ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ԳՏԱԾ Է ՄԷԿԸ ՈՐ ՇԻՄԷՆԻ ԱՉՔԵՐՈՎ ՉԻ ԴԻՏԵՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ
Յունուարի ցուրտ յետ-միջօրէ էր: Անմխիթար պարտէզին մէջ արեւ կար, զոր շատ մը լաւ համարուած բաներու պէս հեռուէն պէտք էր դիտել:
Արմենակ մենակեացներու տեղեկատուն է: Եկած էր թեւին տակ գիրքերով եւ թերթերով: Բաժակ մը ՆՈՅ կոնեակ կեանքի բերաւ զինք:
– Մակա՛ր, Հայաստան իսկապէս խօսքի ազատութիւն կայ եւ կան նաեւ այդ ազատութիւնը սիրողներ: Քեզի բերի «ԱԶԳ» թերթին մէջ լոյս տեսած ինծի անծանօթ Մանուկ Արամեանի յօդուածը: Կարդա՛: Վերջապէս փաստերով խօսողներ եւ գրողներ կան:
– Մի՛ զարմանար,- ըսի,- միշտ բացառութիւններ եղած են, թէեւ կիրքեր եւ յուզումներ միշտ խցած են ականջները եւ կապանք դրած աչքերուն:
– Այս Մանուկ Արամեանի խօսքը սրճարանի, եկեղեցիի բակի եւ կարգ մը ժողովներու շատախօսութիւններէն տարբեր որակ ունի. թիւեր եւ փաստարկներ: Մենք կրնանք սիրել կամ չսիրել այս կամ այն ղեկավարը: Ինք քննադատած է Հայաստանի վարչապետը եւ անոր «թիմ»ը, ցոյց տալով սուտն ու կեղծը, որպէսզի ժողովուրդը հեռանայ ամբոխի զգացական վիճակէն:
– Արմենա՛կ, այդքան ալ դիւրին չէ ամբոխը լուսաբանել, մտայնութիւնները փոխել: Ամբոխը հարցերը կը դիտէ գրականութեան Շիմէնի սիրահարի աչքերով:
– Ընդգծած եմ Մանուկ Արամեանի էջէն տողեր: Կը կարդամ եւ կը հիանամ:
– Կարդա՛ ես ալ հիանամ:
Եւ Արմենակ, բեմբասացի պէս, հատիկ հատիկ կարդաց.
…Հակառակ Հայաստանում օր օրի վատթարացող սոցիալ-տնտեսական կացութեան, Նիկոլ Փաշինեանը շարունակում է ջանքեր գործադրել ցանկալին իրականութեան տեղ ներկայացնելու ուղղութեամբ:
…Կեանքը վարդագոյն ներկայացնելու փորձը աւելի համոզիչ դարձնելու համար վարչապետի պաշտօնակատարը յաւելում է, որ «մի պահ գնաճի վարքագիծը իրօք մտահոգիչ էր, բայց կառավարութիւնը եւ ԿԲ-ն կարողացան հասնել գնաճի զսպմանը: Իսկապէ՞ս:
…Կամ գուցէ ասե՞լ էին, բայց Նիկոլ Փաշինեանը սովորութեան համաձայն միանձեայ է ամէն ինչ որոշել: Ինչեւէ:
…Նիկոլ Փաշինեանը սակայն խնդիր ունի ամէն կերպ հիպնոսի մեջ պահել իրեն հաւատացող զանգուածին:
…Նիկոլ Փաշինեանի անձնական մեղաւորութեան պատճառով դա տեղի ունեցաւ, որի արդիւնքում նախորդ տարուան համեմատ գիւղատնտեսութիւնում շուրջ 16 մլրդ դրամի կորուստ ունեցանք:
…Հիմա կարծես թէ ոչինչ, ամէն ինչ բարեյաջող անցաւ եւ անգամ կարելի է կորուստը որպէս նուաճում ներկայացնել:
…Այսինքն, կարելի է ամէն ինչ տանել դէպի վատթարացում, բայց հրճուել եւ փորձել դա ներկայացնել որպէս նուաճում:
| …Փոխարէնը մարդկանց մի ստուար զանգուած շարունակում է հրճուել Նիկոլ Փաշինեանի «ի հեճուկս կանխատեսումների» ցածր գնաճի մասին գրառմամբ, պենզինի ցածր գնի վերաբերեալ գրառմամբ եւ բնականաբար, չի էլ փորձում ճշտել իրեն խաբում են, թէ՞ ոչ: Դարձեալ փաստենք. սա «Նոր Հայաստանն» է, որտեղ բնական է այն, ինչ անտրամաբանական է:
Կեդրոնականցին շունչ առաւ: Ապա՝ – Սիրելիս, մենք կը սիրենք հիպնոսանալ: Կը սիրենք կուռքերը: Իրականութիւնը կ’անհանգստացնէ: Չեմ գիտեր ով ըսած էր. «Ես երազը սիրեցի»: Կեդրոնականցին թուղթերը ձգեց եւ գնաց:
Մակար ի Գաղիա, 18 յունուար 2018 |


