
Քանի մը շաբաթ առաջ, Ֆրանսայի Խորհրդարանի որոշումէն եւ մանաւանդ նախագահ Սարքոզիի կատարած կարգ մը արտայայտութիւններէն ետք, թէ Եւրոպական բոլոր երկիրները պարտին ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ որդեգրեն ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, կարելի չէր ենթադրել կամ եզրակացնել թէ այս ճանաչման որոշումը պիտի տարածուէր երկրէ երկիր, հին Ցամաքամասէն ներս, անցեալ տարեսկիզբին Հիւսիսային Ափրիկէէն ծայր առած արաբական գարնանային յեղափոխութեան նման:
Այս գծով նոյնիսկ բաղդատական կատարելն անգամ անտեղի է:Այսպէս Յունուար 11-ին, Պուլկարիոյ խորհրդարանը ոչ թէ մերժեց ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, այլ նոյնիսկ մերժեց այդ նիւթին քննարկումը:
Ինչպէ՞ս բացատրել Թուրքիոյ դրացի եւ շօշափելի թիւով թուրք ծագումով քաղաքացիներով կազմուած Պուլկարիոյ այս կրաւորական “Ո՛չ“ը, քանի մը շաբաթ առաջ Ֆրանսայի դրական “Այո՛“ին հետ:
Առաջին հերթին, ընդգծելի է թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջարկ-բանաձեւը, մտայղաձումն էր ազգայնական կուսակցութեան (“Աթաքա“), որուն համար 1915-ին պատահած ահաւոր Ցեղասպանութենէն, աւելի կարեւոր էր ամէն գնով, մեծամասնութեան քուէ հաւաքել եւ տիրանալ յաւելեալ աթոռներու:
Հոս, տեղին է շուտով հարց տալ թէ, քաղաքականութիւն կոչեցեալ բնագաւառի բնական խաղե՞րն են որոնք կը պատահին: Կարելի չէ բաղդատել, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի առնչութեամբ, վերոյիշեալ երկու երկիրները: Իր քաղաքական տարբեր ալիքներով, աջ թէ ձախ, համեմատած այլ պետութիւններու, “Ազատութեան, Հաւասարութեան եւ Բարեկամութեան“ դրօշակակիր` Ֆրանսան, միշտ ալ պայքարած է յաչս մարդկային իրաւունքներու, մինչդեռ տասնեակ տարիներ Խորհրդային Միութեան ամէնէն աւելի հլու արբանեակ` Պուլկարիա, իր դրացի Ռումանիոյ հետ, կը մնայ Արեւելեան Եւրոպայի ամենէն աւելի քայքայուած ու փտած կառոյցը: Հոս տեղին է նշել թէ, դեռ վերջերս, Եւրոպական խորհրդարանի քուէարկած Պուլկարիան (…նաեւ Ռումանիան) անյապաղ Շենկէնեան գօտիին միացնելու օգտին գործընթացը, անգամ մը եւս ի դեռեւ դուրս եկաւ, փտածութեան եւ զեղծարարութեան դէմ պայքարի հարցին գծով, հետեւողական թերացումներ արձանագրուած ըլլալով: Իսկ, երբ այս մթնոլորտին եւ գործելաձեւին մէջ, կուսակցութիւններ իրենց հաշուէտետրը “քալեցնել“ու համար…պատմութիւն կերտած Վիտոշի պատմական լեռէն ոչ շատ հեռու…Սոֆիայի Խորհրդարանի բեմահարթակներուն վրայ բարձրացած կ՛օգտագործեն Ցեղասպանութիւն արծարծող լուրջ հարցեր, այդ պարագային բնականաբար 30 երեսփոխաններ դէմ կը քուէարկեն…14 այլ երեսփոխաններ` թեր եւ ամենէն աւելի հետաքրքրականը, 59 երեսփոխաններ` ձեռնպահ…
“ՀԱՅՐԵՆԻՔ“