
Ամփոփելով մեր ակնարկը, ուշ միջնադարեան հայ ականաւոր աշուղ Սայեաթ Նովայի կեանքին ու գործունէութեան մասին, կը յանգինք այն մտքին, որ ան եղած է ոչ միայն իր ժամանակի ամենանշանաւոր աշուղը, այլ նաեւ նոր ոճի հիմնադիրը` հայ գրականութեան ճամբով:
Զարգացած աշուղական արուեստին մէջ, մեղեդին ընթացք կ՛առնէ երգային եւ արտասանական սկզբունքներով: Այս երկու ձեւերն ալ ծանօթ էին հայերուն, ինչպէս կը նկատուի գեղջկական եւ գուսանական ստեղծագործութիւններուն մէջ:
Սակայն, անկախ այն ձեւէն` թէ մեղեդին երգային է կամ արտասանական, իր զարգացման ընթացքին, ան կ՛ենթարկուի աշուղական բանաստեղծութեան հանդիսաւոր բնոյթին: Իւրաքանչիւր տան մեղեդին սովորաբար կը սկսի բարձր եւ լարուած եղանակով, յետոյ կ՛անցնի միջին եւ ապա ցած մակարդակի: Օրինակ, Սայեաթ Նովայի “Դու էն գլխէն“ երգը:
Այսպիսի տրամադիկ-թատերական ձեւերու հետ միասին, աշուղական` մանաւանդ աւելի ուշ երաժշտութեան մէջ, կը հանդիպինք նաեւ համեմատաբար աւելի “հանգիստ“ ձեւերու, իրենց երգային բնոյթով աւելի մօտիկ գեղջկական երգերուն:
Ձայնաշարի ընտրութեան մէջ, աշուղները հետեւած են, գուսաններու եւ տաղերգուներու թողած աւանդութեան, օգտագործելով թէ՛ գեղջկական երգի պարզ ձայնաշարերը եւ թէ՛ ընդհանուր արեւելեան ձեւերը, որոնք շատ յարմարած են, քնարական զեղումներ կամ` հոգեկան յուզումներ արտայայտելու համար:
Սայեաթ Նովայի եւ իր հետեւորդներու ստեղծագործութեան համար, աւելի բնորոշ են երկրորդ խումբի, այսինքն արեւելեան ձայնաշարերը, իսկ յետագային` 19րդ եւ 20րդ դարագլուխի աշուղները, մեծ մասամբ դիմած են գեղջկական երաժշտութեան պարզ ձայնաշարերուն:
Իսկ, Սայեաթ Նովայի ինքնուրոյն ստեղծագործութիւնները, հեշտօրէն կարելի է զանազանել միւսներէն` իրենց որոշակի մեղեդիականութեամբ, որը այլ աշուղներու մօտ դրսեւորուած չէ:
Սայեաթ Նովայի մեղեդիները կու գան քաղաքային երաժշտութեան տարբեր ակունքներէն` ժողովրդական երգէն, նախորդ շրջանի գուսաններու եւ տաղերգուներու երաժշտութենէն: Սայեաթ Նովայի երաժշտական ստեղծագործութեան նպատակը եղած է, ժողովուրդին մէջ արմատացած մեղեդիական ոճը յարմարեցնել իր բանաստեղծութեան:
Այդ երաժշտութիւնը միւս հայ աշուղներու ստեղծագործութեան հետ միասին, մինչեւ մեր օրերը, հայ ունկընդիրներու լայն խաւին կողմէ մեծ ոգեւորութեամբ կ՛ընկալուի: Ահա, թէ ինչու Սայեաթ Նովայի եւ իր դպրոցի մշակած երաժշտական-արտայայտչական միջոցները, հաճութեամբ կ՛օգտագործուին հայ երգահաններու կողմէ:
Այդուամենայնիւ, միջնադարու հայկական երաժշտական մշակոյթի էական կորիզը կազմող գեղջկականին կը միանան ժողովրդականը, հոգեւորը, գուսանականը, եւ աշուղականը, որոնք դարերու ընթացքին զարգանալով իրենց անդրադարձն ունեցած են ժողովուրդի պատմական գոյութեան եւ կեանքին վրայ: