ԼՈՒՐԵՐ ՏԻԹՐՈՅԹԷՆ.- ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

0 0
Read Time:15 Minute, 56 Second
Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արքպ Չօլոյեան
Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արքպ Չօլոյեան

 Հոկ­տեմ­բեր 4, 2009-ին, Մի­շի­կը­նի Տիր­պորն քա­ղա­քին մէջ գտնուող Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 47-րդ, տա­րե­դար­ձին առ­թիւ, թե­մի Առաջ­նորդ՝ Բրձշ. Տ. Օշա­կան Արքպ. ժա­մա­նեց Տիթ­րոյթ եւ մա­տոյց Սուրբ պա­տա­րագ, մաս­նակ­ցու­թեամբ Արժ. Տ. Տա­րօն Քհնյ. Ստե­փան­եա­նի:

Յըն­թացս Սուրբ պա­տա­րա­գին պա­տա­րա­գիչ սրբա­զան հայ­րը փո­խան­ցեց իր պատ­գա­մը, բնա­բան ու­նե­նա­լով Յով­հան­նէս Առաք­եա­լի առա­ջին նա­մա­կէն հատ­ուած մը, որ հե­տեւ­եա­լը կ’ըսէ.- եեթէ մենք լոյ­սի մէջ քա­լենք ինչ­պէս ինք լոյ­սի մէջ է, այն ատեն ճշմար­տա­պէս հա­ղոր­դա­կից կ’ըլ­լանք իրա­րու եւ իր որդ­ւոյն, Յի­սու­սի Ս. արիւնը կը սրբէ մեզ ամէն մեղ­քէ: Աստ­ուա­ծոր­դին մար­դա­ցաւ, եկաւ այս աշ­խար­հը, քա­րո­զեց ճշմա­րիտ լոյ­սը, ինչ­պէս Յով­հան­նէս Առաք­եալ իր գրած նա­մա­կին մէջ կ’ըսէ՝ Յի­սուս իր խա­չե­լու­թեամբ եւ իր Սուրբ արիւ­նի հե­ղու­մով սրբեց մարդ­կու­թիւնը իր մեղ­քե­րէն, եւ մարդ­կու­թեան ցոյց տուաւ ճշմա­րիտ լոյ­սը: Այդ ճշմա­րիտ լոյ­սը, Յի­սու­սի եր­կու Առաք­եալ­նե­րը Հա­յաս­տան աշ­խար­հը բե­րին եւ լու­սա­ւո­րե­ցին մեր հայ­րե­րը, որոնք ան­շե­ղօ­րէն քա­լե­ցին այդ ճշմա­րիտ լու­սա­ւոր ճամ­բէն, եւ այդ լոյ­սի ճամ­բան սոր­վե­ցու­ցին մեզ«:

Գերշ. պա­տա­րա­գիչ Սրբա­զան Հայ­րը, եզ­րա­փա­կե­լով իր օր­ուայ քա­րո­զը ըսաւ.- եՈր­պէս Քրիս­տոն­եայ հա­ւա­տաց­եալ­ներ պար­տա­ւոր ենք սի­րել զի­րար, եւ նե­րո­ղա­միտ ըլ­լալ իրար հան­դէպ, եւ մեր զա­ւակ­նե­րը առաջ­նոր­դել Աստ­ուա­ծոր­դոյն Սուրբ արիւ­նով լուսա­ւոր­ուած լոյ­սի ճամ­բէն«: 

Գնահատագիրներ ստացողներ՝ Յակոբ Տէմիրճեան, Էրիգ Աւետիսեան եւ Թալին Յակոբեան
Գնահատագիրներ ստացողներ՝ Յակոբ Տէմիրճեան, Էրիգ Աւետիսեան եւ Թալին Յակոբեան

Սուրբ պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, եկե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից եԼիլ­ի­ան Առա­քել­եան« սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 47-րդ, տա­րե­դար­ձի ճաշ­կե­րոյ­թը:Ներ­կայ էին շուրջ 130 հա­ւա­տաց­եալ­ներ: Օր­ուայ հան­դի­սա­վարն էր Պրն. Ռալֆ Գիւրճ­եան, որուն բա­րի գա­լուստ խօս­քէն ետք, Տիկ. Հե­լէն Մով­սէս­եա­նի դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, Տիկ. Անա­հիտ Մով­սէս­եան եր­գեց Ամե­րի­կա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի քայ­լերգ­նե­րը: Ապա յար­գե­լի հան­դի­սա­վա­րը բեմ հրա­ւի­րեց եկե­ղեց­ւոյ ատե­նա­պետ՝ Պրն. Մայ­քըլ Յա­կոբ­եա­նը, որ­պէս­զի փո­խան­ցէ հո­գա­բար­ձու­թեան խօս­քը : Այս վեր­ջի­նը հովիւին ու հո­գա­բար­ձու­թեան եւ ներ­կայ հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն կող­մէ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սրբա­զան Հօր, որ ըն­դա­ռա­ջեց հրա­ւէ­րին: Ան հա­մա­ռօտ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ հո­գա­բար­ձու­թեան մին­չեւ օրս կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ անդ­րա­դար­ձաւ յա­ռա­ջի­կայ օրե­րուն տե­ղի ու­նե­նա­լիք եկե­ղեց­ւոյ հայ­կա­կան փա­ռա­տօ­նին մա­սին: Նա­եւ, ան կա­րե­ւո­րեց, յա­ռա­ջի­կայ Դեկ­տեմ­բեր 4-ին,հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ թե­միս. Բրձշ. Տ. Օշա­կան Արքպ. Չո­լոյ­եա­նի, Տիր­պոր­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եր­գահ ս­րա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­նա­լիք հա­մաշ­խար­հա­յին եր­գար­ուես­տի դափ­նե­կիր, սոփ­րա­նօ երգ­չու­հի՝ Իզա­պէլ Պայ­րագ­տար­եա­նի ելոյ­թը: Իս­կա­պէս որ եզա­կի, պատ­ուա­բեր, եւ ան­մո­ռա­նա­լի պի­տի ըլ­լայ Ս. Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քի պատ­մու­թեան մէջ, ինչ­պէս նա­եւ Տիթ­րոյ­թի հայ գա­ղու­թին հա­մար: Խնդրեց ներ­կա­նե­րէն որ մեծ աշ­խա­տանք տա­նին անոր յա­ջո­ղու­թեան, եւ  իրենց հա­րա­զատ­նե­րով եւ բա­րե­կամ­նե­րով ներ­կայ գտնուին հա­մեր­գին:

Ապա Ազ­գա­յին վար­չու­թեան շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց Պրն. Րաֆ­ֆի Ուրլ­եան, մաղ­թե­լով պայ­ծա­ռու­թիւն Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ եւ յա­րա­տեւ կեն­սու­նա­կու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հովիւին, հո­գա­բար­ձու­թեան եւ հա­մայն­քին :

Այ­նու­հե­տեւ Արժ. Տ. Տա­րօն Քհնյ. Ստե­փան­եան, հո­գա­բար­ձու­թեան, հա­մայն­քին, եւ իր բա­րի գա­լուս­տի եւ  շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քէն ետք, հա­մա­ռօտ գի­ծե­րու մէջ վեր առաւ Սրբա­զան Հօր գլխա­ւո­րու­թեամբ թե­մի վար­չա­կան, հո­գեմ­տա­ւոր դաստ­ի­ա­րակ կու­թեան, ազ­գա­պահ­պան­ման եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ, կի­րար­կուող գոր­ծու­նէ­ու­թիւն­նե­րուն: Ապա բեմ հրա­ւիր­ուե­ցաւ Սրբա­զան Հայ­րը, որ­պէս­զի փո­խան­ցէ իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը: Գերշ. Սրբա­զան հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լէ ետք, կա­րե­ւո­րեց Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քի դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը թե­միս եկե­ղե­ցա­կան եւ ազ­գա­յին գոր­ծու­նէ­ու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ: Ապա փո­խան­ցեց իր  պատ­գա­մը (կար­դալ ամ­բո­ղ­ջու­թեամբ, թղթակ­ցու­թեան աւար­տին): Եկե­ղեց­ւոյ մէջ իրենց եր­կար ծա­ռա­յու­թեան հա­մար, թե­մի Բրձշ. Սրբա­զան հօր ձե­ռամբ գնա­հա­տա­գիր­ներ ստա­ձան՝ Յա­կոբ Տէ­միրճ­եան, Էրիգ Աւե­տիս­եան եւ Թա­լին Յա­կոբ­եան: Իսկ տար­ուայ օրի­նա­կե­լի ըն­տա­նի­քի գնա­հա­տա­գի­րը ստա­ձաւ Քէրն ըն­տա­նի­քը: Ապա, Սրբա­զան հօր պահ­պա­նի­չով, եւ ազ­գայ­նա­շունջ եԿի­լիկ­իա« եր­գով վերջ գտաւ եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 47-րդ տա­րե­դար­ձի ճաշ­կե­րոյ­թը:

Ստո­րեւ բա­րե­ջան Առաջ­նոր­դի խօս­քը.-

Այս պա­հուն հա­ւաք­ուած ենք այս­տեղ տօ­նա­կա­տա­րե­լու այս եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 47-րդ տա­րե­դար­ձը: Թէ­եւ այս եկե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յու­թիւնը գա­ղու­թի կեան­քին մէջ աւե­լի հին է : Այ­սօր ին­ծի հա­մար հո­գե­կան մեծ ու­րա­խու­թիւն էր Սուրբ խո­րա­նին վրայ, շուրջս տես­նել երի­տա­սարդ­ներ, ինչ­պէս Փի­թը­րը, Պրա­յը­նը, Արամն ու Վա­հա­նը, որոնք կը ծա­ռա­յէ­ին Սուրբ խո­րա­նին, երբ եկե­ղեց­ւոյ մէջ կը տես­նեմ այս­պի­սի ծա­ռա­յա­սէր երի­տա­սար­դնե­րու ներ­կա­յու­թիւնը, անոնց­մէ է որ ես կը ստա­նամ իմ ուժս: Այս գա­ղու­թը 75 տարիէ ի վեր գո­յու­թիւն ու­նի, ձեր հայ­րե­րը իրենց ժա­մա­նա­կը տրա­մադ­րե­ցին եկե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան եւ հա­մայն­քի կեան­քի բա­րօրու­թեան ու յա­ռաջ­դի­մու­թեան : Անոնք կը հա­ւա­տա­յին հայ ըն­տա­նի­քի ար­ժէ­քին, եւ այդ  ար­ժէք­նե­րը, եւ իրենց ինք­նու­թիւնը պա­հե­լու հա­մար հիմ­նե­ցին եկե­ղե­ցի ու բո­լոր­ուե­ցան անոր շուրջ: Պայ­քա­րե­ցան հա­մայ­նա­վար կար­գի դէմ, երա­զե­լով տես­նել Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնը : Այդ երա­զը 19 տա­րի­ներ առաջ իրա­կա­նա­ցաւ հա­մայ­նա­վար կար­գի փլու­զու­մով:…Այ­սօր պի­տի խօ­սիմ Հա­յաս­տան- Թուրք­իա փոխ յա­րա­բե­րու­թեան հիմ­նա­կան հար­ցի մը մա­սին որ ամբողջ հա­յու­թիւնը կը յու­զէ, յատ­կա­պէս սփիւռ­քա­հա­յու­թիւնը: Անց­եալ քա­նի մը օրե­րու ըն­թաց­քին, հան­դի­պում ու­նե­ցանք Ամե­րի­կա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի Դես­պա­նին, ինչ­պէս նա­եւ Ամե­րի­կա ժա­մա­նած ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին հետ, քննար­կե­ցինք փրո­թո­քո­լին մէջ ար­ձա­նագր­ուած կարգ մը ոչ թա­փան­ցիկ կէ­տե­րը, որոնք Թուրք­իոյ կող­մէ դրուած յստակ նա­խա­պայ­ման­ներ են, որոնց նկատ­մամբ մեր մտա­հո­գու­թիւնը յայտ­նե­ցինք, մատ­նան­շե­լով որ այդ մութ կէտերը Հա­յաս­տա­նի հա­մար դրուած թա­կարդ մըն է որ կը նմա­նի ակա­ննե­րով լե­ցուն դաշ­տի մը: Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին եւ Դես­պա­նին յստակ կեր­պով ըսինք, մենք հա­կա­ռակ չենք Հա­յաս­տան-Թուրք­իա առանց նա­խա­պայ­մա­նի փոխ յա­րա­բե­րու­թեան, բայց դէմ ենք փրո­թո­քո­լի մէջ Թուրք­իոյ կող­մէ դրուած պայ­ման­նե­րուն, որոնք կը հա­կա­սեն հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն: Իրենց ու­շադ­րու­թեան յանձ­նե­ցինք թէ Նա­խա­գա­հի այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, պի­տի հան­դի­պի ընդ­դի­մու­թեան բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րու: Դժբախ­տա­բար Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը մնաց  անդրդ­ուե­լի, շեշ­տե­լով թէ կա­րե­լի չէ ար­ձա­նագր­ուած հա­մա­ձայ­նագ­րին մէջ որե­ւէ փո­փո­խու­թիւն կա­տա­րել: Երէկ, հինգ ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ հան­դի­պում մը ու­նե­ցանք Նա­խա­գահ Սարգս­եա­նի հետ, ամ­բողջ ժա­մա­նակ փոր­ձեց հա­մո­զել մեզ թէ փոխ յա­րա­բե­րու­թիւնը պի­տի ըլ­լայ առանց նա­խա­պայ­մա­նի, սա­կայն փրո­թո­քո­լի մէջ Թուրք­իոյ կող­մէ դրուած նա­խա­պայ­ման­նե­րը, բո­լո­րո­վին կը հա­կադ­րէ նա­խա­գա­հին ըսած­նե­րուն: Աշ­խար­հի մէջ կան բա­ւա­կան մեծ թիւով եր­կիր­ներ որոնք իրենց դրա­ցի­նե­րուն հետ ու­նին սահ­մա­նա­յին հար­ցեր, սա­կայն կը մշա­կեն դիւա­նա­գի­տա­կան, յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ իրար հետ: Այ­սօր պի­տի խօ­սիմ փրո­թո­քո­լին մէջ տեղ գտած երեք հի­մնա­կան հար­ցե­րուն մա­սին որոնք ամ­բող­ջու­թեամբ հա­յու­թիւնը կը յու­զեն: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը, սահ­ման­նե­րու հար­ցը, եւ Ար­ցա­խի հար­ցը:

Առա­ջին հեր­թին, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը Հա­յե­րուս հա­մար շատ զգա­յուն եւ կա­րե­ւոր հարց մըն է, Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւնը պէտք է իմաս­տուն գտնուի եւ զգու­շու­թեամբ շար­ժի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին: Դժուար է խօ­սիլ փոր­ձա­ռու թուրք դիւա­նա­գէտ­նե­րու հետ, որով­հե­տեւ մենք թուր­քին հետ ու­նինք վեց հա­րիւր տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւն մը…Դա­րե­րու ըն­թաց­քին թուր­քե­րու հետ մեր յա­րա­բե­րու­թիւնը, եւ թուր­քե­րու դէմ յա­ռա­ջա­ցած անվս­տա­հու­թիւնը հան­գե­ցաւ թուր­քե­րու կող­մէ հա­յոց դէմ ի գործ դրուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որ մեր ազ­գա­յին պատ­մու­թեան ամէ­նէն մութ էջը կը կազ­մէ: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առն­չու­թեամբ Փրո­թո­քո­լին մէջ շեշտ­ուած է Թուրք­իոյ դիւա­նա­գի­տու­թեան կող­մէ քա­նի մը տա­րի­ներ առաջ հրա­պա­րակ­ուած յանձ­նա­խում­բի մը կազ­մու­թիւնը, ու­սու­մնա­սի­րե­լու հա­մար պատ­մու­թեան տար­բե­րու­թիւնը :

Այ­սինքն, կաս­կա­ծի տակ առ­նե­լով ցե­ղաս­պա­նու­թեան իրո­ղու­թիւնը, զայն վե­րա­ծե­լով վի­ճե­լի հար­ցի մը: Ի՞նչ­պէս կա­րե­լի է խօ­սիլ թուր­քե­րու հետ որոնք կ’ու­րա­նան իրենց կա­տա­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: Մենք բո­լորս ալ վկա­ներն ենք այդ ցե­ղաս­պա­նու­թեան, սպան­նե­ցին մեզ, բռնագ­րա­ուե­ցին մեր դա­րա­ւոր հայ­րե­նի­քը, կո­ղոպ­տե­ցին մեր ինչ­քը, եւ մեզ ար­մա­տա­խիլ ըրին մեր դա­րա­ւոր հայ­րե­նի­քէն: Կը նե­րէք որ քիչ մը զգա­ցա­կան պի­տի խօ­սիմ. մեր գեր­դաս­տա­նը Եղեռ­նի  օրե­րուն կը բաղ­կան­ար 77-ան­դամ­նե­րէ, որոնց­մէ միայն հայրս բախ­տով ազա­տած է, մեծ հայրս եղած է գիւ­ղին քա­հա­նան, զայն խա­չած են եկե­ղեց­ւոյ դռան վրայ: Իս­կա­պէս ին­ծի հա­մար երկ­րորդ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մըն է կա­տա­րուո­ղը: Երկ­րորդ կէ­տը ներ­կայ սահ­ման­նե­րու ճա­նաչ­ման հարցն է: Թուրք կա­ռա­վա­րու­թիւնը շատ լաւ գի­տէ Սեւ­րի դաշ­նագ­րի տու­եալ­նե­րը, ուր շեշտ­ուած է Թուրք­իոյ կող­մէ բռնագ­րաւուած Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի տա­րածք­նե­րու վե­րա­դար­ձը իր իրա­ւա­տի­րոջ: Սա­կայն թուրք դիւա­նա­գի­տու­թիւնը խու­սա­փե­լու հա­մար Սեւ­րի դաշ­նագ­րի  պայ­ման­նե­րու պար­տա­ւո­րու­թե­նէն, փրո­թո­քո­լի մէջ նե­րառ­նե­լով Կար­սի եւ Մոսկ­ուա­յի  դաշ­նա­գի­րե­րը, որոնք ստո­րագր­ուած էին հա­մայ­նա­վար կար­գի պա­տ­րան­քով, եւ որոնք ան­զօր հա­մա­ձայ­նագ­րեր են: Կար­սի հա­մա­ձա­յնագ­րի վա­ւե­րա­ցու­մով թա­ղու­մը պի­տի ըլ­լար Սեւ­րի դաշ­նագ­րին: Այ­սինքն ներ­կայ սահ­ման­նե­րու վա­ւե­րա­ցու­մը, Հա­յաս­տան Թուրք­իա­յէն ոե­ւէ հո­ղա­յին պա­հանջք չու­նի: Հա­յաս­տան Թուրք­իոյ հետ սահ­ման­նե­րու տա­րա­կար­ծու­թիւն ու­նի, մենք չենք հրա­ժա­րած մեր հո­ղա­յին պա­հանջ­քէն: Յա­ճախ կը հան­դի­պինք կարգ մը հա­յե­րու նոյ­նիսկ այս երկ­րին մէջ, եւ ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին եւ նե­րառ­եալ Հա­յաս­տա­նի, որոնք թի­կունք կը կանգ­նին այս փրո­թո­քո­լին, եւ կը փոր­ձեն ըլ­լալ իրա­պաշտ, ո՞ւր էին այդ իրա­պաշտ­նե­րը, երբ մենք կ’երա­զէ­ինք ազատ Հա­յաս­տան մը: Ամէն մարդ մե­զի կ’ըսէր դուք երազ կը տես­նէք: 19 տա­րի­ներ առաջ այդ երա­զը իրա­կա­նա­ցաւ, կրկին հայ­րե­նի հո­ղին վրայ ծա­ծա­նե­ցաւ եռա­գոյն դրօ­շա­կը, եւ բարձ­րա­ցաւ պե­տա­կան զի­նան­շա­նը, որով­հե­տեւ մենք պա­հակ­ներն էինք այդ ամէ­նուն եւ հայ­կա­կան ոգի­ին: Չեմ ու­զեր որ այս հար­ցը երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով մեզ իրար­մէ բաժ­նէ, կը խնդրեմ որ ըլ­լաք լայ­նա­խոհ եւ իրա­պաշտ: Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի գծով, Նա­խա­գա­հին հետ մեր հան­դի­պումին ըն­թաց­քին, ան իր խօս­քե­րով փոր­ձեց հա­մո­զել մեզ թէ՝ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցը տար­բեր հարց է, եւ որե­ւէ կապ չու­նի  Հայ-Թուրք յա­րա­բե­րու­թեան հետ: Սա­կայն Պրն. նա­խա­գա­հին խօս­քե­րը բո­լո­րո­վին կը հա­կա­սէր թուր­քե­րու կող­մէ փրո­թո­քո­լին մէջ ար­ձա­նագր­ուած պայ­ման­նե­րը : Փրո­թո­քո­լին ար­ձա­նագ­րու­թիւնը կը բո­վան­դա­կէ միջազ­գա­յինօրէն ճանչց­ուած հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը եւ հո­ղա­յին ան­ձեռնմ­խե­լիու­թիւնը: Այս հար­ցը պահ մը մեզ կը տա­նի Ար­ցա­խի իրա­վի­ճա­կին, մեծ պե­տու­թիւն­նե­րը զայն պար­տադ­րե­ցին, որոնց­մէ մին այս եր­կիրն է ուր մենք կ’ապ­րինք: Այս քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րուն մէջ, կան մտա­ծե­լա­կեր­պի տար­բե­րու­թիւն­ներ, եւ պէտք է ըլ­լայ տար­բեր տե­սա­կէտ­ներ, բայց չենք ու­զեր որ այդ տար­բեր տե­սա­կէտ­նե­րու պատ­ճա­ռով ճեղք մը տե­ղի ու­նե­նայ : Ընդ­դի­մու­թիւնը առողջ բան է, այս ոգի­ով պէտք է զին­ուինք, եւ այս­պէս պէտք է զգանք: Չըլ­լայ թէ թշնա­մու­թիւն ու­նե­նանք մեր Հայ­րե­նի­քի նկատ­մամբ, ինչ­պէս ըսի ըն­դդի­մու­թիւնը առողջ բան է, եւ յու­սամ որ պե­տա­կա­նու­թիւնը ատի­կայ կը զգայ եւ ըն­դդի­մու­թիւնը կ’օգ­տա­գոր­ծէ դիւա­նա­գի­տա­կա­նօ­րէն ի շահ իրեն: Ընդ­դի­մու­թիւնը դիւա­նա­գի­տու­թեան մէջ կա­րե­ւոր է: Պէտք է օրի­նակ առ­նել թուրք դիւա­նա­գի­տու­թե­նէն…

Սփիւռ­քա­հա­յու­թիւնը եւ յատ­կա­պէս հայ­րե­նաբ­նակ հա­յու­թիւնը պէտք է յստակ գիտ­նայ այդ. որ­քան ատեն որ Հա­յաս­տա­նը կը պատ­կա­նի իրենց, նոյն­քան կը պատ­կա­նի նա­եւ մեզ: Հա­յաս­տա­նը մե­րն է, ինչ­պէս մենք Հա­յաս­տա­նին ենք, ասի­կայ յստակ պէտք է ըլ­լայ, Հա­յաս­տա­նը մե­րն է, մենք Հա­յաս­տա­նին, եւ ասի­կա մեզ չի կրնար բաժ­նել:

Երբ մենք կ’ու­նե­նանք նման զգա­ցում, պէտք է ըլ­լանք քիչ մը աւե­լի իմաս­տուն եւ աւե­լի քիչ դիւ­րա­յոյզ, ձեռք ձեռ­քի տա­լով այս հար­ցին բա­րի լու­ծում մը գտ­նել որ հա­մընկ­նի հայ դա­տի գոր­ծըն­թա­ցին:

 Ա. Գ.

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles