
Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի զանազան գաղթօճախներու մէջ, տեղի ունեցան Արցախի զօրակցութեան հաւաքներ։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1-ի յետմիջօրէին, Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզի հայ համայնքներու բազմաթիւ անդամներ ցոյց կատարեցին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մերձակայքը գտնուող «Տակ Համարշոլտ» հրապարակը՝ զօրակցելով Արցախի քաջարի ժողովուրդին, որ հերոսաբար կը դիմագրաւէ ատրպէյճանա-թրքական ռազմական յարձակումը։
Աւելի քան երեք հարիւր ցուցարարներ մասնակցեցան այս հաւաքին։ Ներկայ էին նաեւ երկու առաջնորդները՝ Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան (Էջմիածնական թեմ) եւ Անուշաւան Արք․Դանիէլեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմ) եւ իրենց կողքին ունենալով շրջանէն հովիւներ։
Տէրունական աղօթքէն ետք, անոնք խօսք առնելով կոչ ուղղեցին յաւելեալ միասնականութեամբ դիմադրելու այս վճռական ճակատամարտը շեշտելով, թէ Արցախի մէջ մեր հարազատները ենթարկուեցան պատերազմական ահաւոր յարձակումի, շղթայազերծուած Ատրպէյճանի կողմէ՝ թրքական կառավարութեան զօրակցութեամբ։
Անոնք շեշտեցին, թէ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի զաւակները ամբողջական սրտով կ՛աջակցին Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, մաղթելով շուտափոյթ խաղաղութիւն, որպէսզի շրջանային բարգաւաճումը ընթացք առնէ իրարհասկացողութեան եւ գործակցութեան մթնոլորտի մէջ։
Հ․Հ․-ի եւ Արցախի Հանրապետութեան դրօշակներով եւ պաստառներով, երիտասարդներ հետեւողական կերպով եւ բարձրաձայն բացագանչեցին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնները դատապարտող կարգախօսներ:
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2-ին, Մասաչուսէցի մայրաքաղաք` Պոսթընի կեդրոնը գտնուող, նահանգային պալատի մուտքին, հինգ հարիւրի շուրջ հայորդիներ, կատարեցին խաղաղ ցոյց մը, զօրակցելով Արցախի եւ Հայաստանի քաջարի ժողովուրդին, որ անկոտրում կը դիմադրէ ռազմական յարձակումը՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ:
Երիտասարդականներու կողքին, խօսք առաւ նաեւ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Յ․Դ․-ի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեան, որ բուռն կերպով քննադատեց կատարուած ներխուժումը եւ յատկապէս Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը։ Աղճայեան, նաեւ աւելցուց, թէ Արցախի ու Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդը կենաց-մահու ժամեր կ’ապրի, թուրքը անգամ մը եւս ցեղասպանութիւն կ’իրագործէ տարածաշրջանին մէջ։ Ան եզրակացուց, թէ պահը հասած է մէկդի թողելու խաղաղասիրական եւ երկկողմանի հրադադար յորդորող կոչերն ու գաղափարները եւ գործի լծուիլ՝ յանուն Հայաստանի, Արցախի ու հայ ժողովուրդի գոյատեւման:
Ցուցարարները պաստառներով եւ լոզունքներով կը պահանջէին ազերիներու, թուրքերու եւ ահաբեկիչ վարձկաններու ելքը Արցախէն: Հ.Ե.Դ.-ի կողմէ կազմակերպուած էր այս ցոյցը, որ աւարտեցաւ քայլարշաւով մը, դէպի քաղաքի կեդրոն:
Նմանօրինակ ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Ուաշինկթընի եւ Շիքակոյի մէջ։
Շիքակոյի թրքական հիւպատոսարանին դիմաց հարիւրի շուրջ ցուցարարներ քննադատեցին սուլթանամէտ Էրտողանի կիրարկած համաթրքական քաղաքականութիւնը։ Յաջորդաբար խօսք առին յոյներու ներկայացուցիչ Էնտի Զեմենիտիս, Հ․Ե․Դ․-ի ներկայացուցիչ Արենի Արթինեան եւ Հ․Յ․Դ․ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան հերթապահ Յակոբ Սուլաքեան։