Ըստ Ոչ Պաշտօնական Աղբիւրներու Հաւաքական Ընդդիմութիւնը Առաջ Անցած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-էն
ԵՐԵՒԱՆ- Յունիս 7-ին կատարուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն, համացանցին մէջ տարածուած են անկախ էքզիթ փոլի վերջնական տուեալները՝ ընտրատեղամասերու փակման պահուն։ Քուէարկողներուն թիւը գրեթէ հասած է վաթսուն առ հարիւրի:
Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը կը ստանայ 32.7 առ հարիւր ձայն։
Մինչդեռ խորհրդարան անցնելու շեմը յաղթահարող գլխաւոր ընդդիմադիր ուժերու ընդհանուր քուէներու բաժինը կը կազմէ 52.9 առ հարիւր, հետեւեալ բաշխումով՝
- «Ուժեղ Հայաստան»՝ 29.0%
- «Հայաստան» դաշինք՝ 13.2%
- Բարգաւաճ Հայաստան (ԲՀԿ)՝ 6.1%
- «Միասնութեան Թեւեր»՝ 4.6%
Այսպիսով, էքզիթ փոլի արդիւնքներուն համաձայն, իշխող ուժը կը կորսնցնէ խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութիւնը, իսկ ընդդիմադիր ուժերը միասին կը յառաջանան ընտրական մրցակցութեան մէջ։
Այնուամենայնիւ, պէտք է նկատի ունենալ, որ էքզիթ փոլերը նախնական գնահատականներ են եւ կրնան տարբերին պաշտօնական հաշուարկներէն։ Վերջնական պատկերը պիտի ճշդուի միայն Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի պաշտօնական արդիւնքներու հրապարակումով։

