
Հոկտեմբեր 7-ին, Նիկոսիոյ ազգային առաջնորդարան այցելեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանը եւ հանդիպում ունեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանին հետ:
Հանդիպման ընթացքին անոնք խօսեցան Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կիպրոսի մասնաճիւղի Ընդհանուր ժողովի եւ նոր վարչութեան ընտրութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձան Հայաստանի եւ սփիւռքի կարգ մը երկիրներու մէջ կատարուած գործունէութեանց, դիմագրաւած այլազան դժուարութիւններու առնչուած հարցերուն, նոր ծրագիրներու եւ մարտահրաւէրներու մասին:
Սրբազան հայրը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հանդիպման համար, բարձրօրէն գնահատեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի գործունէութիւնը` հաստատելով, որ անիկա կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է սփիւռքի տարածքին ընդհանրապէս եւ անշուշտ Կիպրոսի մէջ հայապահպանման ու դաստիարակչական նուիրական առաքելութեամբ, մանուկներն ու պատանիները ոչ միայն մարզական ոգիով թրծելու , այլեւ` հայու հոգիի արմատացումով, անոնց մէջ կերտելով եւ առաւել զօրացնելով ազգային եւ հոգեւոր նկարագիրը: Սրբազանը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց օգտակար ըլլալու բոլոր աշխատանքներուն:
Իսկ Հոկտեմբեր 11-ին, կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Կիպրոսի Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ե․Մ․-ի նորընտիր վարչութիւնը:
Վարչութեան ատենապետը եւ անդամները մանրամասն տեղեկութիւններ տուին միութեան կատարելիք աշխատանքներուն, նոր մարտահրաւէրներուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ նոր ծրագիրներուն մասին:
Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար եւ իր ջերմ գնահատանքն ու քաջալերանքը յայտնեց բոլորին, որոնք ընկերային ու տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ կը շարունակեն իրենց կամաւոր ու գործօն մասնակցութիւնը բերել միութեան վերելքին եւ ծրագիրներու իրագործման: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց մանուկներն ու պատանիները ոչ միայն մարզական ոգիով դաստիարակելու անհրաժեշտութեան մասին, այլեւ` հետամուտ ըլլալ հայու ոգին ու Հ․Մ․Ը․Մ․-ի նշանաբանը` «Բարձրացիր, բարձրացուր»-ը գործնական իմաստով արմատացնելու ծառայութեան, նուիրուածութեան, եղբայրասիրութեան, ընկերասիրութեան եւ իրերօգնութեան անկեղծ զգացումներով: Սրբազանը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց օգտակար ըլլալու որեւէ հարցի պարագային, ի մասնաւորի` հայեցի եւ հոգեւոր դաստիարակութեան առնչուած ոլորտի աշխատանքներուն: