ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ
Քրիստոնէական կրօնքը իր բազմակողմանի մօտեցումներով մարդկային կեանքին ու գործին, իր հաւատացեալները կþառաջնորդէ այն ճշմարտութեան եւ իրականութեան, որուն ընթացքին մէջ մարդ արարածի գործն ու կենցաղը իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն:
Այդ ընթացքի սկիզբը կը կայանայ մարդուն ամբողջանուէր ընծայման իրողութեան մէջ, Աստուծոյ ու Իր Սուրբ կամքին: Նուիրում բառը ինքնին կը բնորոշէ իր էութենական իմաստը, այնքան մեծ ու վեհ իմաստ, որ իր մէջ կը բովանդակէ իսկական քրիստոնէութեան իմաստը:
Քրիստոնէութիւնը իր սկզբունքներով ու բարոյական ցուցմունքներով, կու գայ սորվեցնելու մարդուն նուիրուիլ ու ընծայաբերուիլ Աստուծոյ: Նուիրումի բարձրակէտն ու մեծագոյն օրինակը Յիսուս Քրիստոս Ինք է, որ յանձն առաւ իր անձը նուիրել եւ ընծայաբերել, կամովին յանձնուելով Աստուծոյ կամքին:
Նոր Կտակարանին մէջ շատ յստակ կերպով կը յիշուի, թէ ինչպէս Քրիստոս իր ծննդեան քառասնօրէքին կþընծայաբերուի Աստուծոյ, տարուելով տաճար, ըստ օրինաց: Հայ ժողովուրդը մեծ կարեւորութեամբ կը նշէ ու հայ եկեղեցին մեծ շուքով կը յիշատակէ այս մէկը, զայն վերածելով տօնակատարութեան, կոչելով Տեառնընդառաջ: Հայ ազգին մէջ այս տօնը կրօնա- ժողովրդական բնոյթ մը ունի, որ կու գայ հին ժամանակներէն, ուստի եկեղեցին սահմանած է Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման յիշատակին համար:
Տիրոջ քառասնօրեայ տաճար ընծայումին պատմութիւնը կը գտնենք Ղուկասի Աւետարանին մէջ (2.22-38): Մեր հայ եկեղեցւոյ ոսկետառ շարակնոցին մէջ եւս կը գտնենք այս իրողութեան գովերգը. »Մարմնացեալդ ի կուսէն նախայաւիտեան Բանդ, այսօր ի տաճարն եկիր կատարել զօրէնս, վասն փրկութեան հեթանոսաց (Կոյսէն մարմնացած նախայաւիտեան Բան՝ Խօսք, Քրիստոս, այսօր տաճար եկար (ընծայուեցար) օրէնքը կատարելու, հեթանոսներուն փրկութեան համար«: (Շարակնոց)
Յաւիտեաններէն առաջ եղող ու ապրող Քրիստոս Աստուած, հողեղէններուս մէջ բնակելով, յանձն առաւ կատարել այն բոլոր օրէնքները, որոնցմով մարդիկ կþառաջնորդուին, որպէսզի մարդիկը հրաւիրէ Աստուծոյ անգիր օրէնքի ճշմարտութեան:
Իսկապէս որ, մեծ է նուիրումի ոգին ու կը հանդիսանայ որպէս վեհ առաքինութիւն: Աստուծոյ համար հաճելի եւ Աստուծոյ կողմէ օրհնուած այս արարքը մարդ արարածին կողմէ, կը բնութագրէ Աստուածային պատկերին ու նմանութեան լիութիւնը:
Մեր կեանքին մէջ շատ են ձեւերը նուիրումի եւ ընծայաբերումի, ըլլայ անհատական եւ ըլլայ համայնական ծիրէն ներս: Ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ նուիրուիլն է էականը, որպէս Աստուծոյ ձեռքով ստեղծագործուած էակներ, նախ պարտաւորութեամբ ու պատասխանատուութեամբ մօտենանք այս իրողութեան, թէ Աստուծոյ նուիրուիլն ու ընծայաբերուիլը պէտք է առանցքը կազմեն մեր երկրաւոր կեանքին: Աստուծոյ նուիրուիլ կը նշանակէ ընել ամէն բան, որ Աստուծոյ կամքին հաճելի է, ընել ամէն բան, որ զԱստուած կը գոհացնէ:Միշտ օրինակ առնելով Յիսուս Քրիստոս, թէ ինչպէս իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ ու մեզի ալ օրինակ դարձաւ այս մէկը իրականութիւն դարձնելու:
Աստուծոյ նուիրուիլ կը նշանակէ նաեւ նախ առաջնահերթ նկատել ամէն բան, որ Աստուծոյ գործը առաջ կը տանի, կարեւոր նկատել առաքինի գործեր կատարելը, մէկ խօսքով յանձնուիլ Աստուծոյ կամքին եւ ընել այն, ինչ որ մեր հաւատքը կը պահանջէ որ ընենք: Աստուծոյ ընծայուիլ կը նշանակէ, Աստուծոյ ու Իր Խօսքի մթնոլորտին մէջ ապրիլ, զոր կրնանք սորվիլ ու իմանալ նախ եկեղեցւոյ մէջ: Քրիստոս տաճար ընծայուեցաւ:
Այսօր անհրաժեշտ է, որ այս սկզբունքին կարեւորութիւն տրուի ու գործադրուի: Աստուծոյ մասին կը սորվինք եկեղեցւոյ մէջ, ուրեմն եկեղեցի յաճախելով կատարած կþըլլանք Աստուծոյ հանդէպ մեր ունենալիք հնազանդութիւններէն մին ու գլխաւորը: Բոլոր մեր հաւատացեալները արդէն Մկրտութեան Սուրբ խորհուրդին արժանի դառնալով իրենց փոքր տարիքէն, արդէն ընծայուած կþըլլան Աստուծոյ ու Իր Սուրբ եկեղեցիին, անդամագրուելով քրիստոնէական կրօնքին: Երբ կը մկրտուինք, Սուրբ Հոգին կը կնքէ մեր նուիրումն ու ընծայաբերումը եւ մենք այլեւս կը սկսինք մաս կազմել Աստուծոյ ժողովուրդին: Ուստի շատ կարեւոր է Աստուծոյ ընծայուիլ սկսելով Սուրբ Եկեղեցիէն: Աստուծոյ ընծայուիլ կը համապատասխանէ այն իրողութեան, թէ հարկ է կատարել ամէն բան ու ստանձնել ամէն տեսակ զոհաբերում Աստուծոյ համար, քրիստոնէական մեր հաւատքին համար: Անկեղծ նուիրում է պէտք, հոգիի նուիրում եւ ոչ թէ միայն մակերեսային:
Աստուծոյ ընծայուելու խորհուրդը կը կայանայ նաեւ այն նուիրումին մէջ, որ անհատ մը կþունենայ հանդէպ հաւաքականութիւն կազմող իր ժողովուրդին, որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ, Աստուծոյ կնիքը կրող ժողովուրդ եւ քրիստոնէութեան համար պայքարող ժողովուրդ: Հայ ազգը կրնայ լաւագոյն օրինակը հանդիսանալ Աստուծոյ համար իր զոհողութեան, պայքարին ու նահատակութեան: Այսօր անհրաժեշտ է նաեւ նուիրուիլ մեր ազգային գործերուն եւս, որ ինքնին առաքելութիւն մըն է, մեծ արժէք հետապնդող ու վեհ արժանիքներ ունենալով: Այս տեսակ նուիրումը եւս անհրաժեշտ է, որ ըլլայ առանց ակնկալումի, սպասումներու կամ փառք փնտրելու: Նուիրում հանդէպ բարձրագոյն արժէքներու, կը պահանջէ խոնարհութեան ու անձնազոհութեան առաքինութիւն:
Ազգի մեծ ընտանիքին չափ կարեւոր ու վեհ արժէք ունեցող նուիրում մըն ալ գոյութիւն ունի, որուն մասնակից են գրեթէ բոլոր մարդիկ, այն է ընտանիքի հանդէպ ու ընտանիքի համար նուիրումը: Այս տեսակ նուիրումը, աւելի ազդեցիկ, քաղցր ու շօշափելի արդիւնք ունեցող նուիրում մըն է: Այն բոյնը որ մարդ արարած իր կամքով, որոշումով ու հաճութեամբ կը ստեղծէ, իրեն համար մեծ արժէք ու սրբութեան հասնող իրողութիւն է ու պարտ է որ ըլլայ: Այս անձը, որ իր սեփական ընտանիքին չէ նուիրուած, ոչ մէկ այլ արժէքի կրնայ նուիրուիլ: Նուիրուելու մասին մեզի կþուսուցանուի ընտանիքին մէջ ,երբ զաւակներ ականատեսները կը դառնան իրենց ծնողաց գերագոյն նուիրումին ու տածած սէրին դէպի իրենց: Այս առաքինութիւնը կþաճի ընտանիքին մէջ, ուստի որքան կարեւոր է ու էական, ընտանիքին դերը, նուիրումի գաղափարին ու անոր իրագործման մէջ:
Այսօր ամէն մարդ անհրաժեշտ կարիքը ունի լաւապէս հասկնալու, թէ ի՞նչ ըսել է նուիրուիլ ու ընծայաբերուիլ: Գիտնալէն ետք ալ զայն գործադրելը մեծ նպատակներու համար իսկական հարստութիւն մըն է, որ կը մնայ յաւիտեան, արժանի դառնալով Աստուծոյ կողմէ վարձատրութեան: