
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Հոկտեմբեր 18-ին, մահացաւ հանրածանօթ գործարար եւ բարերար Լեւոն Հայրապետեան, որ 2016-էն ի վեր դատապարտուած էր չորս տարուան բանտարկման:
Լեւոն Հայրապետեան աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան կայացման գործին եւ կը նկատուի անոր գլխաւոր հովանաւորներէն մէկը: Կը նկատուի մեծագոյն ներդրողը Արցախի ժամանակակից պատմութեան մէջ: Անոր ծրագիրները իրագործուած են Ստեփանակերտի, Մարտակերտի, Շուշիի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Հայրապետեան կը մեղադրուէր իրաւաբան Սերգէյ Անթոնովի հետ, Պաշքիրիան ներկայացնող նախկին ծերակուտական Իկոր Իզմեստեւի մօրմէն` իր որդիին դատավճիռը մեղմացնելու նպատակով` գումար իւրացնելու յանձանքով:
Հ.Յ.Դ. Մամլոյ դիւանէն հետեւեալ ցաւակցականը հրատարակուեցաւ.- «Ցաւով տեղեկացանք Լեւոն Հայրապետանի անժամանակ մահուան մասին: Տարիներ շարունակ պրն. Հայրապետեանը մեզ համար եղել է ազգի ճակատագրով ապրող եւ այդ ապագան առաւել բարեկեցիկ ու ապահով տեսնելու գործնական մտահոգութեամբ տոգորուած հայրենասէր գործիչ: Կարելի է յիշել նրա ձեռնարկած բազմաթիւ նախաձեռնութիւնները, որոնք ուղղուած են եղել յատկապէս Արցախի վերածնութեանն ու հզօրացմանը եւ որոնք ոգեշնչել են ու լայն արձագանգ են գտել երախտագէտ համերկրացիների սրտերում:
Այդ անշահախնդիր նուիրումը դրսեւորուել է նաեւ Հայ Դատի աշխատանքներին թիկունք կանգնելու մշտական պատրաստակամութեամբ: Ցաւի հետ այսօր նաեւ ափսոսանքի զգացումն է համակել մեզ՝ նրա ընդհատուած ծրագրերի ու երազանքների համար, ինչպէս եւ գիտակցումը, որ մեր հաւաքական կեանքից այլեւս բացակայելու է հայրենիքի շէնացումը քաղաքական նպատակ, հոգու պարտք ու հաւատամք դարձրած մի համարձակ ու անկեղծ նուիրեալ:
Լեւոն Հայրապետեանի մահուան առիթով կիսում ենք հարազատների, մտերիմների եւ բոլոր վշտակցողների զգացումները, որպէս մխիթարանք վկայաբերելով գործը, որ մնաց որպէս անմեռ յիշատակութիւն»: