Լրահոս
Իշխան Սաղաթէլեան Աշխատանքային Այցով Ժամանեց Պելճիքա
ՊՐԻՒՔՍԷԼ․- Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեանն աշխատանքային այցով ժամանեց Պելճիքա։ Նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ` Եւրոպական միութեան օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական շրջանակներու հետ:
Առանձին հանդիպում պիտի կայանայ նաեւ Եւրոպայի ընկերվարական կուսակցութեան գործընկերներու հետ:
Յունիս 30-ին, Հ․Յ․Դ․ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակին մէջ, Իշխան Սաղաթէլեանը եւ Հ․Յ․Դ․ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախմբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը քննարկեցին հանդիպումներու օրակարգային հարցերը:

