Յօդուածներ
ԽՈԺՈՌՆԻԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ…
Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի
Լոռի գաւառի հիւսիսային սահմանամերձ շրջանի գիւղերէն է Խոժոռնին: Բրդաձորին, Ծփին, Օփրէթին, Խոխմելին, Շանախչիին եւ Ախքիորփիին նման, Խոժոռնին մաս կը կազմէ Վրաստանի սահմանային Քվեմօ-Քարթլի շրջանին:

