ԵՐԲ ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆԸ “ՍԵ­ՓԱ­ԿԱ­ՆԱՇ­ՆՈՐՀ­ՈՒԱԾ“ Է, ԻՍԿ ԿՈՒ­ՍԱԿ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐԸ` “ՊԵ­ՏԱ­ԿԱ­ՆԱՑ­ՈՒԱԾ“…

0 0
Read Time:8 Minute, 15 Second

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷՐ­ԵԱՆ

Իրենց “վե­րընտ­րու­թիւն“ը կա­տա­րե­լա­գործ­ուած մե­քե­նա­յու­թիւն­նե­րով յա­ջո­ղա­պէս կազ­մա­կեր­պե­լէ եւ այս­պէս կոչ­ուած “ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան յաղ­թա­նակ“ ար­ձա­նագ­րե­լէ ետք, Հա­յաս­տա­նի ու Երե­ւա­նի հին-նոր իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը աջին ու ձա­խին խոր­հուրդ կու տան, թէ ընտ­րու­թեանց ժա­մա­նա­կը աւար­տած-ան­ցած է եւ ամէն մարդ թող իր գոր­ծով զբա­ղի:

Եթէ իրենք` պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան ղե­կին գլու­խը մնա­լու սի­րոյն այս­քա՛ն ար­ժէք­ներ ոտ­նա­կո­խած “պե­տա­կան այ­րեր“ը իրենց յանձ­նա­րար­ուած գոր­ծը օրը օրին կա­տա­րած ըլ­լա­յին, եթէ մեր հա­սա­րա­կու­թեան նման կեղծ խոր­հուրդ­ներ տա­լէ առաջ իրե՛նք տէր կանգ­նած ըլ­լա­յին իրենց “ձեռք ձգած“ ղե­կա­վար պաշ­տօն­նե­րուն ու հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան նուիր­ուե­լու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան, այդ պա­րա­գա­յին, վստա­հա­բար, Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւնը այ­սօր կանգ­նած պի­տի չըլ­լա­յին այս աս­տի­ճան յու­սալ­քու­թեան եւ երկ­փեղ­կու­մի մատն­ուած հա­սա­րա­կու­թեան անմ­խի­թար դրու­թեան մէջ:

Ոչ ալ ազ­գո­վին պի­տի յայտն­ուէ­ինք հա­ւա­քա­կան ան­զօ­րու­թեան այ­սօ­րի­նակ ոլո­րապ­տոյ­տի մէջ, ուր ար­դէն հին­գե­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով ի վի­ճա­կի չենք ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ազատ ու ար­դար ընտ­րու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու եւ, այդ ճամ­բով, իրա­կա­նաց­նե­լու վե­րան­կա­խաց­եալ մեր հայ­րե­նի­քին պե­տա­կան բա­րե­կար­գումն ու իրա՛ւ հզօ­րա­ցու­մը:

Այ­լեւս միայն հեգ­նա­կան կը հնչեն “ընտ­րու­թիւն­նե­րը աւար­տե­ցան եւ աշ­խա­տան­քի գա­ցէ՛ք“ յոր­դոր­նե­րը այ­սօր­ուան, էա­պէ՛ս երէկ­ուան իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն, որոնք չբա­ւա­րար­ուե­ցան Փետր­ուար 18ի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեանց քա­ղա­քա­կան խայ­տա­ռա­կու­թեամբ եւ անոր վրայ բար­դե­ցին նա­եւ Երե­ւա­նի Աւա­գանիի “ընտ­րա­կան“ զա­ւեշ­տը:

Ո՛չ. ընտ­րու­թեանց ժա­մա­նա­կը աւար­տած չէ. պար­զա­պէս պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման այս խա­թար­ուած հա­մա­կար­գը ար­մա­տա­կան բա­րե­կարգ­ման են­թար­կե­լու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պայ­քա­րը հեր­թա­կան պար­տու­թիւն կրած է…:

Եւ եկած է ժա­մա­նա­կը ազ­գո­վին անդ­րա­դառ­նա­լու, եթէ ու­շա­ցած չենք ար­դէն, որ հա­ւա­քա­կան մեր ուժն ու կամ­քը դա­տա­պարտ­ուած պի­տի մնան հեր­թա­կան պար­տու­թեանց, որով­հե­տեւ նա­եւ մեր մեղ­քով Հա­յաս­տա­նի մէջ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւնը “սե­փա­կա­նաշ­նորհ­ուած“ է, իսկ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը` “պե­տա­կա­նաց­ուած“:

Խար­խա­փե­լու եւ դե­դե­ւե­լու սկսանք Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման ու ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման առա­ջին իսկ մեր քայ­լե­րէն, երբ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան կա­պանք­նե­րը թօ­թա­փե­լու մեր վճռա­կա­նու­թեան մէջ չ՛ու­զե­ցինք տես­նել եւ հա­ւա­տալ, որ Ան­կա­խու­թեան Հան­րաք­ուէն էա­պէս ներ­քին կաշ­կան­դու­մի կ՛են­թար­կէ­ինք` մի­ա­ժա­մա­նակ նա­խա­գա­հա­կան իշ­խա­նու­թիւն հաս­տա­տե­լով դեռ իրա­ւա­կա­նօ­րէն չան­կա­խա­ցած մեր պե­տու­թեան մէջ:

1991-ի գար­նան ար­դէն, տա­կա­ւին Խորհր­դա­յին հան­րա­պե­տու­թեան մեր կար­գա­վի­ճա­կով, ատե­նի Գե­րա­գոյն խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր Պետ­րոս­եա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ան­կա­խու­թեան մեր եր­թը լծորդ դար­ձու­ցինք նոյ­նինքն “սե­փա­կա­նաշ­նորհ­ման“ երե­ւու­թա­պէս գրա­ւիչ, բայց խոր­քով հա­սա­րա­կա­կան չար­եաց աղ­բիւր հան­դի­սա­ցող սայ­թա­քու­մին:

Չա­րի­քը չէր բխեր հո­ղի սե­փա­կա­նաշ­նոր­հու­մէն, ոչ ալ անոր ան­խու­սա­փելի­օ­րէն հե­տե­ւող պե­տա­կա­նաց­ուած ար­տադ­րա­մի­ջոց­նե­րու մաս­նա­ւո­րե­ցու­մէն: Ազատ հա­սա­րա­կու­թիւն եւ ազատ քա­ղա­քա­ցի դառ­նա­լու տար­բեր ու­ղի ճանչ­ցած չէ քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թիւնը: Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւնը բա­ցա­ռու­թիւն կազ­մե­լու ոչ մէկ հիմք ու­նէ­ին:

Չա­րի­քին ար­մա­տը պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան թա­քուն “սե­փա­կա­նաշ­նոր­հում“ն էր, որ ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­կանգն­ման առա­ջին իսկ քայ­լե­րուն հետ պար­տադր­ուե­ցաւ մեր հա­սա­րա­կու­թեան` առանց ամէն բա­նէ առաջ եւ վեր Սահ­մա­նադ­րու­թիւն որ­դեգ­րե­լու…:

Մին­չեւ 1995-ի Յու­լի­սին կա­յա­ցած Սահ­մա­նադ­րու­թեան հան­րաք­ուէն, նո­րան­կախ Հ.Հ.-ի մէջ ար­դէն սկսած էր ար­մա­տա­ւոր­ուե­լու սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դէն խոր­թա­ցած պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման նա­խա­գա­հա­կան հա­մա­կարգ մը, որ իր ամ­բող­ջա­տի­րա­կան էու­թեամբ աւե­լի հո­գե­հա­րա­զատ էր խորհր­դա­յին “ժա­ռան­գու­թեան“, քան թէ այս­պէս կոչ­ուած Ազատ աշ­խար­հի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան:

Իրա­րու յա­ջոր­դած նա­խա­գա­հա­կան թէ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը բո­լորն ալ աս­տի­ճան մը աւե­լի խո­րա­ցու­ցին մեր հայ­րե­նի­քին պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան “սե­փա­կա­նաշ­նոր­հում“ը` հա­սա­րա­կա­կան բո­ղոքն ու ընդվ­զու­մը բրտօ­րէն ճզմե­լու գնով հաս­տա­տե­լով ամէն իշ­խա­նու­թիւն նա­խա­գա­հա­կան աթո­ռին վե­րա­պա­հե­լու Չա­րի­քին “օրի­նա­կա­նու­թիւն“ը:

Ինչ­պէս որ 1920ական­նե­րուն պոլ­շե­ւիկ­նե­րը իբր թէ “յե­ղա­փո­խա­կան օրէնք­նե­րով“ իրա­ւա­կան հիմք տուին պե­տու­թեան կու­սակ­ցա­կա­նա­ցու­մին, այն­պէս ալ յետ-խորհր­դա­յին տա­րա­ծաշր­ջա­նի ընդ­հա­նուր հո­սան­քին հետ քայլ պա­հե­լով` Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ղե­կին տի­րա­ցած նո­րա­յայտ ու­ժե­րը “սե­փա­կա­նա-շ­նոր­հե­ցին“… հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւնը:

Հա­յաս­տա­նի այ­սօր­ուան քա­ղա­քա­կան, հա­սա­րա­կա­կան եւ լայն առու­մով ազ­գա­յին տագ­նա­պին կի­զա­կէ­տը պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան այ­սօ­րի­նակ մաս­նա­ւո­րե­ցումն է:

Զար­մա­նա­լի չէ, որ պե­տու­թեան կու­սակ­ցա­կա­նա­ցու­մի պոլ­շե­ւիկ­եան բնոր­դը յան­գե­ցաւ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան մաս­նա­ւո­րե­ցու­մին ու սե­փա­կա­նաշ­նորհ­ման` նոյ­նինքն ռուս հա­սա­րա­կու­թեան յետ-խորհր­դա­յին կեան­քին մէջ:

Մի­եւ­նոյն օրի­նա­չա­փու­թիւնը ահա աւե­լի քան քսան տարիէ ի վեր իր հու­նով կ՛ա­ռաջ­նոր­դէ յետ-խորհր­դա­յին տա­րա­ծաշր­ջա­նի եր­կիր­ներն ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, նե­րառ­եալ Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւնը:

Մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը ըստ երե­ւոյ­թին ինք ալ հա­մա­կեր­պած է կա­տար­ուած իրո­ղու­թեան եւ ինչ­պէս Ռուս­իոյ Դաշ­նու­թեան, նոյն­պէս եւ անոր ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կից­նե­րուն (Հ.Հ.-ի օրի­նա­կով) նկատ­մամբ կը դիր­քո­րոշ­ուի` մեկ­նե­լով պե­տու­թեան “սե­փա­կա­նաշ­նոր­հում“ի փաս­տա­կան իրա­կա­նու­թե­նէն:

Աւե­լի՛ն. ինչ­պէս Ռուս­իոյ Դաշ­նու­թեան պա­րա­գա­յին, նոյն­պէս եւ Հ.Հ.-ի մէջ, նա­խա­գա­հա­կան իշ­խա­նու­թիւնը “սե­փա­կա­նա­ցու­ցած“ է կու­սակ­ցու­թիւն մը եւ “պե­տա­կա­նա­ցու­ցած“ է զայն, որ­պէս­զի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան պատ­րանք ստեղ­ծե­լու իր վար­քա­գի­ծը շա­րու­նա­կէ մին­չեւ վերջ… Մին­չեւ տա­պա­լու­մը ամէն իշ­խա­նու­թիւն իր մէջ կեդ­րո­նա­ցու­ցած նա­խա­գա­հա­կան ու­ժին: Հե­տե­ւա­բար, Հա­յաս­տա­նի մէջ աւար­տած չէ ընտ­րու­թեան ժա­մա­նա­կը:Պար­զա­պէս վա­րա­գոյ­րը իջած է սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին հա­ւա­քա­կան ուժն ու կամ­քը ար­հա­մար­հե­լու իբր թէ “ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան“ հեր­թա­կան բե­մադ­րու­թեան աւար­տին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles