ԿԵԱՆՔ – ԱՐԵՒ – ԳՈՅՈՅԹ*

Ամէն արարած իր արեւն ունի
Հետը կը ծնի, հետը կը մեռնի․․․
Կը մեռնի ըսի,
Ո՜չ, չի՜ մահանար
Պարզ կը խաւարի․․․ լո՜ւռ կը մթագնի․․․
Արեւը կ՛երթայ, լոյսն իր կը մարի
Բայց արարածը, կը մնա՛յ, կ՛ապրի՛՝
Իր՝ «Է»-է՛ն բխած «գոյոյթով»-ն* վեհի․․․
Մարդը կը մեռնի,
Իսկ «Է»-ն խոհերու ծիրերը գրկած
Լուռ կը սաւառնի
Նոր արեւներուն լոյս կը պարգեւի․․․
Ամէն արարած իր արեւն ունի
Հետը կը ծնի, հետը կը մեռնի
Չէ՜․․․ չի՜ մահանար․․․
Ան կ՛ապրի, կ՛ապրի շունչովը «է»-ի,
Հուրո՛վն՝ որ տուաւ բագինին կեանքի,
Լոյսո՛վն որ տուաւ ճամբուն յաւերժի,
«խոհոյթ»-ովն* «է»-ի՝
որ տուաւ անոնց,
որ եկան խոնարհ արեւամուտին
իր ճախրած կեանքին
արեւն երգելու․․․
Մարդը կը մեռնի․․․
Բայց ՉԻ՛ մահանար․․․
Ո՜Չ, ՉԻ՜ մահանար․․․
Ան լուռ, լռակեաց․․․
«է»-ոյթով*․․․ Կ՛ԱՊՐԻ․․․
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
*գոյոյթ, խոհոյթ, է-ոյթ, բառերը՝ «Նորակազմ Բառերու Համակարգ»-էս են։
Գրիգորեան Տոմար- Օր՝ 7, Ամիս՝ 4, Տարի՝ 2026
Հայկեան Տոմար՝ Օր՝ Գիշերավար, Ամիս՝ Արեգ, Յամի ՏՇԺԷ (4517)

