
Ուրբաթ, Մայիս 27-ին տեղի ունեցած 65-րդ հայկական Պոսթըն Փոփսի ձեռնարկի հիւրն էր՝ երիտասարդ թաւջութակահար՝ Եդուարդ Պօղոսեան, որ վերջերս շահած էր ծանօթ ՙՙՃուլիըրտ՚՚ մրցանակը: Ներկայ հոծ բազմութեան, ան ամենայն հմտութեամբ հրամցուց դասական դժուար կտոր մը՝ ռուս յօրինող Չայքովսքիի ՚՚Variations of a rococo theme՚՚ գործը, վերապահուած թաւջութակի եւ համանուագային նուագախումբի:
Տեղին է նշել թէ, Եդուարդ Պօղոսեան միեւնոյն գործը նուագելով Նիւ Եորքի եւ Շիքակոյի մէջ, ՙՙՃուլիըրտ՚՚ի նուագախումբին (որուն պատասծանատուն հարահռչակ ջութակահար Իցհաք Փերլմանն է) ղեկավարութեամբ, տիրացած էր վերոյիշեալ մրցանքին:
Այս անգամ, Պօղոսեանին կ՛ընկերակցէր Պոսթըն Փոփսի ղեկավար մաէսթրօ Քիթ Լոքհարթն ու նուագախումբը: Կառչած լարերուն, Պօղոսեան խոր ապրումներով նուագեց այս դժուար գործը, որ Չայքովսքի յօրինած էր ներշնչուելով աւստրիացի «Չաստուած»՝ Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթէն:
Հանդիսատեսը, շատ աւելի կուշտ ու կուռ դուրս եկած պիտի ըլլար սրահէն, եթէ Եդուարդ Պօղոսեան, կառչած մնալով այդ թաւ լարերուն, շարունակէր նուագել այլ գործեր, որոնց կարգին յատկապէս ֆրանսացի հանրածանօթ երաժշտագէտ Սէն Սանսի թաւջութակի «քոնչերթօ»ն…գլուխ-գործոց յօրինում մը: Գործ մը, որ նոյնքան հարազատութեամբ ան, բազմիցս նուագած է:
Յառաջիկային, երաժշտութեան բնագաւառէն ներս, շատ պիտի լսուի այս երիտասարդ թաւջութակահարին անունը: Իսկ, հետաքրքրական եւ յիշատակելի զուգադիպութիւններէն մէկն ալ, այն էր թէ այս ելոյթէն 26 տարի առաջ, այդ օրերուն, այլ երիտասարդ երաժշտահար մը՝ Մովսէս Պօղոսեան՝ Եդուարդի հայրը, նուագած էր Չայքովսքիի ջութակի «քոնչերթօ»ն, մասնակցութեամբ միեւնոյն՝ «Պոսթըն Փոփս» նուագախումբին հետ:
Նախքան Եդուարդ Պօղոսեանի բեմահարթակ բարձրանալը, մաէսթրօ Քիթ Լոքհարթն եւ իր Պոսթըն Փոփսի գումարտակը, օրուան ազդանշանը տուին Արամ Խաչատուրեանի «Կայանէ» պալէի «Սուրերու Պար»ով, ապա անոր յաջորդեց «Հայր Մեր»ը, որուն ձայնակցեցան ներկայ հարիւրաւոր հայորդիներ: Մաէսթրօ Լոքհարթ նշեց թէ այս օրը, Հայաստանի անկախութեան 98-ամեակի նախօրեակն է, եւ շնորհաւորեց ներկայ հայորդիները:
Նշենք թէ, տարեկան դրութեամբ կատարուող այս հայկական Պոսթըն Փոփսը կազմակերպուած է Հայկական Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկին (FACS) կողմէ, որուն նախագահն է Արա Առաքելեանը: