Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը Կը Դատապարտէ Օսման Քաւալայի Ձերբակալութիւնը

0 0
Read Time:50 Second

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը յայտարարութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ խորապէս մտահոգուած է Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու պաշտպան, մտաւորական Օսման Քաւալայի հարցով, որ Հոկտեմբեր 18-ի առաւօտեան Պոլսոյ օդակայանին մէջ ձերբակալուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ:

«Արդար դատաքննութեան իրաւունքը ժողովրդավարական սկզբունքներու հիմնական բաղադրիչն է, անիկա Թուրքիոյ նախագահէն կախեալ եւ անոր քմահաճոյքին ենթակայ պէտք չէ ըլլայ: Յստակ է, որ Քաւալայի ձերբակալութիւնը Էրտողանի գործն է: Օսման Քաւալա Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու պաշտպան է, ան խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան մասին: Անընդունելի է, որ Թուրքիոյ նախագահը Քաւալան ամբաստանէ ահաբեկչական խմբաւորումի ղեկավարութեան յանցանքով, առանց որեւէ դատաքննութեան: Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կը դատապարտէ Քաւալայի ձերբակալութիւնը եւ Եւրոպայի ղեկավարութեան կոչ կ՛ուղղէ խզելու լռութիւնը եւ կասեցնելու այս եւ նման երեւոյթներ, մանաւանդ որ Էրտողանի իշխանութիւններուն զանգուածային հալածանքները կը թիրախաւորեն Թուրքիոյ քաղաքացիական ընկերութիւնը»,  հաստատեց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը:

Քաւալա Թուրքիոյ մէջ գործող մտաւորականութեան տիրական դէմքերէն մէկն է, որ Թուրքիոյ մէջ խաղաղութեան, այնտեղ ապրող ազգերու միջեւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման, երկխօսութեան ջատագով է: Ան 24 Ապրիլ 2016-ին այցելեց Հայաստան` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles