Երդման Արարողութիւն` Պռօշեանի «Զօրաց» Պանթէոնին Մօտ
Հ․Յ․Դ․ երիտասարդական-ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ իր հարուստ եւ աշխուժ գործունէութիւնը: Դաշնակցական ազատատենչ արիներու սխրագործութիւնները պատմող Պռօշեան քաղաքի «Զօրաց» պանթէոնին մօտ, տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան շարքերը մուտք գործելու երդման արարողութիւն` կնքահայրութեամբ Իկոր Սարգսեանի:
Սակայն Իկոր Սարգսեանի խօսքը միայն նորագիրներուն հետ էր, որովհետեւ ան ֆիզիքապէս արգելափակուած է ապազգային իշխանութեան մը կողմէ:
Բանակումի պատասխանատու Մհեր Գարագաշեան անոր գրաւոր խօսքին հետ հաղորդեց բառերու շունչն ու ոգին: Իկոր Սարգսեան երիտասարդներուն դիմեց որպէս «Հայկեան սերունդ, պատուի եւ հայրենիքի պատասխանատու տէրեր»:
Անհիմն զրպարտանքով ան կապանքի տակ ըլլալով հանդերձ, յայտնեց իր բերկրանքը` ի լուր աշխարհի չորս ծագերէն միատեղուած դաշնակցական երիտասարդական-ուսանողական բանակումի կազմակերպման. «Ուրախ եմ, որ ամբողջ աշխարհէն հաւաքուած էք հայրենիքի մէջ` հերթական անգամ նորոգելու հաւատարմութեան ուխտը մեր նախնիներու տան եւ նախնեաց հանդէպ»: Անդրադառնալով Հայաստանի եւ հայ ազգի փրկութեան համար Դաշնակցութեան դերակատարութեան` ան ընդգծեց. «Հայ կեանքի անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը ժամանակի ընթացքով փոխանցուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Դաշնակցութիւնը արդէն 135 տարի պատուով կը տանի իրեն բաժին ինկած խաչը»:
Իկոր Սարգսեան, որ մասնակցած է Արցախի բոլոր պատերազմներուն, իր խօսքին մէջ նշեց. «Մեր սերունդը այդ ճանապարհին ճաշակեց Արցախի ազատագրութեան յաղթանակի բերկրանքը, պատիւը, հպարտութիւնը, նաեւ` անոր ժամանակաւոր կորուստի ցաւն ու դառնութիւնը»:
Իբրեւ երէց ընկեր` ան խօսք ուղղեց շարքերը մուտք գործելու թեկնածուներուն եւ զանոնք զգաստութեան հրաւիրեց. «Այսօր դուք բարդ որոշում կը կայացնէք` «Կ՛երդնում պատուովս եւ հայրենիքովս»: Կը խնդրեմ, կանգ առէք պահ մը, խօսեցէք ձեր հոգիի եւ բանականութեան հետ եւ չխաբէք դուք ձեզ, չամչնաք, եթէ պատրաստ չէք, ոչ ըսէք: Դաշնակցական ճանապարհները փշոտ են, քարքարոտ, զրկանքներով լի: Կամք, վճռակամութիւն եւ յամառութիւն կը պահանջեն: Եթէ վճռեցիք, ձեզի կը մաղթեմ` կամք, սկզբունքայնութիւն, հաւատ եւ նուիրուածութիւն: Արժանի ըլլաք հերոս նուիրեալները ապրեցնողներու բարձր կոչման: Ուրեմն` յառա՛ջ, նահատակ ցեղի անմահներ: Բարի՛ գալուստ Դաշնակցութիւն»:
Այս յուզիչ խօսքերով 26 երիտասարդներ մուտք գործեցին ՀՅ․Դ․-․ի շարքերը:
Նախապէս, բանակողները այցելած էին Սարդարապատ:

