ԽՕՍՔԷՆ ԱՆԴԻՆ

Մուրատ Մանուկեան
Պոսթըն – Մասաչուսէց
Անցնող աւելի քան երեք տարիներուն ընթացքին, սփիւռքի ինքնուրոյն ձայնի ձեւաւորման, քաղաքական կարողականութեան վերականգնման, վերակազմակերպման եւ արդիականացման հարցերը դարձած են հայկական մամուլի ու մտաւորական քննարկումներու կարեւոր թեմաներէն մէկը։ Տպագիր եւ թուայնացած մամուլը, առցանց հարթակներն ու ընկերային ցանցերը լեցուած են բազմաթիւ յօդուածներով, վերլուծութիւններով ու առաջարկներով, մինչ կազմակերպուած են նաեւ խորհրդաժողովներ եւ քննարկումներ, ուր հնչած են մասնագիտական տեսակէտներ ու դիտարկումներ։
Այս ամբողջ մտաւորական աշխուժութիւնը, անշուշտ, անօգուտ չէ։ Ընդհակառակը, ան կը վկայէ, որ սփիւռքի ներկան ու ապագան տակաւին կենդանի մտահոգութեան առարկայ են։ Սակայն բնական հարց մը կը ծագի. եթէ խնդրի ախտաճանաչումը արդէն այնքան լայնօրէն կատարուած է, ապա ինչո՞ւ այդ խօսոյթը տակաւին չէ վերածուած կազմակերպուած եւ գործնական գործընթացի։ Ի վերջոյ, սփիւռքի վերակազմակերպման անհրաժեշտութեան մասին ահազանգը ինքնին կը բխի այն գիտակցութենէն, թէ ներկայ կառուցուածքային վիճակը անփոփոխ պահելը այլեւս կենսունակ տարբերակ չի կրնար ըլլալ։
Այս իմաստով, վերջին տարիներու քննարկումներու հիմնական բացը գիտելիքի պակասը չէ։ Մենք, այսինքն սփիւռքը իր կառոյցներով, արդէն բաւականաչափ գիտենք մեր համայնքներու ժողովրդագրական նահանջին, երիտասարդ սերունդներու կազմակերպական կեանքէն հեռացման, լեզուական կորուստի, հաստատութիւններու ծերացման, քաղաքական կարողականութեան նուազման, տնտեսական ներուժի թերօգտագործման եւ համայնքներու միջեւ համակարգուած գործակցութեան պակասին մասին։ Հետեւաբար, հիմնական հարցը այլեւս «ի՞նչ խնդիրներ ունինք» չէ, այլ՝ «ո՞վ, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ գործընթացով պիտի սկսի անհրաժեշտ փոփոխութիւնը»։
Այս հարցը յատկապէս կարեւոր կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք, թէ սփիւռքի մասին հրապարակային խօսոյթը յաճախ կը շեղի իր բուն առանցքէն։ Երբ սփիւռքին հասցէին կը հնչեն վիրաւորական ելոյթներ, երբ անոր դերը կը նսեմացուի կամ գոյութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ երկրորդական երեւոյթ, բնականաբար կը ստեղծուի պատասխանելու անհրաժեշտութիւն։ Երբեմն այդ արձագանգը իսկապէս անհրաժեշտ է, որպէսզի սուտը չվերածուի անվիճելի ճշմարտութեան։ Սակայն հարցը այն է, թէ որքանո՞վ կարելի է շարունակաբար ծախսել մտաւորական ու քաղաքական ներուժը այնպիսի սադրանքներու պատասխանելու վրայ, որոնց նպատակը կրնայ ճիշդ այդպիսի աղմուկ ստեղծելը ըլլալ։
Ամենազօրաւոր պատասխանը նմանօրինակ վիրաւորական ելոյթներուն, թերեւս, պիտի ըլլար հետեւեալը՝ սփիւռքի հինգ համահայկական կառոյցներու՝ ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մասնակցութեամբ գումարուած խորհրդակցական հանդիպումէ մը բխած հաղորդագրութիւն մը, որ սփիւռքի վերակազմակերպման հարցին պիտի մօտենար ոչ թէ հերթական գաղափարական հռչակագրի, այլ քաղաքական ու հաստատութենական գործընթացի տրամաբանութեամբ։ Այս հինգ կառոյցները անվերապահօրէն պիտի յայտարարէին իրենց համախոհութիւնը հետեւեալ երեք կէտերու շուրջ՝
- Կազմել ներկայացուցչական միասնական մարմին մը,
- Վերածել սփիւռքի վերակազմակերպման ու համազգային հիմնահարցերու շուրջ սփիւռքի ինքնուրոյն ձայնը օրակարգային առաջնահերթ կէտի,
- Ձեւակերպել սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները հաստատութենական հիմքերու վրայ։
Հոս համախոհութիւնը, անշուշտ, չի նշանակեր միակարծութիւն։ Այս հինգ կառոյցները պարտադիր չէ, որ միաձայն ըլլան օրակարգային հարցերու բոլոր նրբերանգներուն շուրջ։ Այդպիսի ակնկալութիւնը ոչ միայն իրատեսական չէ, այլեւ ցանկալի չէ։ Բազմակարծութիւնը բնական ու առողջ երեւոյթ է, եւ ան կրնայ գոյութիւն ունենալ նոյնիսկ այն ատեն, երբ համազգային հիմնարար հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, արեւմտահայերէն լեզուի պահպանումը, սփիւռքեան համայնքներու կրթական խնդիրները եւ սփիւռքը քաղաքական գործօնի վերածելու կարողականութիւնը, գործնական համաձայնութիւն արդէն իսկ գոյութիւն ունի։
Հետեւաբար, առաջին եւ վճռորոշ հարցը այն չէ, թէ ինչպիսի՞ սփիւռք կ՛ուզենք ունենալ տասը կամ քսան տարի ետք։ Այդ հարցը կարեւոր է, բայց ան չի կրնար նախորդել աւելի հիմնարար այն հարցին, թէ գոյութիւն ունի՞ արդեօք քաղաքական կամք՝ այդ ապագան միասին քննարկելու եւ համատեղ գործընթաց մը սկսելու։
Այսպիսի գործընթացէն անխուսափելիօրէն պիտի բխի նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու վերանայումը։ Սփիւռքեան օրակարգերու ձեւակերպումը եւ ինքնուրոյնութեան հաստատումը չի նշանակեր Հայաստանի հանդէպ անտարբերութիւն կամ անջատում։ Ընդհակառակը, միայն կազմակերպուած, քաղաքական կարողականութիւն ունեցող եւ սեփական օրակարգ մշակելու ընդունակ սփիւռք մը կրնայ Հայաստանի հետ յարաբերիլ արժանապատիւ եւ գործընկերային հիմքի վրայ՝ ոչ թէ որպէս ենթակայ կամ ժամանակաւոր գործիք, այլ որպէս համազգային պատասխանատուութիւն կրող ինքնուրոյն դերակատար։
Ուստի, այսօրուան ամենահրատապ քայլը, թերեւս, նոր յօդուած մը գրելը չէ այն մասին, թէ ինչո՛ւ սփիւռքը պէտք է վերակազմակերպուի, որովհետեւ այդ մասին արդէն շատ բան գրուած է։ Հրատապ քայլը այն է, որ նշեալ հինգ կառոյցներէն գէթ մէկը իր մէջ գտնէ քաղաքական համարձակութիւնն ու լայնախոհութիւնը՝ նախաձեռնելու խորհրդակցական հանդիպում մը, որ կեդրոնանայ հետեւեալ հիմնական հարցին շուրջ՝
Կ՛ընդունի՞նք արդեօք բոլորս, որ հայկական սփիւռքը հասած է այնպիսի հանգրուանի մը, ուր անոր համապարփակ վերակազմակերպումը դարձած է անհրաժեշտութիւն։ Եթէ այո՛, աշխատանքը իր շարունակութիւնը կ՛ունենայ։ Իսկ եթէ ո՛չ, այդ պարագային վերակազմակերպման խօսոյթը պէտք է վերաձեւակերպուի։
Դեռ ուշ չէ։

