ (այդ անու­նէն ծագած է iPhone-ի “խօ­սող“ օգնա­կա­նուհի­ին անու­նը)…:

Մ. Սարգսեան 2004ին գրուած անգլե­րէն յօդ­ուած մը ու­նի հա­մա­ցան­ցի մէջ (www.aymara.org/biblio/armenios): Այս յօդ­ուա­ծէն եր­կու թռու­ցիկ քաղ­ուածք­ բա­ւա­րար են որ­պէս եզ­րա­կա­ցու­թիւն:

Այս­պէս, նիւ­թին անց­նե­լէ առաջ (էջ 3), հե­ղի­նա­կը կը գրէ (զանց կ՛ընենք անգլե­րէ­նի սխալ­նե­րու սրբագրու­թիւնը).

“For example, You can find the name of Caspean Sea in the old maps used in Old Russia, Girkan Sea. This name can՛t be etymologized neither by Russian, nor by any other languages, whereas, trying to say it in Armenian, we can guess immediately it means “Sea, held with mainland all around, without any connections with Ocean“ գրկել, գրկած (grkel, grkats) means “held, hold“, գիրկ (girk)– hold smb., smth. in one՛s arms.“

Այ­սինքն` հին ռու­սա­կան քար­տէս­նե­րուն գոր­ծա­ծած Girkanskoe more անու­նը Կաս­պից ծո­վուն հա­մար կա­րե­լի չէ ռու­սե­րէ­նով կամ այլ լե­զու­նե­րով ստուգաբա­նել, բա­ցի հա­յե­րէ­նէ (գիրկ, գրկել):

Ռու­սա­կան բա­նա­սի­րու­թեան մաս­նագէտ Մ. Սարգսեան ըստ երե­ւոյ­թի­ն ան­տեղ­եակ է, որ այդ անու­նը ռու­սա­կան ծագում չու­նի, որ ռու­սե­րէ­նը h գիր­ չու­նե­նա­լով` g տա­ռով կ՛ար­տա­յայ­տէ հ հնչիւնը (հմմտ. Հրանտ – ռուս. Grant), եւ որ ռու­սե­րու գոյու­թե­նէն առաջ Կաս­պից ծո­վը լա­տի­նե­րէն Mare Hyrcanium կը կոչ­ուէր, իսկ անոր հա­րա­ւա­յին շրջա­նը յոյ­նե­րը կը կո­չէ­ին Hyrcania: Այս անու­նը բխած է հին պարս­կե­րէն Verkana-էն, որ հայ ­մա­տե­նագրու­թեան մէջ մնա­ցած է… Կաս­պից ծո­վու հին անու­նով` Վրկա­նաց­ծով:

Ահա նա­եւ ստուգաբա­նու­թեան օրի­նակ մը` ըստ բախ­տի ընտր­ուած.

“Chamouna means “to suck“ and looks like our ծա­մօն (tzamon) (“chewing gum“).“

Այ­սինքն` այ­մա­րա chamouna կը նշա­նա­կէ “ծծել“ եւ կը նմա­նի ծա­մօն բա­ռին:Ար­դա­րեւ, հա­յե­րը գացեր են Պո­լիվ­իա (յօդ­ուա­ծը խո­րագրուած է “15,000 Years Ago: Armenian Language՛s Trace in America“, այ­սինքն` “15.000 տար­ի ­ա­ռաջ. հա­յե­րէ­նի հետ­քը Ամե­րի­կա­յի մէջ) եւ ծա­մօ­նը (անց­եալ դա­րուն ստեղծ­ուած բառ մը` հնդեւ­րո­պա­կան ծագում ու­նե­ցող ծամ(ել) բա­ռէն) տա­րեր են իրենց հետ ու անոր գոր­ծա­ծու­թիւնը սոր­վե­ցու­ցեր են այ­մա­րա­նե­րուն, որոնք զայն դար­ձու­ցած են… “ծծել“ բա­ռը: Այն ծա­մօ­նին գոր­ծա­ծու­թիւնը, զոր սպա­նացին­ե­րը տա­րած են Ամե­րի­կա­յէն 16րդ դա­րուն` աց­տեկ­նե­րէն ու մա­յա­նե­րէն սոր­վե­լէ ետք անոր գոյու­թիւնն ու անու­նը(նահ­ուաթլ tziktle / մա­յա tsicte > սպա­նե­րէն chicle), եւ որուն նա­խա­նիւ­թը­ ա­մե­րիկ­եան ծագում ու­նի եւ ո՛չ` եւ­րո­պա­կան կամ աս­ի­ա­կան…:

Այս բո­լո­րէն ետք, կա­րե­լի չէ զար­մա­նալ, որ 2004ին Մ. Սարգսեան յօդ­ուած մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու Ակա­դեմ­իա­յի “Լրա­բեր հա­սա­րա­կա­կան գիտու­թիւն­նե­րի“ին (թե­րեւս` անգլե­րէն յօդ­ուա­ծին բնագիրը) եւ նախ մեծ ոգեւո­րու­թեամբ ըն­դու­նե­ցին եւ դրե­ցին հեր­թի, իսկ “եր­կու տա­րի­հեր­թում“ մնա­լէ ետք, գլխա­ւոր խմբագիրը կան­չեց, թէ` չենք տպե­լու, յօդ­ուա­ծը խիստ հա­յա­մէ­տա­կան է: Հա­ւա­նա­բար գլխա­ւոր խմբագիրը` Ակա­դեմ­իա­յի թղթա­կից ան­դամ ու պատ­մա­բան Ալ­բերտ Խա­ռատ­եա­նը,հասկ­ցած է, որ այս­պի­սի “խիստ հա­յա­մէ­տա­կան“ (այ­սինքն` հա­յե­րէ­նը ամէն ­բա­նէ վեր հա­մա­րող, նե­րառ­եալ` տրա­մա­բա­նու­թիւնը) յօդ­ուած` իր կաս­կա­ծե­լի ­հիմ­քե­րով, պար­զա­պէս հան­դէ­սի վար­կին վնաս պի­տի բե­րէր:

Ֆին­լան­տա­ցի Սե­փօ Թիւ­սա­նեն` կեն­սա­բա­նու­թեան դոկ­տոր մը, որ Նի­քա­րակ­ուա կ՛ապ­րի եւ ծի­նագիտա­կան (genetic) ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով կը զբա­ղի, շատ ոգեւոր­ուած է եղեր այս գիւ­տե­րով. Յօդ­ուա­ծը հաս­տա­տել է րն­րանց կեն­սա­բա­նա­կան տե­սու­թիւնն այն մա­սին, որ որոշ հին ժո­ղո­վուրդ­ներ­ կա­րող են ու­նե­նալ ընդ­հա­նուր գէներ: Այ­մար­նե­րի մէջ նրանք հայ­կա­կան գէնե­րեն գտել: Ես չեմ կա­րող դա ոչ պնդել, ոչ հաս­տա­տել, քա­նի որ կեն­սա­բան չեմ, կը պնդեմ միայն լեզ­ուա­կան նմա­նու­թիւնը: Ասի­կա նոր թե­ւեր տուած է հե­տա­զօ­տո­ղին, որ Նի­քա­րակ­ուա­յէն ստա­ցած այ­մա­րա-սպա­նե­րէն 3000 բառ պա­րու­նա­կող բա­ռա­րա­նէ մը յա­ւել­եալ “գիւ­տեր“ շա­րու­նա­կած է ընել:

Անոր փո­խա­րէն, այդ պնդու­մը ար­դէն ըրած է Այ­մար­ներ` հա­յա­բառ եւ հա­յագէնհնդկա­ցի­ներ խո­րագրով անս­տո­րագիր գրու­թեան հե­ղի­նա­կը (Յու­լիս 8, 2013, boon.am), որ անե­րե­ւոյ­թին մէջ իր թա­փա­ռում­նե­րը (ինչ­պէս պի­տի ըսէր Հ. Վար­դան Հա­ցու­նի) հիմ­նա­ւո­րե­լու հա­մար կը յի­շա­տա­կէ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն նոր­զե­լան­տա­ցի գիտ­նա­կան­ներ Ռա­սըլ Կրէ­յի եւ Քուէն­թին Աթ­քին­սը­նի յա­ռաջ քա­շած տե­սու­թիւն­նե­րը, որոնք հնդեւ­րո­պա­կան մայր ­լեզ­ուի տրո­հու­մը կը դնեն Ք.Ա. 6700ի շուրջ, իսկ հա­յե­րէ­նի գոյա­ռու­մը` Ք.Ա. 5300ի շուրջ: Ատի­կա եւ ու­րիշ կար­ծիք­ներ դրօ­շա­կի նման ծա­ծա­նե­լէ առաջ, կը կար­ծենք, որ նա­եւ պէտք է ծա­նօ­թա­նալ անոնց քննա­դա­տու­թեան ­փաս­տարկնե­րուն` պաշ­տօ­նա­կան գիտու­թիւնը, սա­կայն, ել­նե­լով քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րի գոր­ծիք լի­նե­լու իր դե­րից, պար­զա­պէս աչք է փա­կում բազ­մա­թիւ ապա­ցոյց­նե­րի վրայ տե­սա­կի անա­պա­ցոյց ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ար­ձա­նագրե­լու փո­խա­րէն:

Ո՛չ մարդ­կա­յին երե­ւա­կա­յու­թիւնը սահ­ման­ներ ու­նի, ոչ ալ “մատ­նե­րից ծծած“, ինչ­պէս կ՛ըսեն Հա­յաս­տան, փաս­տեր հրամց­նե­լու մար­մա­ջը: Օր մը, թե­րեւս, պի­տի տես­նենք “Star Trek“ գիտա-երե­ւա­կա­յա­կան հա­ղոր­դա­շա­րի klingon լեզ­ուի հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն “ապա­ցու­ցում“ը…:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles