
Յ. Պ.
Ծանօթներիցս մէկն անցեալ տարի հետաքրքիր միտք յայտնեց. «Եթէ Հայաստանում ընտրութիւններին 10.000 դրամ փող էր բաժանուում, պարզ չի՞, որ այդ իմացել են նաեւ մեր թշնամիները: Եթէ առանձին մարդը ծախուում է այդքան գումարով, ապա կարելի է միլիոնաւոր դոլարներ ծախսել եւ գնել ողջ Հայաստանը»:
Աւետիք Իշխանեան
Հետաքրքրականէ աւելի հետաքրքրաշարժ են Սահմանադրական Դատարանի նիստերը, եթէ հայ չէք, իսկ եթէ հայ էք պարզապէս կը տխրիք, կը յուսահատիք, լսելով «մերկացումներ»ը եւ «արդարացումները:
Այդ «մերկացումներ»ը զանազան եղանակներով կը կատարուին նաեւ սփիւռքի մէջ, նոյնքան եւ աւելի բուռն շարահիւսումներով, որոնք աւելի հաւաստի կը թուին ըլլալ ըստ իրենց բրտութեան եւ չափազանցութեան:
Սահմանադրական Դատարանի առջեւ կը յայտարարուի, որ նոյն հասցէի բնակարանէն հարիւրէ աւելի քուէարկողներ եղած են: Իսկ սփիւռքի ոճիր-արկածի վէպի խանդավառ հեղինակի պէս խօսողներ կ’ըսեն, թէ 44օրեայ պատերազմէն առաջ արդէն «Ղարաբաղը ծախուած էր», կամ Ռոբերտ Քոչարեանը «հայ չէ, ազերի է»… Իսկ ոմանք ալ կը խօսին խենէշ պատիժներու մասին, զորս չեմ մէջբերեր:
Վաղը, այս տողերը կարդացողը կրնայ զանոնք «մշակել», մանրասնութիւններ աւելցնել, եւ կ’ունենանք ԻԱ դարու առասպելական նոր գրականութիւն, որ պարտու-թիւն եւ անկարողութիւն կը դարմանէ զանոնք կրկնելով, զարդարելով, տարածելով: Լեզուագարութիւնները աճեցնելով, կը կորսնցնենք իրատեսութիւն եւ ողջախոհութիւն, քանի լսուող հեղինակութիւն(ներ) չկայ, ամէն մարդ իրաւունք ունի, ամէն մարդ ճիշդ է, այսինքն՝ հաւաքաբար սխալ ենք:
Կան նաեւ կոշկոռ կապած քինախնդրութիւններով հիւանդներ, որոնք թիրախ կը փնտռեն դառնութիւն յագեցնելու, մոռնալով ամէն կարգի բարոյական եւ պատշաճութիւն, կը ծառայեն չես գիտեր ո՞ր նպատակին, եւ չբաւարարուելով քննադատութեամբ եւ ցեխարձակումով անգամ, նեխած հայհոյանքներ կը տարածեն համացանցով: Հայհոյանքը կրնա՞յ պաշտպանութեան փաստարկ ըլլալ նոյնիսկ պաշտպանեալին:
Անմահն Յակոբ Պարոնեան իր բառարանին մէջ հայհոյանքին դիմաց գրած էր՝ փաստի սով:
Ո՞ւր փնտռել մէկութիւն, միասնութիւն, հայկական հաւատարմութիւն:
Այս հարցերու մասին կը մտածէի, դժբախտաբար առանձնութեանս մէջ, քանի որ անկարելի դարձած է ազգային մտահոգութիւններու մասին խօսիլ եւ խորհրդակցիլ ծանօթի եւ բարեկամի հետ: Հրապարակը այնքա՜ն խառնակ է, միտքերը այնքա՜ն պղտորած են, աջ դառնաս թէ ձախ: Այս վիճակին մէջ էի, երբ համացանցի «Հրապարակ»ի կայքէջին վրայ հանդիպեցայ Աւետիք Իշխանեանի ՓՈ՛Ղ, ՓՈ՛Ղ, ՓՈ՛Ղ խորագրուած յօդուածին: Ոմանց համար մեղանչում է Ա. Իշխանեանի անունը յիշել, գրածը ընթերցել: Բայց Ա. Իշխանեան գէթ կը փորձէ իրականութիւնը նշդրակել:
Ա. Իշխանեան Հայաստան կ’ապրի, իրաւապաշտպան է, Հելսինկեան կոմիտէի նախագահ, մեզմէ աւելի տեղեակ հայաստանեան իրականութեան, գէթ մեզի չափ հայրենասէր է եւ իրատես: Կրնանք միշտ համաձայն չըլլալ իր գրածին եւ ըսածին, բայց պարկեշտութիւնը կը պահանջէ, որ առանց կանխակալ կարծիքի զինք լսենք:
Յօդուածը լոյս տեսած է Յուլիս 12-ին:
Ա. Իշխանեան կ’ըսէ, որ Եւրոմիութիւնը «յառաջիկայ 4-5 տարիների ընթացքում Հայաստանին կը տրամադրի շուրջ 2,5 միլեառ եւրոյի օգնութիւն : Այս լուրը հանրութեան կողմից տարաբնոյթ մեկնաբանութիւնների արժանացաւ: Ոմանք այն դիտարկում են, որպէս Արցախի գին եւ հակառուսական նախագիծ (ընդգծ. Յ.Պ)»: «… Հակառակ բեւեռը… ոգեւորուած համեմատութիւններ է անում, մինչ այժմ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի՝ Հայաստանում կատարած ներդրումների միջեւ եւ յիշում յայտնի ՛՛գոյք պարտքի դիմաց՛՛ գործարքը եւ ահա՝ Արեւմուտքի անշահախնդիր սէրն ու օգնութիւնը Հայաստանի հանդէպ»:
Ինչո՞ւ կ’ըլլայ այս օգնութիւնը: Ա. Իշխանեան կ’ըսէ. «…պնդում են իրենց տեսակէտը. Հայաստանը պէտք է դուրս գայ ՀԱՊԿից (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն, Յ.Պ.), ԵԱՏՄ-ից (Եւրասիական տնտեսական միութիւն, Յ.Պ.), պահանջի հեռացնել ռուսական ռազմաբազան (ռազմական խարիսխը, Յ.Պ.) եւ ռուս սահմանապահներին, մերձենայ Արեւմուտքին, դառնալով ՆԱԹՕ-ի անդամ, այսինքն՝ Թուրքիոյ գործընկերը (ընդգծ. Յ.Պ.)»:
Հայաստան գոյութիւն ունեցող մտայնութեան մասին կ’ըսէ. «Տարիներ առաջ նոյն կերպ մտածողները նոյնպէս համեմատութիւններ էին անում, թէ ֆինանսական որքան օգնութիւն է ստանում ԵՄից (Եւրոմիութիւն) Վրաստանը եւ որքան Հայաստանը։ Ի հարկէ, համեմատութիւնները յօգուտ Վրաստանի էին : Ի դէպ, այն Վրաստանի, որը Սահակաշվիլիի ՛՛շնորհիւ՛՛ կորցրեց Աբխազիան եւ Հարաւային Օսիան։ Իսկ գուցէ այդ հսկայական օգնութիւնը տրամադրուում է Հայաստանին, արդէն որպէս ժողովրդավարական իշխանութիւն ունեցող երկիր, որ շարունակի ժողովրդավարական բարեփոխումնե՞րը։ Բայց, ինչու՞ հիմա»:
Շարունակութեան մէջ Եւրոմիութեան կատարած օժանդակութեան միտումը կը բացատրուի. «ԵՄ-ն լայնածաւալ ֆինանսական օգնութիւն տրամադրելուց ձեռնպահ մնաց 2018թ․ ՛՛արդար, թափանցիկ, ժողովրդավարական՛՛ ընտրութիւններից յետոյ նոյնպէս։ Եւ ահա, օ՜ հրաշք, պատերազմում խայտառակ պարտութիւն կրելուց, Արցախը յանձնելուց, եւ արդէն ընդդիմութեան օժանդակութեամբ, ՛՛ընտրութիւններում՛՛ այդ ամէնը լեգիտիմացնելուց (օրինականացնելուց, Յ.Պ.) յետոյ, ԵՄ-ն շռայլօրէն բացում է քսակը… Եթէ հաշուի առնենք, որ ողջ պատերազմի ընթացքում ԵՄ բարձրաստիճան պաշտօնեաներն անթաքոյց պաշտպանում էին Ադրբեջանի ՛՛տարածքային ամբողջականութիւնը՛՛, խրախուսելով նրա կողմից սանձազերծուած պատերազմը՝ ամէն ինչ իր տեղն է ընկնում…»: …Բայց, շնորհակալութեամբ ընդունելով առաջարկուող օգնութիւնը, չի կարելի այն դարձնել որպէս հակառուսական դրօշ»։
Ա. Իշխանեան այսօրուան եւ վաղուան կողմնորոշման համար կ’ուղղէ հիմնական հարցումը. …«ո՞ր երկրներն են այսօր մեր թշնամիները։ Ակնկալում եմ պարզ պատասխան՝ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան»։ Եւ ինք կը պատասխանէ. «Որքան անհեռատես եւ տխմար պէտք է լինել, որ յատուկ՝ տարածաշրջանի կարեւոր, հիմնական դերակատար Ռուսաստանին նոյնպէս թշնամի դարձնես։ Տխմա՞ր, թէ՞․․․
Այլ հիմնական եւ սուր միտքեր ալ կան Ա. Իշխանեանի յօդուածին մէջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կարօտի ընդարձակ բացատրականի: Մտահոգ հայը լաւ կ’ընէ գտնելով եւ կարդալով յօդուածը ամբողջութեամբ: Եւ կարելի չէ չլուսաբանուիլ եւ չընդվզիլ:
Ա. Իշխանեանի յօդուածը ահագնացող վտանգի դիմաց գիտակից քաղաքական գործիչի, նաեւ՝ շարքային հայու, ուղղուած խստագոյն զգուշացում է: Հետագային ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու, չէինք գիտեր, զգուշացնող չեղաւ:
Փողի տրամաբանութենէն, լոգիկայէն, դուրս գալով, պիտի ընդգրկե՞նք հայրենատիրական տրամաբանութիւնը:
Աղէտէն ետք հեռուի եւ մօտի սպիտակ ձեռնոցաւորներու վերլուծումները անշահ են, դատարկաբանութիւն:
Ա. Իշխանեանի յօդուածը աչքի կապանքները հանելու հրաւէր է:
Շատ շիտակ խուլասա գրած է ՅՊ, եւ կըսէ որ պէտք է մեր աչքի կապերը հանենք: Մէկը չիկայ որ համաձայն չ’ըլլայ: Միան մէկ հարց կայ. ասոր համար, մէկը պէտ է որ աչք եւ խելք ունենայ. Հայաստանի կարավարութեան վրայ եղողները ոչ աչք ունին, ոչ ալ խելք: Աս խրատը ինչպէ՞ս պիտի հասկնան: