
Շարունակելով ուշ միջնադարեան հայ աշուղական երաժշտութեան մեր ակնարկը, կանգ կ՛առնենք անդրադառնալու համար, ականաւոր ներկայացուցիչ` Սայեաթ Նովայի կեանքին ու ստեղծագործութեան:
Սայեաթ Նովան 18րդ դարու հռչակաւոր այն բանաստեղծնևերգահանն է, որն ասպարէզ իջաւ իր ինքնուրոյն արուեստով, ստեղծելու համար գուսանաևաշուղականութեան նոր աւանդոյթներ:
“Իր հանճարի ուժով ժողովրդական երգի արուեստը` վերածեց բանաստեղծի բարձր կոչման“:
Իրաւացիօրէն ըսած է, ռուս մեծ գրող եւ գրականագէտ Վալերի Բրիւսով: Սայեաթ Նովան հայ ընտանիքի զաւակ, ծնած է 1712 թուականին: Հայրը` Կարապետ, Հալէպցի է, մայրը` Սառան, Թիֆլիսցի:
Սայեաթ Նովան վաղ տարիքէն սիրած է արուեստը եւ երազած է աշուղ դառնալ: Հակառակ այն իրողութեան որ երիտասարդ հասակին ջուլհակութիւն սորված է, սակայն, ամբողջ ուժերը նուիրած է իսկական կոչման` ժողովրդական երգի ասպարէզին:
Աշուղական արուեստի պահանջներուն համաձայն, ան յօրինած է իր երգերուն բանաստեղծութիւնն ու երաժշտութիւնը, կատարելով զանոնք քամանչայի նուագակցութեամբ` երեք լեզուներով, հայերէն, վրացերէն եւ ատրպէյճաներէն: Ահա, իր ստեղծագործութիւններէն նմոյշ մը “Ես քու ղիմէթըն չիմ գիտի“:
Սայեաթ Նովան, գործունէութեան սկզբնական շրջանին արդէն համբաւի կը տիրանայ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ, որպէս երգիչևնուագածու: Հանճարեղ աշուղին համբաւը շուտով կը հասնի Վրաստանի Հերակլ 2րդ թագաւորին: Սայեաթ Նովան կը հրաւիրուի Վրաց արքունիք եւ շուտով կը դառնայ բոլորի սիրելին, թագաւորի պալատական երաժիշտ: Պալատական շրջանակի մէջ գտնուելով հանդերձ, ան չի մոռնար իր հարազատ ժողովուրդը: Այդ կապն ընգծած է հետեւեալ խօսքերով:
“Յիս մարտ մարդ իմ նամարտութիւն չիմ ուզի,
յիս ռամիկ իմ թաւատութին չիմ ուզի“:
Իր ժամանակի աշուղական արուեստի աւանդութիւններու հիման վրայ, Սայեաթ Նովան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ վերապահած է սիրոյ թեմային: Բանաստեղծին վիպային զգացումները գեղարուեստական, քնարական շարք մը հասուն մակարդակի յօրինումներու ազդակ հանդիսացած են: Միաժամանակ, Սայեաթ Նովան հաւատարիմ գտնուած է աշուղներու ընկալեալ սկզբունքներուն, հանդէս գալով որպէս ժողովուրդի դաստիարակ, պայքարելով բարոյական իտէալներու գործադրման համար: Բնորոշ են բանաստեղծին խօսքերն աշուղական արուեստի բարձր կոչման մասին: Ան կ՛ըսէ.և “Փորձուած վարպետներու մօտ ծառայ մըն եմ“…:
Բացայայտ է որ Սայեաթ Նովայի ստեղծագործութեան ուժը, նախ եւ առաջ իր բանաստեղծական տաղանդին մէջ է: Այդուհանդերձ, բանաստեղծին ներշնչումներն ու ձգտումները մարդոց գիտակցութեան մէջ արձագանգ չէին գտներ, եթէ արտայայտուած չըլլային գեղարուեստական բարձր ճաշակով:
Սակայն, կեանքի վերջին տարիներուն, Սայեաթ Նովան վանական կը դառնայ: Իր կեանքը ողբերգականօրէն վերջ կը գտնէ: Երբ պարսկական աղա Մահմուտ խանը կը գրաւէ եւ կ՛աւերէ Թիֆլիս քաղաքը: Այդ միջոցին կը զոհուի Սայեաթ Նովան 1795 թուականին: