Լրահոս
Իմամօղլու՝ Պոլսոյ Քաղաքապետ
ՊՈԼԻՍ․- Կիրակի, Յունիս 23-ին, երկրորդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ քաղաքապետի ընտրութիւնը եւ Թուրքիոյ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հաղորդումով` ընդդիմադիր «Ազգ» դաշինքը ներկայացնող քեմալական «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP-) թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուն ապահովելով քուէներուն 54.21 տոկոսը, յաղթեց նախագահ Էրտողանի «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմին, որ ստացաւ քուէներուն 44.99 տոկոսը:
Իմամօղլուն ստացաւ 4 միլիոն 741.868 ձայն, իսկ Եըլտըրըմ` 3 միլիոն 935.453:

