ԹՈ­ՐՈՆ­ԹՈ­ՅԻ ՄԷՋ .- ԳԱ­ՆԱ­ՏԱ­ՅԻ ՀԱՅ ԴԱ­ՏԻ ՅԱՆՁ­ՆԱ­ԽՈՒՄ­ԲԻ ՆՈՒ­Ի­ՐԱ­ՀԱ­ՒԱՔ

0 0
Read Time:3 Minute, 24 Second

P3 anc can1  ԹՈ­ՐՈՆ­ԹՕ.- Մարտ 14-ին, Հայ Կեդ­րո­նի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Գա­նա­տա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի հան­գա­նա­կա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քին եր­րոր­դը, որուն ներ­կայ գտնուե­ցան աւե­լի քան 150 Հայ Դա­տի զօ­րա­կից­ներ:

Հ.Յ.Դ. Գա­նա­տա­յի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Րաֆ­ֆի Տօ­նա­պետ­եան,  սա­հիկ­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով, հա­մա­պար­փակ ձե­ւով ներ­կա­յա­ցուց Գա­նա­տա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի անց­եա­լի եւ ներ­կա­յի գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը ու յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րու ընդ­հա­նուր ծի­րը: Տօ­նա­պետ­եան շեշ­տեց, որ յանձ­նա­խում­բի գոր­ծու­նէ­ու­թեան գլխա­ւոր կի­զա­կէ­տերն են հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րա­կան դա­տը, Ար­ցա­խի եւ Ջա­ւախ­քի հիմ­նա­հար­ցե­րը եւ գա­նա­տա­կան քա­ղա­քա­կան դաշ­տին վրայ դաշ­նակ­ցա­յին եւ նա­հան­գա­յին մա­կար­դակ­նե­րու վրայ տա­րուող Հայ Դա­տի գծով քա­րոզ­չա­կան նպա­տա­կաուղղ­ուած աշ­խա­տանք­նե­րը:

Ուա­շինկ­թը­նի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կի աշ­խա­տանք­նե­րը ամ­փո­փող տե­սե­րի­զի մը ցու­ցադ­րու­թե­նէն ետք, գրա­սեն­եա­կի վա­րիչ տնօ­րէն` Արամ Համ­բար­եան զե­կու­ցեց Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եակ­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին:P3

Վեր­ջին զե­կու­ցա­բերն էր Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ, Հայ Դա­տի Կեդ­րո­նա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Յա­կոբ Տէր Խա­չա­տուր­եան որ իր կար­գին զե­կու­ցեց հա­մաշ­խար­հա­յին գետ­նի վրայ տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին, յայտ­նե­լով, թէ ներ­կայ հանգր­ուա­նին, 35 շրջան­նե­րու մէջ գոր­ծող Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու դի­մագ­րա­ւած գլխա­ւոր մար­տահ­րա­ւէ­րը` թրքա­կան եւ ազե­րի հա­կա­հայ քա­րոզ­չա­կան ար­շաւն է:

P3 anc can3 Aram_HamparianՎազ­րիկ Շա­րապ­խան­եան որ սա­հիկ­նե­րով ներ­կա­յա­ցուց Թո­րոն­թո­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի աշ­խա­տանք­նե­րը:

Երե­կոն վա­րեց Տոքթ. Խա­ժակ Գու­լաճ­եան, որ հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն մը տուաւ “Հայ Դատ“ հաս­կա­ցո­ղու­թեան մա­սին ինչ­պէս նա­եւ պատ­մա­կան ակ­նարկ մը` Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու կազ­մու­թեան, նշե­լով որ Հայ Դա­տի քա­ղա­քա­կան-քա­րոզ­չա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան մեծ բա­ժի­նը Հայ Դա­տի գրա­սեն­եակ­նե­րը կ՛իրա­կա­նաց­նեն եւ այդ գրա­սեն­եակ­նե­րու նիւ­թա­կան պիւտ­ճէ­նե­րը կը հա­ւա­սա­րակշռ­ուին նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րով: Գու­լաճ­եան յայ­տա­րա­րեց, թէ նուի­րա­հա­ւա­քի հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին նուի­րա­տու­նե­րէն գո­յա­ցած գու­մա­րը հա­սած է 76 հա­զար տո­լա­րի: Գու­լաճ­եան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր անոնց, որոնք ցու­ցա­բե­րե­ցին եւ կը ցու­ցա­բե­րեն ան­վե­րա­պահ ներդ­րում` նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս, սա­տար կանգ­նե­լով Հայ Դա­տի գոր­ծու­նէ­ու­թեան, նշե­լով Կը մնանք վճռա­կամ` շա­րու­նա­կե­լու մեր ու­ղին, մեր կող­քին ու­նե­նա­լով ձեր նման բա­րե­կամ­նե­րու փա­ղան­գը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles