
Արեւմտահայ երաժշտական անունի գործիչներու եւ ընդհանրապէս 19րդ դարու երկրորդ կէսի հայ ականաւոր երգահաններու շարքին, Տիգրան Չուխաճեան կը գրաւէ իր արժանաւոր տեղը։ Ան՝ տուեալ շրջանի հայ առաջին մասնագէտ երգահանն էր, որ կը տիրապետէր ժամանակակից երաժշտական արուեստագիտութեան, հանդիսանալով միաժամանակ, հայկական առաջին օփերային հեղինակը, երաժշտական առաջին թատրոնի հիմնադիրն ու կազմակերպիչը արեւմտահայ իրականութեան եւ ընդհանրապէս ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։
Տիգրան Չուխաճեան ծնած է Պոլսոյ Բերա կոչուող արուարձանին մէջ 1837 թուականին։ Չուխաճեանի հայրը՝ եղած է արքայական պալատի ժամագործը, շփում ունեցած է պալատական շրջանակներու հետ, ինչպէս նաեւ եղած է նրբաճաշակ ու գեղարուեստասէր անձնաւորութիւն։ Տակաւին մանկութեան շրջանին իր զաւկին մօտ արուեստի հանդէպ սէր ու ընդունակութիւն նկատելով, ան՝ առանձին ուշադրութեամբ հետեւած է իր զաւկի երաժշտական դաստիարակութեան։ Չուխաճեան իր առաջին երաժշտական գիտելիքները ձեռք բերած է դպրոցէն, ուր այդ տարիներուն կը դասաւանդէր համբաւաւոր երաժիշտ Գաբրիէլ Երանեան։
Աւելի լայն եւ խոր երաժշտական գիտելիքներու համար, Չուխաճեանի առաջին քայլը դաշնամուրին տիրապետելն էր։ Արդարեւ իր հայրը հնարաւորութիւն ստեղծած է, իր ապագայ երգահանը երաժշտական դասերու հետեւի իտալացի երաժշտագէտ Մանձոնիի մօտ եւ այդ դասաւանդութեան շնորհիւ է որ 1861 թուականին Չուխաճեան կ`ընդունուի ուսանելու՝ Միլանի երաժշտանոցը։
Իտալիոյ մէջ Չուխաճեան հնարաւորութիւն ունեցած է ոչ միայն ձեռք բերելու մասնագիտական կրթութիւն, այլ օփերային թատրոններուն եւ համերգային սրահներուն մէջ ծանօթանալու՝ համաշխարհային երաժշտական մշակոյթի գլուխ գործոցներուն։ Այստեղ է որ ան խորապէս տարուած է Վերտիի օփերային ստեղծագործութիւններով, որոնք այնուհետեւ որպէս ուղեցոյց՝ առաջնորդած են Չուխաճեանի յօրինողական քայլերը։ Տիգրան Չուխաճեան երեք տարի ուսանած է Միլանի մէջ եւ այդ շրջանին սերտ կապ հաստատած է իր ծննդավայրի երաժշտական կեանքին հետ, գործօն մասնակցութիւն բերելով երաժշտական պարբերականներուն՝ տպագրելով իր առաջին երգերը։ Ան՝ եղած է “Քնար Հայկական“ ընկերութեան հիմնադիր անդամ, իսկ յետագային՝ խմբագիրներէն մէկը։
Չուխաճեան Միլանէն կը վերադառնայ 1864 թուականին, որպէս մասնագիտական կրթութեամբ պատրաստուած երգահան, հասարակական եռանդուն գործիչ եւ հայ ազգային երաժշտութեան ծառայելու պատրաստակամութեամբ տոգորուած մտաւորական։
Այս բոլորով հանդերձ, ան մտածած է աւելի ծաւալուն ստեղծագործութիւններու մասին։ Թովմաս Թէրզեանի գրած “Արշակ Երկրոդ“ իտալերէն բնագրի հիման վրայ, հեղինակած է իր առաջին օփերան, որպէս նիւթ ունենալով հայ ժողովուրդի պատմութեան 4րդ դարը, պարսկական բռնակալութեան դէմ՝ հայութեան մղած պայքարի շրջանը։
Ահա, Տիգրան Չուխաճեանի հեղինակութիւններէն նմոյշ մը՝ “Գարուն“ երգը։
Մեծ է Տիգրան Չուխաճեանի երաժշտական ժառանգութեան արժէքը, ան նոր դարագլուխ բացած է հայ երաժշտական պատմութեան մէջ։ Կերտած է այնպիսի գործեր, որոնք այսօր իսկ կը պահպանեն իրենց գեղարուեստական բարձր մակարդակը։
1898 թուականին, Չուխաճեան հիւանդանալով՝ կը մահանայ 61 տարեկանին։