Լու­րեր Նիւ Եոր­քէն.- ԿԱ­ՐԻ­ՆԷ ՊՕ­ՂՈՍ­ԵԱ­ՆԻ ՄԵ­ՆԱ­ՀԱ­ՄԵՐ­ԳԸ ԱՄ­ԲՈՂ­ՋՈՒ­ԹԵԱՄԲ` ՌԱԽ­ՄԱ­ՆԻ­ՆՈՖ

0 0
Read Time:3 Minute, 9 Second

p15 Karine Poghosyan 1 ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱՌ­ԵԱՆ

Հո­գե­կան բա­ւա­րա­րու­թիւն է այ­լեւս ներ­կայ գտնուիլ Կա­րի­նէ Պօ­ղոս­եա­նին հա­մերգ­նե­րուն:  Ան ստեղ­ծած է կա­պը իր եւ հան­դի­սա­տէ­սին մի­ջեւ:  Ար­դէն դար­ձած է վար­պե­տը անոր:  Եւ որ­քան ներ­կայ կը գտնուին երաժշ­տա­սէր­ներ իր դաշ­նա­կի մե­նա­հա­մերգ­նե­րուն, կ՛ու­նե­նան նոյն հա­րա­զա­տու­թեան փո­խա­դարձ զգա­ցում­նե­րը իր եւ իր ար­ուես­տին նկատ­մամբ:  Աղուո­րը այն է, որ իրեն հա­մար չի նուա­գէր, որ­պէս գործ կամ սէր որ­պէս, Կա­րի­նէն նկա­տի կ՛ու­նե­նայ իր ունկն­դի­րը:

Ահա՛ այս գաղտ­նի­քին ան տի­րա­ցաւ անց­նող քա­նի մը տա­րի­նե­րուն եւ ասոր որ­պէս պատ­ճառ` Կա­րի­նէն կը հրա­ւիր­ուի ամէ­նու­րէք: Այ­լեւս հայ­կա­կան բե­մե­րէն ան­դին, փնտռուած դաշ­նա­կա­հա­րու­հի ան գի­տէ հմա­յել ոչ-հայ տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու եւ տար­բեր երաժշ­տա­կան “դպրոց“նե­րու հե­տե­ւող հան­դի­սա­կան­նե­րը:

Տա­րօ­րի­նա­կօ­րէն ալ, Կա­րի­նէն ար­դէն ու­նի իր հա­ւա­տա­րիմ ունկն­դիր­նե­րու խումբ մը, որ իր հետ են ամէն եր­գա­հան­դէ­սի:  Կը տես­նես դէմ­քեր, ծա­նօթ դէմ­քեր, որոնք քա­նի մը ամիս առաջ տե­սած էիր ար­դէն:  Եւ այս յա­ջո­ղու­թեան հա­մար ալ ու­րախ ենք, որով­հե­տեւ, լաւ գիտ­նա­լով այս մեծ ոս­տա­նի մշա­կու­թա­յին կեան­քի մրցակ­ցու­թիւնը, միայն այն ատեն կրնանք գնա­հա­տել ար­ուես­տա­գի­տուհի­ին յա­մառ աշ­խա­տան­քը` հաս­նե­լու այդ մա­կար­դա­կին մատ­ջե­լի դարձ­նե­լով իր ար­ուես­տը բո­լոր անոնց որով իր հրամ­ցու­ցա­ծը ան կը բարձ­րաց­նէ այդ որա­կին:

Վեր­ջի­նը այդ հա­մեր­գին եղաւ Մարտ 26-ին, Երեք­շաբ­թի երե­կոյ­եան ժա­մը 6-ին, Նիւ Եոր­քի Քո­լոմպ­իա հա­մալ­սա­րա­նի Սէյնթ Փոլ մատ­ռան մէջ:  19-րդ դա­րու կո­թա­կան ոճով այս Փրես­փի­թերի­ըն եկե­ղեցի­ին սրբա­վայ­րը ինք­նին քեզ կը դնէ առա­ջին վայրկ­եա­նէն դա­սա­կան հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ եւ որ­մէ չես ու­զէր բաժն­ուիլ:

Յայ­տա­գի­րը ամ­բող­ջու­թեամբ Սեր­կէյ Ռախ­մա­նի­նոֆ, նուիր­ուած ռուս մե­ծա­համ­բաւ երա­ժիշ­տին ծննդեան 140ամ­եա­կին (1873-1943):p15 Karine Poghosyan 3

Յայ­տա­գի­րը երեք բա­ժի­նով ներ­կա­յա­ցաւ. Six Moments Musicaux, Op. 16, Litacs, Op. 21, No. 5 (եր­կու յա­ջոր­դա­կան ծանր կտոր­նե­րու մի­ջեւ կար­ծէք հա­ճե­լի միջ­նա­րար մը ըլ­լար, քնքուշ լի­լի­նե­րու դաշ­տի մը մէջ որ­պէս) եւ հե­ղի­նա­կին հռչա­կա­ւոր Piano Sonata No. 2 in B-flat Minor, Op. 36 (2nd Version):

Սէյնթ Փոլ մա­տու­ռը իր ձայ­նա­յին սքան­չե­լի աքուս­լի­քով կը մնայ ար­ուես­տի մնա­յուն հարս­տու­թիւն մը եւ ան­շուշտ ժա­մադ­րա­վայր մը, Նիւ Եոր­քի հա­մար:  Աւե­լի քան մէկ ու կէս դար այս մա­տու­ռը հրա­պու­րած է որ­քա՛ն երա­ժիշ­տը, նոյն­քան` հան­դի­սա­տե­սը:

Կա­րի­նէն ան­գամ մը եւս յա­ջո­ղե­ցաւ:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles