Յառաջիկայ քանի մը օրերուն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, պիտի տեսակցի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, արձանագրութիւններու գծով աւելի մօտէն լսելու, ունկնդրելու եւ զանազան հարցեր արծարծելու:
Մինչ այդ, արդէն իսկ գործի լծուած է Ա.Մ.Ն. արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մօտէն հետեւելու, եւ ամէն գնով շտապօրէն աւարտելու այս բաւական ժամանակ խլող գործընթացը:
Յստակ է թէ, այս գծով ՀՀ Սահմանադրական Դատարանին լոյս ընծայած եզրակացութիւնը դուռ բացած է վիճաբանութիւններու եւ անգամ մը եւս գործի լծած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մեքենան, որ սովորականին նման արտայայտած է իր դժգոհութիւնը, միշտ ալ պահանջելով աւելին: Այսպէս, անգամ մը եւս Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան լուսանցքային կեցուածքին դիմաց, Թուրքիոյ արտաքին գործոց մեքենան անգամ մը եւս այպանելով հայկական կողմը, նշեց թէ արձանագրութիւնները վտանգուած են եւ ընդգծելով, որ Սահմանադրական Դատարանի եզրակացութիւնները կը բովանդակեն արձանագրութիւններուն ոգիին եւ տառին հակասող եզրակացութիւններ:
Այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ կարելի էր ընկալել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆիլիփ Կորտընի կատարած յայտարարութիւնը, պարզապէս հանդարտեցնելու համար Անգարան եւ իր ղեկավարութիւնը:
Թուրքիոյ մտահոգութիւնն ու սպառնալիքը փարատելու համար, Կորտըն շուտով գործի լծուած է եւ փոխանցած թէ, ՀՀ Սահմանադրական Դատարանին վճիռը թոյլ կու տայ արձանագրութիւնները, այն ձեւով, ինչպէս անոնք եղած են բանակցութիւններու եւ ստորագրման պահուն, հեզասահօրէն մղելով զայն խորհրդարան‘ վաւերացման:
Պաշտօնատարը յստակօրէն աշխատանք տարած է կանխարգիլելու վերապահումներու ձեւակերպման հնարաւորութիւնները:
Գրեթէ միեւնոյն կացութիւնը կրնայ պարզուիլ յառաջիկայ օրերուն, երբ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն պիտի արծարծէ արձանագրութիւններու թղթածրարը, ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ…կազմակերպութիւններ, որոնք անգամ մը եւս կը շեշտենք թէ, դժբախտաբար չեն ներկայացներ իսկական եւ ամբողջական պատկերը: