ԿԱՐՃ ՈՒ ԿՏՐՈՒԿ ՊԻՏԻ ԸՍԵՆՔ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ…

0 0
Read Time:3 Minute, 9 Second

Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան սփիւռք­եան գա­ղութ­ներ պի­տի այ­ցե­լէ« իմա­նա­լու հա­մար հա­յու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան տե­սա­կէտ­նե­րը՝ Թուրք­իոյ հետ Հա­յաս­տա­նի կնքե­լիք հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

Եթէ »ֆութ­պո­լա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան« շղթա­յա­զեր­ծու­մէն« Ապ­րի­լ 22-ի ծա­նօթ յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ու մա­նա­ւանդ Օգոս­տո­ս 31-էն աս­դին« նա­խա­գահն ու գոր­ծա­կից իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը չեն իմա­ցած թէ ի°նչ է սփիւռ­քի հա­յու­թեան տե­սա­կէտ­նե­րը« աւե­լորդ չþըլ­լար« ու­րեմն« եթէ ան­գամ մը եւս կրկնենք զա­նոնք« եւ երբ նա­խա­գա­հը գայ ըսենք իրեն.

Պա­րոն նա­խա­գահ« դուք չէք կրնար ստո­րագ­րել« պէտք չէ ստո­րագ­րէք հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րը՝ իրենց այժ­մու բո­վան­դա­կու­թեան մէջ: Անոնք իրո­ղա­պէս ու իրա­ւա­պէս խաչ կը քա­շեն մեր իրա­ւա­տի­րու­թեան վրայ« կը փա­կեն ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թեան մեր ու­ղին: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու անոր հե­տե­ւանք­նե­րուն դար­մա­նու­մը« բո­լո°ր մար­զե­րուն մէջ ար­դար հա­տու­ցու­մը սա­կար­կե­լի հար­ցեր չեն: Սա­կար­կե­լի չեն նա­եւ Ար­ցախ­եան Պայ­քա­րին ար­դիւնք­նե­րը: 20ական տա­րի­նե­րէն մին­չեւ 80ական­նե­րու վեր­ջե­րը« Ար­ցախն ու իր ժո­ղո­վուր­դը ապ­րե­ցան դառն փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ« Ազր­պէյ­ճա­նի խտրա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով: Փորձ­ուա­ծը վերս­տին փոր­ձե­լը իմաստ չու­նի« ինչ­պէս որ իմաս­տա­զուրկ է ցե­ղաս­պան Թուրք­իոյ պե­տու­թե­նէն բա­րիք սպա­սե­լու »տրա­մա­բա­նու­թիւնը«: Թուրք­իոյ իշ­խա­նու­թեան բա­րի վա­րուց վկա­յա­գիր տալն ու անոր առ­ջեւ Եւ­րո­պա­յի ու այլ խմբա­ւո­րում­նե­րու առ­ջեւ դուռ բա­նա­լը չեն կրնար իրա­կա­նա­նալ« այն­քան ատեն« որ Եւ­րո­պա­կան Հա­մայն­քի 1987ի հռչա­կա­գի­րին պայ­ման­նե­րը չեն իրա­կա­նա­ցած: Մենք չենք կրնար ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն մէջ նման դուռ բա­նալ Թուրք­իոյ առ­ջեւ« ի°նչ կա­շառք ալ որ առա­ջարկ­ուի հա­յու­թեան (հա­յե­րու): Ֆութ­պոլն ու ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը բե­ւե­ռա­պէս տար­բեր են իրար­մէ…

Ամէ­նէն կա­րե­ւո­րը՝ պի­տի ըսենք նա­խա­գա­հին. ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԻՒՆԸ ՄԻ­Ա­ԿԱՄ Է ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԲՈ­ԼՈՐ ՀԻՄ­ՆԱ­ԿԱՆ ՊԱ­ՀԱՆՋ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՄԷՋ: Այս հար­ցե­րուն դի­մաց« իրար­մէ տար­բեր չեն հայ­րե­նաբ­նակ թէ ար­տերկ­րա­ցի հա­յե­րը: Թող ոչ ոք յանդգ­նի նման շին­ծու տար­բե­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծել հա­յու­թեան տար­բեր հատ­ուած­նե­րուն մի­ջեւ:

Այս կեց­ուածքն ու պա­հան­ջը մէկ ան­հա­տի չեն պատ­կա­նիր« այլ ամ­բո°ղջ հա­յու­թեան: Վկա°յ՝ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դին դի­մաց բարձ­րա­ցած ար­տերկ­րի յու­շար­ձան­նե­րը« վկա°յ Եռաբ­լուրն ու Ար­ցա­խի մէջ կանգ­նած՝ նա­հա­տակ­նե­րու յու­շար­ձան­նե­րը:

       Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 28, 2009

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles