“ԿԱՑԻՆԱՀԱՐ“ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ…

0 0
Read Time:1 Minute, 30 Second

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Սեպտեմբեր  10, 2011 

 

Ազերի մարդասպան Սաֆարովի ոդիսականը ոչ թէ միայն մելան կը հոսեցնէ, այլ նաեւ զայրոյթի, ցասումի եւ ընդվզումի “լաւա“ կը ժայթքեցնէ:

Սակայն օրերը որքան կ՛անցնին, այնքա՜ն կը յստականայ թէ բան մը…շատ բաներ սխալ գործած են “Սաֆարով“ կոչեցեալ թղթածրարին մէջ:

Ըստ երեւոյթին, Պուտափեշթէն լաւատեղեակ աղբիւրներ հաստատած եւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան տեղեկացուցած են թէ Պաքու գործի լծուած է, ամէն գնով իր յանցապարտ քաղաքացին ազատ արձակելու:

Հոս է որ հայրենի արտաքին գործոց մեքենան զարմանալիօրէն չէ գործած եւ պատճառ դարձած, որ իր կարգին “կացինահար“ քաղաքականութիւն մը կիրարկէ:

Օրին վլվլուք պիտի ստեղծուէր եւ այդ ալ ներկայ օրերու ընծայած դիւրութիւններուն` դիմատետր (facebook), դայլայլիչ (twitter), եւայլն…միջոցաւ, եւ Սաֆարովի ազատ արձակելու սադրիչ աշխատանքները ինքնաբերաբար զանգուածային խոչընդոտներու առջեւ կրնային գտնուիլ, յանձին նոյնիսկ արգելափակող երկրէն ներս:

Այսպէս, փոխանակ ապառնիին կատարուելիք ահաւոր անիրաւութեան մը դէմ պայքարելու, արգելք հանդիսանալու եւ “անցեալ անկատարեալ“ իրավիճակի վերածելու…դժբախտաբար “անցեալ կատարեալ“ի մը մասին կը խօսինք, որուն պարզած հետեւանքներն ու իրադարձութիւնները շատ աւելի ահաւոր կացութիւն մը ստեղծած են:

Հայրենի ղեկավարութեան կողքին, նաեւ “կացինահար“ է Եւրոմիութեան անդամ երկիր մը` Հունգարիան, որուն ղեկավարները թէ՛ անհատական եւ թէ՛ ազգային (իրենց ակնոցով դիտուած) հաշիւներով կը կարծէին թէ կը բանակցէին միջազգային օրէնքներն ու “փրոթոքոլ“ը յարգող պետութեան մը հետ, սակայն անոնք չէին գիտեր թէ սելճուքեան կամ այս պարագային աղուանական արշաւանք մը կը կատարէին, փոխան այրուձիի եւ զինամթերքի` սեւ ոսկիի  “զէնք“ն ու գողտրիկ գումարներ գործածելով:

Զարմանալիօրէն նոյնիսկ “կացինահար“ է նոյնինքն կացինի տէրը` Ատրպէյճանը, որու ժողովուրդին պարտականութիւնն է ենթագիտակցիլ թէ իր երկրի ղեկավարութիւնը գործած է ահաւոր սխալ մը, առիթ ընծայելով որ Սաֆարովներու փաղանգ մը ստեղծուի եւ երկիրը բնակուի մարդասպաններով եւ ոճրագործներով: Այսպիսի նախնադարեան եւ անտառային քաղաքականութեան որոշումներով, Ալիեւ ինքզինք “չէքմէյթ“ կատարած էր, մինչդեռ եթէ յարգած ըլլար  միջազգային օրէնքներն ու պայմանները եւ Պաքուի մէջ արգելափակած պահէր իր “հերոս“ը, այդ ժամանակ ճատրակի աշխարհի ախոյեան` Հայաստանն էր որ “չէքմէյթ“ի ենթարկուած պիտի ըլլար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles