«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ Կ’ՈՐՈՇԷ» ՇՈՅԱՆՔԸ ԵՒ ՍԽԱԼԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 54 Second

 

            Կեդրոնականցին դադրած է դժգոհելէ եւ քննադատութիւն ընելէ, համեստացեր է, կ’ուզէ հասկնալ: Հայաստանի մեծերուն եւ կացութեան մասին հարցումներ կ’ուղղէ:

            Այսօր հազիւ Հ1-ի լուրերը աւարտած էին եւ հին ու աւերակ եկեղեցիներու մասին հաղորդում մը սկսած, հեռաձայնի զանգը զիլ հնչեց: Սարքին վրայ տեսայ Արմենակին համարը:

            – Մակա՛ր, մեր վարչապետը ամէն առիթով կ’ըսէ, թէ «ժողովուրդը կ’որոշէ»: Օրինակելի ժողովրդավարութիւն: Հայաստան հին Յունաստանի «Ակորա՞»ն է, ուր աթենացիները կը հաւաքուէին, կը վիճէին, կ’որոշէին, եւ ուղղակի կ’ընտրէին: Ինչպէ՞ս «ժողովուրդը կ’որոշէ» ներկայի բարդութիւններուն մէջ:

            – Եթէ այդքան բան հասկնայի, սահմանադրագէտ կ’ըլլայի: Դուն ըսէ, թէ ի՞նչ բան քեզ անհանգստացուցած է կրկին:

            – «Եթէ ժողովուրդը կ’որոշէ», ան է պատասխանատուն գաղտնաբար ստորագրուած Հայաստանի պարտութեան եւ անձնատուութեան, Վարչապետը Հայաստանը եւ Արցախը չէ առաջնորդած պարտութեան, այլ՝ ժողովուրդը: Այսօր եւ վաղը պատմութիւնը պիտի դատէ որոշող ժողովուրդը: Չքմեղանք: Հետեւաբար վարչապետը եւ իր ընկերները, ինչպէս մոտայիկ է ըսել՝ «թիմ»ը, կրնան ոչինչ պատահածի պէս իրենց գործը շարունակել:

            – Արմենա՛կ, վարչապետը ճիշդ կը խօսի, երկուքուկէս տարի առաջ «ժողովուրդը որոշեց»:

            – Ժողովուրդը վաղն ալ կրնայ ինք որոշել եւ աւարտին հասցնել հայրենիքի կորուստը, քանի որ այսքան անմեղ վարչապետ եւ կառավարական «թիմ» ունինք: Ուրեմն «մեր ժողովուրդը» հրաժարած է հայրենիք ունենալու գաղափարէն: Այսպէ՞ս որոշած է ժողովուրդը: Ժողովո՞ւրդը որոշած է հայրենիք յանձնել, եւ այդ տօնին առիթով հազարաւոր երիտասարդներ որպէս նոխազ զոհել Մողոքին:

            – Արմենա՛կ, Վարչապետը կ’ըսէ «ժողովուրդը կ’որոշէ»: Հանրահաւաքի եկածներուն հարց պէտք է տայ, թէ՝ «ժողովո՛ւրդ, ե՞րբ որոշեցիր Շուշին յանձնել, պիտի յանձնե՞ս Սիւնիքը, Սեւանը, Երեւանը»: Վարչապետը պէտք է գիտնայ ժողովուրդի որոշումը, որպէսզի ինքզինք անակնկալի առջեւ չգտնէ, ինչպէս ինք նախագահ, Ազգային Ժողով, Հայաստան եւ Սփիւռք անակնկալի առջեւ դրաւ 9 նոյեմբերին:

            – Մակա՛ր, ժողովուրդը կ’ընդունի՞ Անիի բանալիները յանձնող Վեստ Սարգիսի ժառանգորդը ըլլալ, դահիճը ըլլալ իր հազարաւոր որդիներուն: Քանի որ ժողովուրդը «հպարտ քաղաքացի»ներէ կը բաղկանայ, իր թմբիրէն պիտի արթննա՞յ եւ վճռէ, թէ ո՞վ է նոր Վեստ Սարգիսը, ի՞նք, «թիմապե՞տ»ը, որոնք են «Վեստ Սարգիսի թիմակիցները», փրկելու համար ազգին պատիւը: Այդ կ’ըլլայ իրաւ «ժողովուրդը կ’որոշէ»:

            – Եթէ «հպարտ» քաղաքացիները այդ չընեն:

            – Պարզ է, Մակա՛ր, կը դառնանք լաւ ապրող թափառականներ, շաբաթավերջերուն կը հաւաքուինք եւ կ’ըսենք «Գալ տարի Վան», եւ առանց զէնքի կ’երգենք՝ «միայն զէնքով հայուն փրկութիւն»:

            – Եթէ սահմանները վերցուին, ի՞նչ բանէ պիտի փրկուինք:

            – Հարցո՛ւր «հպարտ»ներուն եւ անոնց ներսի եւ դուրսի խօսափողներուն: Ցը՛…

 

Մակար ի Գաղիա, 24 Մարտ 2021

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles