Լրահոս

Կոչ «Արմէն» Ճամբարը Վերադարձնելու

Camp-Armen 2

ՊՈԼԻՍ.- Թուզլա շրջանի «Արմէն» ճամբարի փլուզումին դէմ բողոքի դիմադրութիւնը, շաբաթներէ ի վեր կը շարունակուի:
«Նոր Զարթօնք» շարժումի երիտասարդները կը յայտարարեն, որ իրենք այնտեղէն պիտի չհեռանան եւ պահակ պիտի կենան փլուզումին դէմ։ Անոնք պահանջեցին, որ ճամբարն ու անոր կալուածաթուղթը վերադարձուի Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ։
«Մեծ Մայրս» խորագրով գիրքի հեղինակ եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատի փաստաբան՝ Ֆեթհիյէ Չեթին արտայայտուելով ճամբարին մասին՝ ըսաւ. «Միակ լուծումը հետեւեալն է։ Պետութիւնը այս կալուածին համար հատուցում կը վճարէ կալուածի այսօրուան սեփականատիրոջ ու կալուածը կը վերադարձնէ հայերուն։ Ասիկա այնքան դժուա՞ր խնդիր մըն է։ Եթէ քիչ մը պրպտենք, կը տեսնենք, որ քանի քանի անգամներ կատարուած են նմանօրինակ գործողութիւններ»։

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button