ԾԱՒԱԼՈՂԱՊԱՇՏ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ … ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 39 Second

kurd8  ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Յունուար 14, 2012

Յունուար 9-10-ին, Փարիզի քրտական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ կատարուած քստմնելի արարքին ոճը, դրդապատճառներն ու յատկապէս “թայմինկ“ը, շատ աւելի մտահոգութիւն կը ստեղծէ, թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ ներքին ֆրանսական իմաստով:

Միջազգային իմաստով, նմանօրինակ ոճիր կը յիշեցնէ անցեալ դարաշրջանի 70-80ականներու վտանգաւոր տարիները, ուր Եւրոպայի զանազան քաղաքներու մէջ, ներառեալ Փարիզ, կը պատահէին խափանարարական արարքներ, առեւանգումներ, ահաբեկչութիւններ եւ պայթումներ: Երկար ժամանակէ ի վեր նմանօրինակ իրավիճակ չէր ստեղծուած եւ ընդհանրապէս ծայրայեղ կրօնամոլ շարժումներն էին, որոնք իրենց գործունէութիւններով կը զբաղեցնէին յատկապէս արեւմտեան աշխարհի ներքին ապահովութեան ուժերն ու գաղտնի սպասարկութիւնները:

Ներքին ֆրանսական իմաստով, դէպքը պատահեցաւ այն ժամանակ, երբ ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան երկիրը պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարած էր Ափրիկէի նախկին գաղութներէն Մալիի Հիւսիսային շրջանի ծայրայեղ, շարիա պարտադրող կրօնամալ իսլամական ուժերու դէմ, որոնք հետզհետէ զօրանալով, քար ու քանդ ըրած էին պատմական Թիմպուքթու քաղաքի սրբատեղիները, եւ սկսած էին յառաջանալ դէպի մայրաքաղաք Պամաքօ:

Եւ Ճիշդ այդ օրերուն, երբ Ֆրանսայի օդուժի օդանաւերը սկսած էին իրենց ռմբակոծումներուն, Ափրիկեան ցամաքամասի այդ անծանօթ հողաշերտէն ներս, միեւնոյն ժամանակ նաեւ աւելի արեւելեան կողմ` Ափրիկեան եղջիւրի շրջանէն ներս…Սոմալիի հարաւային տարածաշրջանէն ներս, Ֆրանսական մարզուած յատուկ ուժեր “քոմանտոյական“ յարձակումով մը կը փորձէին ազատել առեւանգուած պատանդներ:

Եւ երեւակայել թէ, այս անցուդարձերուն լոյսին տակ, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան, ամէնայն ինքնավստահութեամբ եւ համարձակութեամբ պատասխանատուութեան տակ կ՛առնէ Ֆրանսայի նախագահ Հոլանտը, որ իբր թէ տեղ տուած է քիւրտ “ահաբեկիչներ“ու, նաեւ տեսակցութիւններ ունեցած անոնցմէ մէկուն հետ: Արդեօք, առանց խօսքերը ծամծմելու կարելի չէ՞ հաստատել թէ Փարիզի բանուկ Լա Ֆայէթ շրջանի թիւ 147 շէնքի վարձակալներուն դէմ կատարուած արարքին ահաբեկչութիւնը կազմակերպած երկրին վարչապետն է, որ եկած է գայլի (վստահաբար “գորշ գայլեր“ու) աւետարան կարդալու եւ այսպէս աշխարհին ցոյց տալու թէ իր ղեկավարած ծաւալողապաշտ քաղաքականութիւն եւ ահաբեկչութիւն կիրարկող երկիրը կը մնայ տիպար օրինակ մը…Արեւմտեան աշխարհին դիմաց:

Յամենայն դէպս, հոսած արիւնէն շատ աւելի մելան պիտի հոսեցնէ երեք կին գործիչներու սպանութիւնը…եւ անշուշտ պատճառ դառնայ որ Ք.Ա.Կ.-ի ղեկավար Ապտուլա Օճալանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարութեան միջեւ, վերջերս սկսած  բանակցութիւնները ապարդիւն դուրս գան եւ աւարտին:

Այլապէս, խոր սուգի մէջ է Տիգրանակերտ` Տիյարպէքիրը, որու ցուրտ հողին վրայ կատարուեցան երեք գործիչներուն պաշտօնական յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles