Յօդուածներ

Ի՞մ, Թէ Մե՞ր Շահը

 

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի ընէք. հապա խոնարհութեամբ մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք: Միայն ձեր անձերուն շահը մի փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ», Փիլիպեցիս 2:3-4

Մարդ անհատին անհատական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքին մէջ կայ «ես»-ի եւ «մենք»-ի միջեւ համակեցութիւն եւ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու մարտահրաւէրը: Եթէ մարդը կ՛ապրի իր «ես»ով, ապա այդ պէտք է որ համադրէ նաեւ հաւաքական կեանքին, իմա՝ «մենք»ին հետ: Այս երկու բաղադրիչները միշտ չէ որ կը համընկնին։ Կան հակադրուած իրողութիւններ այս երկու կենսական ինքնութիւններու միջեւ եւ անոնք միշտ չէ որ հաշտ կրնան ընթանալ իրարու հետ: Մարդը կ՛ապրի իր «ես»ով եւ այս բնական է: Բայց թէ ինչպէ՞ս «ես»ը պիտի տեղադրել «մենք»ի խճանկարին մէջ, կը մնայ իրագործելի առաքելութիւն:

Աստուած մեզի շնորհած է ընտանիք, առողջութիւն, ժամանակ, ընդունակութիւններ, որոնց հանդէպ պատասխանատու ենք: Բայց երբ անձնականը՝ «ես»ը, կը դառնայ միակ չափանիշ, մեր կեանքի մտահորիզոնը կը նեղնայ եւ մեր տեսիլքն ալ կրնայ խաւարիլ: Այս իմաստով, Պօղոս առաքեալի նամակը՝ փիլիպեցիներուն, ուսանելի է: Պօղոս առաքեալ, առանց անտեսելու «ես»ի իրականութիւնը, կ՛ըսէ. «Միայն ձեր անձերուն շահը»: «Միայն»ը ցոյց կրնայ տալ թէ «ես»ը կայ եւ կը գործէ: Բայց ոչ միայն «ես»ը:

«Փնտռել» բային յունարէն արմատը skopeo է, որ գործածուած է Աստուածաշունչի այս համարին մէջ. «Ձեր անձերուն շահը մի փնտռէք» պէտք է հասկնալ իբրեւ նպատակասլաց ուշադրութիւն, միտումնաւոր կեդրոնացում եւ աշխուժ գիտակցութիւն: Այս իմաստով, «փնտռել» բային գործածութիւնը եւ անոր իմաստը պատահական բարութիւն չէ՝ այլ մտածուած դիտարկում:

«Փնտռել» բային մէջ եթէ մէկ կողմէ կայ անհատին «ես»ի փնտռտուքը, բայց նոյնքան նաեւ կայ կեդրոնացումը դուրս գալու նոյն «ես»էն եւ տեսնել «մենք»ի հետ փոխ կապակցուածութիւնը: Հոստեղէն պիտի տեսնել, թէ «իմ»՝ իմա «ես»ի, եւ «մեր»ի՝ իմա «մենք»ի, յաջող փոխ կապակցուածութիւնը կրնայ դառնալ շահեկան, որ կ՛արտադրէ ուժ եւ որ հասարակութեան մէջ կրնայ ստեղծել Արժէք: Այս Արժէքն է, որ կեանքը պիտի շինէ: Երբ մարդը կը սորվի իր տեսադաշտը լայնցնել եւ ուրիշին կարիքը տեսնել, ան կրնայ դառնալ վստահութեան եւ սիրոյ կամուրջ մը հաւաքականութեան եւ ազգային կեանքի մէջ, որ կը շինէ եւ չի քանդէր: Ընտանիքը, եկեղեցին, համայնքը եւ ազգը կը զօրանան այն ատեն, երբ անոնց անդամները գիտեն իրենց մասնակցութիւնը դնել ուրիշին բարիքին եւ յառաջխաղացքին ի խնդիր: Այլ խօսքով, երբ անհատը բան մը «գրգռութիւնով եւ սնապարծութիւնով չընէր, այլ խոնարհութեամբ»:

Երբ «իմ»ը կը փոխարինուի «մեր»ով, մրցակցութիւնը կը դառնայ համագործակցութիւն: Փակ սիրտը կը վերածուի բաց ձեռքի եւ անտարբերութիւնը կը փոխարինուի կարեկցանքի եւ փափկանկատ տրամադրութիւններու եւ կեցուածքներու:

Մարդ անհատը կանչուած է «բան մը ընել»ու իր երկրային կեանքին մէջ: Բան մը ընելը պարգեւ մըն է եւ նոյնքան նաեւ պարտականութիւն-պատասխանատուութիւն՝ տրուած Աստուծոյ կողմէ: Աստուած ստեղծեց աշխարհը եւ մարդը իր պատկերովը եւ տեսաւ թէ Բարի է: Մարդը, որ Աստուծոյ պատկերովը ստեղծուած է, ինքն ալ կը դառնայ ստեղծագործ՝ ստեղծելու համար Նորը: Այս իրականութենէն մեկնելով է, որ մարդը Աստուծոյ կողմէ կանչուած է «բան մը ընել»ու իր կեանքին մէջ, բայց ոչ գրգռութիւնով եւ սնապարծութեամբ՝ այլ խոնարհութեամբ: Այլ խօսքով, տիրական «ես»-ը փոխադրել «մենք»-ի մէջ, ուր բան մը ընելը կը ստեղծէ յառաջխաղացք:

Երբ «իմ»-ը կը կամրջուի «մենք»-ի իրականութեան հետ, այդ «բժշկութիւն» եւ «փրկութիւն» կը ստեղծէ: Այս իրականացաւ Քրիստոսով, որ աշխարհ եկաւ, որպէսզի «իր»-ը՝ իմա «ես»-ը, զոհէ յօգուտ «մենք»-ի: Քրիստոսի այս գործընթացը մարդկային կեանքի մէջ ստեղծեց Նոր Կեանքը եւ որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։

«Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ: Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք», Եսայեայ 53.5:

Քրիստոս աշխարհ եկաւ «բան մը ընելու» յստակ առաքելութեամբ: Քրիստոս իր «ես»ը վիրաւորեց ու տակաւին ծեծուեցաւ, խաչուեցաւ ու մահացաւ, որպէսզի խաղաղութիւն բերէ: Այս խաղաղութիւնը, որ իրականացաւ իր յարութեամբ, որ իրեն համար չէր, այլ մեր բոլորին: Ան իր «ես»ը դրաւ «մենք»ի իրականութեան մէջ, որպէսզի բոլորս փրկուինք եւ բժշկուինք: Եթէ մարդ արարածը բժշկուեցաւ, այդ միայն իրեն համար չէր, այլ հաւաքականութեան համար, որպէսզի բոլորը փրկուին: Վերջապէս «մարդ իր անձին օգուտը պէտք չէ փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ» (Ա. Կորնթացիս 10.24):

Քրիստոնէական աստուածաբանութեան շնորհած փրկութիւն-բժշկութիւնը կայացաւ քանի Քրիստոս իր «ես»-ը վար դրաւ «մենք»-ի հաւաքական շահին համար եւ ստեղծուեցաւ Նոր Կեանքը: Նոր Կեանքը որ եկաւ Իր «ես»-ին մէջէն բայց դրուեցաւ «մենք»ի իրականութեան համար:

Մեր համահայկական կեանքը այսօր կը կենայ իմ-եսի եւ մեր-մենքի մեծ առճակատումի մէջ: Հայուն կեանքին մէջ այսօր ես-իմը եւ մեր-մենքը կը կենան հակադիր կողմերու վրայ: Եթէ մեր համահայկական հարցերուն մէջ կան քաղաքական դժուար պայմանները, աշխարհաքաղաքական կնճռոտ տուեալներ, որոնք իրենց ժխտական անդրադարձը կ՛ունենան մեր ազգային ու հայրենի կեանքերուն վրայ, բայց ներ-հայկական իմաստով ալ հայը ունի նոյնքան ՀՈԳԵՒՈՐ տագնապ: Հոգեւորը՝ իր քրիստոնէական աստուածաբանութենէն մեկնելով, ուր հայուն «ես»ը չի համընկնիր «մենք»ի իրականութեան հետ: Այսօրուան հայուն տագնապը այն է, որ հայը կ՛ապրի բեւեռացուած վիճակներու մէջ՝ ինքն իր մէջ, հեռու հաւաքական ու ազգային կեանքի մէջ փրկութեան-բժշկութեան հասնելու տեսլականէն: Հայը պիտի տեսնէ, թէ ինք կանչուած է «բան մը ընել»ու: Այդ բան մը ընելը միայն իր անձին համար չէ, այլ «մեր»ի ու հաւաքականութեան համար, որպէսզի ապահովէ ազգային կեանքի համար փրկութիւնը եւ բժշկութիւնը: Հայուն համար այսօր կենսական է «փրկութիւնը ու բժշկութիւն»ը, որպէսզի դուրս գայ իր ազգային հազար ու մէկ հարցերէն:

Եթէ հայը այսօր կը ցաւի, ունի վիշտեր եւ կ՛ապրի անարդարութիւններ ու տակաւին կը տքնի խաղաղութեան, այս պիտի նշանակէ թէ «ես-իմ» շահը պիտի տեղափոխէ «մենք-մեր»ի հաւաքական շահի գիտակցութեան մէջ: Եւ «իմ-մեր»ի բաժնեկցութեան մէջ է որ հայը պիտի գտնէ փրկութիւն-բժշկութիւն: Եւ խաղաղութիւն:

Ի՞մ, թէ մե՞ր շահը:

Անպայմանօրէն ՄԵՐ շահը: Մեր շահին մէջ է հայուն փրկութիւնը: Եւ այս փրկութիւնը պիտի բերէ սպասուած խաղաղութիւնը:

Եթէ պիտի շնորհաւորենք մեր բոլորին Նոր Տարին՝ պիտի մաղթենք, որ հաւաքական՝ իմա մեր շահը՝ ըլլայ համահայկական իրականութեանը համար ապրող իրականութիւնը:

Դեկտեմբեր, 2025

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button