ԶԵՓԻՒՌ ՌԷՅԻՍԵԱՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ՊՈՍԹԸՆԻ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:4 Minute, 4 Second

IMG_0527  Վերջերս, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ` Զեփիւռ Ռէյիսեան (Հալէպ), Ա.Մ.Ն. Արեւելեան այցելած էր, մասնակցելու համար Պոսթընի մէջ կատարուած լիագումարին: Այս առթիւ, կարելի եղաւ զեկուցական հաւաք մը կազմակերպել թէ՛ Պոսթընի եւ թէ՛ Ուաշինկթընի մէջ, յաջորդաբար Կիրակի Մարտ 23-ին եւ Երեքշաբթի Մարտ 25-ին:

Ռէյիսեան մանրամասնօրէն ներկայացուց յատկապէս Հալէպի իրավիճակը: Անոր համար ալ նորութիւն էր Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութիւնը:

Իր զեկուցումին մէջ, Ռէյիսեան նշեց թէ 2012ի ամրան վերջաւորութեան երբ , պատերազմական գործողութեանց քաղաքի տարբեր բաժիններու մէջ ծաւալման արդիւնք ,Հալէպի մէջ վատթարացաւ կացութիւնը, բազմաթիւ արհեստանոցներ կամ գործատեղեր փակ մնացին, զրկելով ընտանիքները եկամուտի հնարաւորութենէն: Ապա, կարճ ժամանակաշրջան մը ետք, վրայ հասան նաեւ  սղութիւնն ու ելեկտրականութեան, կազի ու վառելանիւթի տագնապը, առօրեայ սնունդի պակասը: Այնքան մը որ, նպաստամատոյց կողմերու բաժնած սննդամթերքի կողովներու պարունակութիւնը` տաք ճաշի եւ լիարժէք սնունդի վերածելն իսկ շատերու համար դարձաւ անկարելիութիւն:IMG_0528

Ռէյիսեան շեշտեց թէ Սուրիոյ մէջ տագնապը ծայր առած էր Մարտ 2011ին, սակայն հայահոծ բնակչութեամբ քաղաքները` Հալէպ, Գամիշլի, Դամասկոս, Լաթաքիա եւ Քեսապ, մինչեւ 2012ի սկիզբները, լուրջ ընդհարումներու թատերաբեմ չէին: Անկախ զարգացման հաւանականութեան մտահոգութենէն, տագնապը միայն տնտեսական իր անդրադարձով սկսած էր ճնշելու ընտանիքներն ու հաստատութիւնները: “Այս կացութեան ի տես, Կեդրոնական վարչութիւնը հանգամանօրէն սերտելէ ետք օժանդակութեան հնարաւոր ծրագիրները, նպատակայարմար համարեց առաջին հերթին աշխարհասփիւռ իր միաւորներու ճամբով հանգանակութիւն կազմակերպել, ի նպաստ Սուրիոյ մէջ գործող հայկական վարժարաններուն, որոնց հայապահպան դերակատարութիւնը առանցքային է ե՛ւ գաղութի ե՛ւ սփիւռքեան մեր իրականութեան համար:
Վարժարաններու գործունէութեան շարունակութեան նպաստելու, ինչպէս նաեւ ընտանիքներու բեռը թեթեւցնելու հեռանկարով, օժանդակութիւնը վարժարաններու ճամբով յատկացուեցաւ կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներուն“, ըսաւ ան, տեղեկացնելով թէ Մայիս 2012-ին հրապարակուած է կոչը եւ կարճ ժամանակի ընթացքին, միաւորներու աշխոյժ աշխատանքին, բայց մանաւանդ համակիրներու վստահութեամբ կատարած նուիրատուութեանց շնորհիւ, կարելի եղած է նկատառելի գումար մը գոյացնել: Սուրիոյ միաւորը, տեղւոյն Ազգային իշխանութեանց հետ համախորհուրդ, շնորհակալ բծախնդրութեամբ կատարեց վարժարաններու ցուցակներու պատրաստութիւնն ու յատկացուելիք գումարներու ճշդումը, աւելի ուշ նաեւ գումարներու յանձնումն ու համապատասխան հաշուական արխիւին անհրաժեշտ փաստաթուղթերուն պատրաստութիւնը:

IMG_0530Ան փոխանցեց թէ Հոկտեմբեր 2012-ին, տարբեր քաղաքներու մէջ գործող համայնքային թէ միութենական 27 վարժարաններ, ստացան հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի ընդհանուր յատկացումէն իրենց բաժինը:

Ռէյիսեան յայտնեց թէ Հ.Օ.Մ.-ական անդամուհիներն ու համակիրները մեծապէս գնահատելով “Տաք ճաշ“ի ծրագիրը, քաջալերական անվերապահ իրենց ներդրումը ունեցան: Այսպէս, Կեդրոնական վարչութիւնը նկատի ունենալով տեղւոյն միաւորի ճաշի “Փեթակ“ վաճառատան խոհանոցային հնարաւորութիւնը, նախագծեց կարօտեալ ընտանիքները տաք ճաշով ապահովելու ծրագիրը: Շրջանային վարչութեան հետ իրագործման կարելիութեանց գծով խորհրդակցելէ ետք, առաջին նիւթական յատկացումը ինք կատարելով քաջալերեց, որ միաւորը սկսի այս ուղղութեամբ աշխատանքի: Ապահովական թէ կենցաղային ծանր պայմաններու մէջ, Հ.Օ.Մ.-ուհիներու` տեղական ընկալեալ անուանումով Խաչուհիներու, անձնուէր աշխատանքին շնորհիւ, Նոյեմբերի 2012ի կիսուն սկիզբ առաւ այս ծրագիրը, որ սկզբնական փորձառական շրջանին, շաբաթական մէկ անգամ 110-125 անձի, մօտաւորապէս 35-40 ընտանիքի տրամադրեց տաք ճաշ:
Փորձի յաջողութեան եւ կարիքէն մեկնած, Փետրուար 2013-ին, Կեդրոնական Վարչութիւնը դիմեց իր միաւորներուն, որ անկախ սուրիահայութեան ի նպաստ ցարդ ստանձնած իրենց յանձնառութիւններէն եւ գաղութային մարմիններուն մէջ իրենց գործօն ներդրումէն, փորձեն ապահովել այս ծրագիրին համար բարերարներ, եւ կազմակերպական ներքին դասաւորումով, իւրաքանչիւր մասնաճիւղ ստանձնէ գէթ մէկ օրուան ճաշի մատակարարման հովանաւորութիւնը, յատկացնելով 250 տոլար: Ռէյիսեան մեծ գոհունակութեամբ յայտնեց թէ, միաւորները այս ծրագիրին եւս անվերապահ աջակցութիւն ցուցաբերեցին:3
Որոշ շրջան մը շաբաթական երկու անգամ ճաշ մատակարարուելէ ետք, ծրագիրը սկսած է իրագործուելու շաբաթական երեք անգամով, իւրաքանչիւր անգամ 100 անձ, այսինքն շաբաթական երեք հարիւր անձ, աւելի քան ութսուն ընտանիքներ, կը ստանան բծախնդրութեամբ պատրաստուած տաք ճաշը, որ անկախ սննդային արժէքէն, ունի նաեւ հոգեբանական բարերար անդրադարձ:

Ռէյիսեան զեկուցեց նաեւ Հայաստան կայք հաստատող սուրիահայերուն մասին, որոնց աճող թիւին հետ, հետզհոտէ ստեղծուեցան դժուարութիւններ: Այս գծով, Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի միաւորը այս նպատակով, արդէն իսկ յառաջացուցած է Սուրիահայերու օժանդակութեան յանձնախումբ մը. գործնական նկատառումներով այս յանձնախումբին կազմութեան ընթացքին նկատի առնուած են նաեւ Երեւան գտնուող Սուրիոյ միաւորի ընկերուհիներ:

Ըստ Ռէյիսեանի, Կեդրոնական Վարչութեան նիւթական ներդրումով, ապա նաեւ “Օգնիր Եղբօրդ“ նախաձեռնութեան հետ սերտ գործակցութեամբ կամ Շրջանային վարչութեան յատկացումներով, յանձնախումբը սուրիահայ ընկերուհիներու կազմած ցուցակներուն հիմամբ 2012ի աշնան բաժնած է ձմեռնային վերմակներ, տաք հագուստներ եւ կօշիկներ: Օժանդակութիւն ցուցաբերուած է բնակարանային խնդիրներու լուծման, կամ առողջապահական լուրջ պարագաներ ունեցողներու: Շարունակական բնոյթ ունի ճշդուած պարբերականութեամբ սննդամթերքի բաշխումը:
Նկատի ունենալով, որ պատերազմական վիճակի հետեւանքով Սուրիոյ միաւորի հասութաբեր նախաձեռնութիւնները դադրած էին աշխատանքէ, տնտեսական լուրջ տագնապի սեմին կանգնեցնելով միաւորը, Կեդրոնական Վարչութիւնը իր օժանդակութեանց կողքին, աշխատանք տարաւ Հիւսիսային Ամերիկայի միաւորներուն մօտ, սպառելու շրջանի ձեռարուեստի վաճառատան արտադրութիւնները: Այս նախաձեռնութեամբ, յատկապէս Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի եւ Գանատայի միաւորներու ջանքերով, կարելի եղաւ վաճառատան համար  ապահովել շօշափելի եկամուտ, միաժամանակ վաճառատան հետ գործակցող կանանց աշխատանքի, հետեւաբար անոնց ընտանիքներուն եկամուտի հնարաւորութիւն:

Ռաքայի ու Եագուպիէի նման վտանգուած փոքր քաղաքներէ եւ գիւղերէ գաղթական դարձած ընտանիքներ հիւրընկալելու հարկադրանքը, տարբեր քաղաքներու մէջ գործող մասնաճիւղերը խնամատարական յաւելեալ օժանդակութեան պարտաւորութեան դէմ հանդիման դրած էր: Այս պարագան նկատի առած Կեդրոնական Վարչութիւնը, շրջաններու մասնաճիւղերուն, մանաւանդ Հալէպի մէջ բնակող կարիքաւոր ընտանիքներուն կենցաղային կարիքները հոգալու համար շօշափելի գումար մը փոխանցեց Շրջանային Վարչութեան:

“Քաջատեղեակ եմ, որ բոլորին ցանկութիւնն է ամենակարճ ժամանակի ընթացքին մայր գաղութը տեսնել երբեմնի իր խաղաղ եւ բարգաւաճ վիճակին մէջ. այսուհանդերձ, պահի եւ կարիքի անհրաժեշտութենէն մեկնած, օժանդակութեան նոր նախաձեռնութիւններով տագնապահար գաղութի զաւակներուն օգտակար դառնալու համար, Կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ զօրաշարժի մէջ պահել Հ.Օ.Մ.-ի կազմակերպական ամբողջ կառոյցը, աշխարհասփիւռ միաւորները, որոնց յանձնառու վերաբերումը, առաքելութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը փայլուն տողերով պիտի արձանագրուին մեր կազմակերպութեան պատմութեան առաջին էջերուն վրայ“, եզրակացուց ան:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles