
Read Time:18 Second
Ֆրանսայի օդանաւային ընկերութեան՝ “Էր Ֆրանս“ի, Նոյեմբեր ամսուան ամսաթերթին կարեւորագոյն յօդուածը նուիրուած է Հայաստանին:
Արդարեւ, շուրջ 15 էջերէ բաղկացած, այս նկարազարդ եւ հետաքրքրական յօդուածագրութիւնը, սկսած է “Ցաւդ տանեմ“ով, ուր յօդուածագիրը՝ Ռաֆայէլ Ֆէօյաթր, կը նշէ թէ ամենէն աւելի օգտագործուած եւ գործածուած խօսքն է:
Զբօսաշրջիկի ակնոցով դիտուած, իւրայատուկ գրութիւն մըն է, ուր նաեւ կը նշուի թէ, Հայաստանը քարի երկիր է: