ԱյլազանՀայաստան

Երեւանի մէջ.- ՈՍԿՐԱԾՈՒԾԻ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի

Վերջերս, Երեւանի մէջ կատարուեցաւ բացումը ոսկրածուծի նուիրատուներու կեդրոնին, որ ցայսօր արդէն իսկ ունի աւելի քան 15 հազար կամաւորներ:

Այսօր ամբողջ աշխարհի տարածքին կը գտնուին մեծ թիւով հայ հիւանդներ, որոնք կը տառապին արեան զանազան տեսակի վտանգաւոր եւ մահացու հիւանդութիւններէ, որոնք կրնան դարմանուիլ միայն նուիրատուի մը ոսկրածուծին փոխպատուաստումով եւ մանաւանդ՝ հայ նուիրատուի մը ոսկրածուծով:

Ցարդ 1276 հիւանդներէ 821ը կրցած են դարմանուիլ, շնորհիւ այս կեդրոնի աշխատանքին:

Նշենք թէ 1999էն ի վեր, միեւնոյն նպատակներով կը գործէ Քալիֆորնիոյ Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու գրանցամատեանը:

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button