ԱմերիկահայԳլխաւորԼրահոս
Հ.Ե.Դ. «Մուշ» Մասնաճիւղի Հովանաւորութեամբ՝ Հայաստանի Կրթական Նախաձեռնութիւն
Կիրակի, 30 Օգոստոսին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Հ․Ե․Դ․-ի «Մուշ» մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ, Հայաստանի Կրթական Նախաձեռնութիւնը (Armenia Education Initiative) իը առաքելութիւնն ու ծրագիրները հանրութեան ներկայացուց Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանի բացման խօսքէն ետք, կազմակերպութեան պատասխանատուներէն Քաթրինա Շաքարեան կատարեց ներկայացումը։

Նինա Շահվերդեան եւ Աշոտ Գաբրիէլեան անձնական վկայութիւններ տուին կազմակերպութեան ծրագիրներէն մէկուն՝ Teach for Armenia-ի մասին։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի բաժին մը։

