ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԱՍՏՂԱՀՈՅԼԻՆ ՄԷՋ ՈՉ ԹԷ ՀՈԳԵԲՈՅԺՆԵՐԸ ՄԷԿՈՎ ԱՒԵԼՑԱԾ ԵՆ, ԱՅԼ՝ ՀԻՒԱՆԴՆԵՐԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 40 Second

 

            Քովիտ 19-ը պատճառ է, որ Կեդրոնականցիին չբաւեն հայերէն թերթերը եւ Հայաստանի ձայնասփիւռը, հիմա կը հարստանայ  ֆրանսական հեռատեսիլով:

            Դարձած է իսկական համայնագիտարան:

            Ընթրիքի ժամուն անակնկալ կերպով այցի եկաւ.

            – Մակա՛ր, Թուրքիան բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներէն առաջ անցած է, շնորհիւ իր նախագահին, որ ինքզինք հռչակած է Ֆրանսայի նախագահի հոգեբոյժ: Լսէ՛ ֆրանսական հեռատեսիլը:

            – Լաւ է: Կը դարմանէ իր մեծամտութիւնը, իր ժողովուրդի եւ իր մոլեռանդութիւնը, տիրելու ախտը, mégalomania-ն:

            – Մարդկութիւնը ականատես եւ ականջալուր եղաւ ոչ թէ անմարդկային ոճիրի մը, այլ՝ գազանային: Մոլորակներ նուաճող մեր դարուն, դեռ կարելի՞ է հաւու գլուխ կտրելու պէս մարդ գլխատել: Ֆրանսայի նախագահը դիմած է ազգային ինքնապաշտպանութեան, թոյլ չտալու համար երկրի մասնատումը, ինչ որ, ըստ երեւոյթին Էրտողանին դժգոհութիւն պատճառած է, քանի որ անոր մէջ տեսած է տարածուելու իր անսահման փառասիրութեան դէմ արգելք:

            – Արմենա՛կ, այդպէս է  հետեւանքը կակուղ թաթիկ ըլլալու:

            – Գլխատուած ուսուցիչին ողբերգական մահուան առիթով, Էրտողան դիւանագիտական նուազագոյն ցաւակցութիւն չէր յայտնած ո՛չ Ֆրանսայի, ո՛չ անոր նախագահին եւ ո՛չ ալ դժբախտի ընտանիքին, ինքզինք չզրկելու համար իր հետեւորդներէն: Ֆրանսայի նախագահը պաստասխանատու է երկրի ամբողջութեան եւ ըսած է, որ չի կրնար ընդունիլ, որ նոյն երկրին մէջ տարբեր օրէնսդրութիւններ ըլլան, դուռ բանալով երկրի մասնատման: Այս խօսքերը հաճելի չեն թուած խալիֆայ նոր-օսման սուլթանին, որ խախտելով միջազգային կանոնները, նախատած է նախագահ Մաքրոնը:

            – Ֆրանսացիները եթէ չէին գիտեր, թէ որոնց հետ գործ ունէին, թող հայերուն հարցնէին:

            – Երբ կրկէսին մէջ խաղցողներէն մին կանոնները կ’անտեսէ, խաղը կը դադրի: Էրտողան բիրտ ձեւով կը յայտարարէ. «Երկրի մը ղեկավարին, որ իր երկրի միլիոնաւոր անդամներ ունեցող կրօնական տարբեր համայնքներուն այդ ձեւով կը վերաբերի, այն կարելի է ըսել, որ գացէ՛ք նախ ձեր մտային վիճակը քննել տուէք»: Անդուռ նախատինք: Եւ Ֆրանսա տուն կանչած է Անգարայի իր դեսպանը:

            – Արմենա՛կ, հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ:

            – Կը խորհիմ, որ Անգարայի կամ Պոլսոյ հոգեբուժարանները նախագահի գլխու հիւանդութիւն ախտորոշող նոր մեծ բժիշկը պաշտօնի պիտի կոչեն: Եւ քսանչորս ժամ չանցած, ոչ թէ բժիշկներուն թիւը մէկով պիտի աւելնայ, այլ՝ հիւանդներու: Եթէ ազատախոհ թերթ մնացած ըլլար Թուրքիոյ մէջ, լրագրող մը պիտի դիմէր Էրտողանին Ղուկաս Աւետարանիչին խօսքերով. «Բժիշկ, բժշկեա՛ զանձն քո»…

            Մակարուհիին բերած սուրճը մարեց Կեդրոնականցիին զայրոյթը:

 

Մակար ի Գաղիա, 25 հոկտեմբեր 2020

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles