
ՆԻԿՈՍԻԱ.- Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Կիպրոսի Կոմիտէին եւ յարակից միութիւններուն Խանասորի արշաւանքի 124-ամեակի պատշաճ ոգեկոչում-հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յուլիս 24-ի երեկոյեան, Հ.Ե.Մ.- Հ.Մ.Ը.Մ. Մարզադաշտի մէջ։
Հանդիսութեան ներկայ էին Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք Տողրամաճեան, Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Մոմիկ Քհյն․ Հապէշեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Սեւակ Կիւրիւնլեան, Երեսփոխանական ժողովի անդամներ, Համազգայինի վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան, Հ․Օ․Մ-ի անդամուհիներ եւ Կիպրահայ գաղութի անդամներ։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Կիպրոսի Հ.Յ.Դ. Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ․ Սիմոն Այնէճեանի բացման խօսքով։
Ապա, Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան ներկայացուց օրուայ բանախօսը՝ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար, Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Խանասորի Արշաւանքի պատմականը, լուսարձակի տակ առնելով յատկանշական իրադարձութիւններ պատմական դէպքին առնչութեամբ։ Ան մատնանշեց հայ քաջամարտիկներու ազգային ինքնութեան, նուիրումի եւ հաւատքի ոգին, որ անոնք կատարելութեան ամենաբարձր իրավիճակին հասցուցին՝ ֆիզիքական նահատակութեամբ, առանց երբեք սակարկելու իրենց համոզմունքը։
Ճէպէճեան կամրջեց Խանասորի Արշաւանքի իրադարձութիւնը ներկայ օրերու հայաշխարհի իրականութեանը հետ եւ ընդգծեց հայուն կեանքի ներկայ օրերու մէջէն վեր կանգնելու անհրաժեշտութիւնը 44-օրեայ պատերազմէն ետք։
Ան եզրափակեց իր խօսքը շեշտելով միասնականութեան հրամայականին վրայ, որպէս գլխաւոր երաշխիք հայուն դիմագրաւելու ներկայ ճգնաժամները։
Ձեռնարկի վերջաւորութեան, Համազգային «Սիփան» պարախումբ համալրեց երեկոն մարտական պարով մը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը հանդէս եկաւ փակման խրախուսիչ խօսքով։