Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՅ, Ի՞ՆՉ Կ՞ՈՒԶԷ ԿԱՄ ՊԷՏՔ Է ԸՆԷ ՍՓԻՒՌՔԸ, ԵԹԷ ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐԱԿԱՆ ՃԱՌԸ ԴԱՏԱՐԿ ԽՕՍՔ ՉԷ

0 0
Read Time:4 Minute, 34 Second

Յ. Պալեան

             Պահ մը դադրինք մտածելէ, թէ ի՞նչ կրնայ ընել, կուզէ ընել կամ չըներ Հայաստանը, իր ղեկավարութիւններով եւ ժողովուրդով, երբ բացորոշ կերպով կը խօսուի այն մասին, որ օրհաս է, որ ան կանգնած է լինելչլինելու շեղբին վրայ: Ի տես եւ ի լուր կացութեան, հարց տանք մենք մեզի, թէ ի՞նչ կրնայ ընել տասը միլիոն հայերու սփիւռք(ներ)ը, տալու համար փաստը, որ ինք լիիրաւ հայրենատէր է, որ ինքզինք չի սահմաներ փշրանքներու պառաւական բարեսիրութեամբ: Կամ պարզապէս այդ տասը միլիոնը մշուշ չէ:

           Հայկական սփիւռք(ներ)ը պետութիւն չէ, բանակ չունի, բայց ան ուժ եւ հզօրութիւն ունի՞, թէ՞ ո՛չ: Տասը միլիոնը արհամարհելի համրանք չէ: Նոյնիսկ եթէ տարտղնուած է: Տարտղնումի բացասականութիւնը միթէ՞ կարելի չէ վերածել ճշմարիտ քաղաքական ուժի եւ հզօր նեցուկ ըլլալ Հայաստանի հիմա՛, այսօ՛ր, երբ այլեւս անթաքոյց կերպով կը խօսուի օրհասի եւ լինել-չլինելու մասին: Տասը միլիոնի նեցուկ, ոչ հաւատաւորներու մեծ կամ պզտիկ խմբաւորումներու, չնչին տոկոսը տասը միլիոնին, տասը միլիոնի փոխարէն տասնեակներու կամ հարիւրեակներու նեցուկ:

             Տասը միլիոնի հայրենատէրի իրաւունքով սփիւռքը իր խօսքը պէտք է ըսէ Հայաստանի ընտրանքներու մասին, որոնք հասցուցած են օրհասի վիճակին, երբ անթաքոյց կը խօսուի լինելչլինելու մասին: Այդ տասը միլիոնը անտարբեր կրնա՞յ մնալ, երբ կը խօսուի օրհասի եւ լինել չլինելու մասին: Հայաստանի տէր է համայն հայութիւնը, այս է ազգայինքաղաքականբարոյական իրաւ ըմբռնումը, նոյնիսկ եթէ ընդունուած կարգով, անոր ղեկավարումը կը կատարուի հոն գտնուող իշխանութեամբ եւ ընդդիմութեամբ:

              Ոմանք կը զարմանան, թէ ինչո՞ւ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն միաժամանակ կը յիշեմ: Այդպէս է ճշմարիտ ժողովրդավարական կարգը, այն հասկացողութեամբ, որ այսօրուան ընդդիմութիւնը վաղուան իշխանութիւնն է: Այս դրութեան դիպուկ արտայայտութիւնը կը գտնենք ամենէն աւելի յատկանշական կերպով ժողովրդավարական Անգլիոյ մէջ, ուր ընդունուած է իշխանութիւն չեղող փոքրամասնութիւնը կոչել՝ նորին վեհափառութեան հաւատարիմ ընդդիմութիւն, որուն ղեկավարը ռոճիկ կը ստանայ ինչպէս վարչապետը:

             Բայց իշխանութիւնընդդիմութիւն զոյգին հետ, որպէս քաղաքական իրաւատէր ինք իր խօսքը պէտք է ըսէ Սփիւռքը, ուղղութիւն ճշդէ, յանձնառութիւն ստանձնէ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ղեկավարման բոլոր ճակատներուն վրայ: Եթէ Հայաստանը ընկղմի, սփիւռքը եւս պատասխանատու է: Եթէ այսօր այս կամ այն ձեւով կը գոյատեւէ, եթէ Հայաստանը չքանայ, Սփիւռքը կը կորսնցնէ իր գոյութենական հիմքը:

             Սփիւռքը փոխանակ ճահճանալու հայրենակցական միութեան, բարեսիրական եւ զբօսաշրջային զգացականութեամբ, պէտք է բարձրաձայն ըսէ, որ հայրենիք կորսնցնել նախատեսուող կրկնակի զիջումներու դէմ է: Եթէ դատարկաբանութիւն չեն այն բոլոր հոգեշահ ճառերը, որ Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիք է, պէտք է որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը (միշտ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն) լսէ սփիւռքի խօսքը, ընտրանքները, նոյնիսկ եթէ անոնք տարբեր են Հրազդանի ափի ուղղութիւններէն:

              Ինչպէ՞ս կարելի է փակագիծի մէջ դնել ազգի անդամներու երեք քառորդը, տասը միլիոն, երբ, ինչպէս կըսուի, օրհաս է, լինելչլինելու ժամ:

             Աւելի պարզ խօսելով, համազգային քաղաքական տեսիլքով պէտք է առաջնորդել Հայաստանը, քանի որ աւանդական եւ միշտ անպատիժ թշնամիին նպատակն է անոր վերջնական անհետացումը: Աններելի քաղաքականգաղափարական կոպիտ սխալ է, պարտութենէ ետք ժողովուրդը փորձել շլացնել, որ զիջումներով, մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի ապագան կերաշխաւորուի, որ գործեր կը ստեղծուին, ճանապարհները կը բացուին, առեւտուրը թափ կառնէ: Պատառպատառ գրաւելէ ետք տարածքներ, վաղը փեթրօ-տոլարներով կը գնեն Հայաստանի դաշտերը, գործարանները, հիւրանոցները եւտուները: Տեղի կունենայ ծանօթ անուններով նոր բնակիչներու հաստատում, որ հուսկ երկիրը եւ ազգը կը յանգեցնէ ազգագրական նոր պատկերի մը: Այս երեւակայական աղէտի մը դիպաշար չէ (սցենար):

             Չեմ խորհիր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, նոյնիսկ պարտուածի վիճակին մէջ, չեն տեսներ իրականութիւնները, զորս մատներու արանքէն դիտել, ազգային քաղաքականութեան տեսանկիւնէ, ապիկարութենէ աւելին է,- այդ աւելիին անուն չեմ ուզեր տալ, չամչնալու համար հայութենէս: Եթէ անոնք կը շարունակեն հետեւիլ տեւաբար զիջումներ ընելու վարքագիծին, պատճառը այն է, որ պարտուածը իսկական խօսակից չի կրնար ըլլալ, չի կրնար պահանջներ ներկայացնել, ստիպուած կըլլայ տեւաբար տեղի տալու: Եւ իշխանութիւն պահելու համար կենթարկուի ազգէն չբխող տիքթաթներու, եւ զանգուածներն ալ կօրօրէ գալիք լաւ օրերու խոստումներով:

              Այս կացութեան մէջ, սփիւռքը եթէ մնայ հանդիսատեսի, զգացական հայրենասէրի եւ զբօսաշրջիկի մակերեսայնութեան ջուրերուն մէջ, անգիտացած կըլլայ իր հայրենահանուածի կացութիւնը, կը մնայ տգէտ իր պատմութեան նկատմամբ: Բայց հարց է, թէ ինչպէ՞ս Սփիւռքը իր խօսքը կրնայ ըսել: Յօդուածները եւ ճառերը բաւարար չեն իշխանութիւնները կանգնեցնելու համար իրենց պատասխանատուութեան առջեւ: Պէտք է պահանջել՝ որ աւելի ազգային բովանդակութեամբ, քաղաքական անմիջական եւ հեռանկարային ծրագիր հետապնդող ղեկավարութիւն մը յառաջանայ, հրամայական կերպով սփիւռքի մասնակցութեամբ եւ դերակատարութեամբ:

            Սփիւռքը, իր կարգին, պէտք է գիտնայ գերանցել իր կոշկոռ կապած բաժանումները եւ էսթէպլիշմընթային ախտերը: Ախտ՝ որ նաեւ ստրուկի հոգեբանութիւն է Հայաստանի այս կամ այն ղեկավարին հանդէպ, ինքզինք սահմանելով խօսափողի դերին:

            Օրհաս եւ լինելչլինել Հայաստանի համար չեն միայն: Պահ մը երեւակայեցէ՛ք, որ անոնք եթէ իրականութիւն դառնան, ի՞նչ կըլլայ սփիւռքի այսօր ամպագոռգոռ կերպով յիշուած տասը միլիոնի ապագան:

            Մենք յաճախ խօսած ենք միութեան, միասնութեան եւ միասնականութեան մասին, բայց այդ երազները միշտ պահած ենք լուսանցքի մէջ:

             Հիմա՛, այսօ՛ր, ճակատագրական պահն է տասը եւ երեք միլիոնները գումարելու, ներսի եւ դուրսի իրաւ ուժերը գումարելու եւ միացնելու, ինչպէս միշտ պէտք է կրկնել, ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքներու ձեռքբերման համար, այլ՝ յաւելեալ պարտքի եւ պարտաւորութեան: Այս գեղագիտական շպարներով չիրակակնանար:

             Սփիւռքը պիտի յաջողի՞, պատմութեան այս բախտորոշ պահուն, ըլլալ տէր եւ ծառայ, մասնակից եւ առաջնորդող: Խօսիլ, պահանջել եւ մասնակցիլ՝ տիրոջ պէս:

             Իսկ Հայաստանը պիտի դադրի՞ Սփիւռքին սահմանելէ սոսկ կառքին հինգերորդ անիւը ըլլալու բան չնշանակող փուչիկ դերը:

              Սփիւռքը, խօսքի ձեւը փոխելով, պիտի դադրի՞ ըսելէ, թէ ի՞նչ կուզէք որ ընենք, այլ պիտի ըսէ, թէ ինք ի՞նչ կուզէ ընել եւ ի՞նչ կուզէ որ ընեն Հայաստանի իշխանութիւնները:

             Ազգի եւ հայրենիքի գոյութենական հարցը այլեւս չպահել անկարելի դիրքի վրայ, զայն փորձելով կանգնեցնել գլխուն վրայ, այլ հաստատ կանգնեցնելով ոտքերուն վրայ:

             Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, որ կը գտնուինք լինելչլինելու կռուի մէջ:

             Թատերագիր Պերթոլտ Պրեխտի խօսքով կեզրակացնեմ.

             «Ան որ կը պայքարի կրնայ կորսնցնել, բայց ան որ չի պայքարիր, արդէն կորսնցուցած է»:

             Միամիտ հեռուէն դիտողի մանկական հէքիաթի սէրը պէտք է փոխարինել քաղաքական յանդուգն յանձնառութեամբ եւ գործով:

             Չպայքարողը ինք կըլլայ իր կորստեան հեղինակը: Իսկ մէկութիւն չստեղծողը կ’ըլլայ ազգի դաւաճան:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles