«Երբ Չի Մնում Ելք Ու Ճար` Խենթերն Են Գտնում Հնար…»

Խորէն Փիլաւճեան
Հայերս այս սկզբունքով եւ այս ոգիով Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատներու վրայ մարտնչեցանք:
Եթէ այս գիտակցութեամբ եւ այս շունչով տոգորուած չըլլայինք, ապա պիտի չկարողանայինք կերտել Հայաստանի Ա․ Հանրապետութիւնը, որուն 108-ամեակը կը նշենք ընթացիկ տարուայ ողջ տեւողութեան ` Հայաստանի եւ Սփիւռքի մակարդակով:
Եթէ սոյն ոգիով գօտեպնդուած չըլլայինք` ապա պիտի չկարողանայինք դիմակայել Հայաստանը դարերով թիրախ դարձուցած թշնամիներուն` այս պարագային թուրքի ոտնձգութիւններուն:
Հայուն անպարտելի եւ անկոտրուն ոգիին դրսեւորման ականատեսը եղած ենք Մայիս ամսուայ ընթացքին։
Մայիսը հայերուս համար յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ան նախ նուիրուած է Տիրամօր եւ անոր ընդմէջէն հայ մօր: Քանզի սփիւռքեան անողոք պայմաններու մէջ, ուր ուծացման եւ անէացման վտանգը միշտ եւ ամէնուր սպառնացող գործօն եղած է` յորժամ հայ մայրը` յանձն առած է եւ կ’առնէ` իր երեխային հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու ազգանուէր եւ հայրենանուէր պարտականութիւնը կատարելը։
Մայիսին է, որ Հայոց պատմութեան լուսաւոր էջերը արձանագրուած են ` սկսած Աւարայրի ճակատամարտէն, ուր հայը կարողացաւ ո’չ ըսել` մարդուժով եւ զինուածութեամբ հայուն եռապատկող զրադաշտական Պարսկաստանի կրօնափոխութեան պարտադրանքին եւ նախընտրեց նահատակութեան պսակը կրել քան պարսիկներուն լուծին տակ մնալով ձուլուիլ` կարգախօս ունենալով` “Մահ ո’չ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ` անմահութիւն”-ը։
Միեւնոյն ոգին թեւածելով 15-դարեր ետք յայտնուեցաւ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերու մէջ։
Այս անգամ եւս համազգային էր պոռթկումը, ուր հայը վճռեց կամ’ բուռ մը հայրենի հողին տէր կանգնիլ եւ չդառնալ Հայրենազուրկ եւ թափառական ժողովուրդ, եւ կամ’ այս փոքրիկ տարածքն ալ կորսնցնելով` ազգովին ոչնչանալ:
Օրհասական այս պահին էր, որ թուրքը առաջին անգամ ըլլալով բախեցաւ հայուն մարտունակ ոգիին դէմ եւ ականատես եղաւ այն իրականութեանը, որ ի հարկին` հայը իր կեանքը կը զոհաբերէ` յանուն հայրենիքի փրկութեան:
Մէկ խօսքով` 28 Մայիս 1918-ին, ազգային արժանապատուութեան կռիւ էր, որ մղեց հայը։
Եթէ Հայկ Նահապետի ոգին չմարմնաւորուէր հայուն մէջ, ապա պիտի չկարողանայինք յաղթանակել եւ այդ պարագային` հայրենիք պիտի չկերտէինք։
1918 Մայիս 28-ին հռչակուած Հանրապետութեան արգասիքը` մենք քաղեցինք 1991 Սեպտեմբեր 21-ին` Հայաստանի Բ. Հանրապետութեան հռչակումով։
Սարդարապատէն` Հայաստանի Բ. Հանրապետութիւն կամրջող փառահեղ այս յաղթանակներու շնորհիւ է, որ սփիւռքահայերս վտարանդի մէջ ըլլալով հանդերձ`մեր գաղթօճախներուն մէջ կ’ապրինք ճակատաբաց։
Կը մնայ յուսալ, որ գեղեցիկ օր մը` վերատիրանանք մեր բռնազաւթուած Արցախին եւ մեր պայքարը` կապուած Արցախի հասնի իր տրամաբանական աւարտին:

